ՆԱԽԱՐԱՐ ԵՐԼԻՔԱՅԱ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ
Երէկ, ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Իրեն կ՚ընկերանար Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։ Նախարարը, որ այցելած էր յունաց հիւանդանոց, դուրս գալէ վերջ անցաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։
Նախարար Ալի Երլիքայա առաջնորդուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի մօտ։ Շիրինօղլու միջոցէ մը ի վեր դարմանման տակ կը գտնուի եւ այս կապակցութեամբ Ալի Երլիքայա արագ ապաքինման եւ կատարեալ առողջութեան մաղթանքներ յղեց իրեն։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք եւ իրենց գործակից ընկերները։ Նախարարին ընկերացան Զէյթինպուրնուի գաւառապետ տքթ. Ատէմ Ուսլու եւ քաղաքապետ Էօմէր Արըսոյ։ Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կարծիքի փոխանակումներ ունեցան երկրի օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ։
