ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Սուրիոյ ճգնաժամը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Այս տագնապի յաղթահարման առաջադրութեամբ խտացեալ ջանքեր կը գործադրուին յառաջատար դերակատարներուն կողմէ։ Երէկ Վիեննայի մէջ ալ ծաւալուն աշխատանք մը կատարուեցաւ այս ուղղութեամբ։ Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով տեղի ունեցան կարեւոր բանակցութիւններ՝ զանազան ձեւաչափերու մէջ։ Օրուան տեւողութեան տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասնակցեցան Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգններու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով եւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ատիլ Էլ Ճուպէյր։
Վիեննայի «Էնփերիալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցան դռնփակ բանակցութիւնները, որոնք օրուան սկիզբին մեկնարկեցին Ճոն Քերիի եւ Սէրկէյ Լաւրովի մէկտեղումով։ Աւելի վերջ եռակողմանի խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Սինիրլիօղլուի, Քերիի եւ Էլ Ճուպէյրի մասնակցութեամբ։ Իսկ յետմիջօրէին անոնց միացաւ նաեւ Լաւրով։ Իր երեք պաշտօնակիցներուն միանալէ առաջ Լաւրովն ալ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարար Նասըր Ճուտէհի հետ։ Ի լրումն այս բոլորին, Վիեննայի մէջ հանդիպեցան նաեւ Սինիրլիօղլու եւ Լաւրով։ Սինիրլիօղլու առանձին զրուցեց նաեւ Էլ Ճուպէյրի հետ։
Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսաստան եւ Յորդանան համաձայնած են զինուորական գետնի վրայ համագործակցելու եւ իրենց գործունէութիւնը համակարգելու ուղղութեամբ։ Ռուս նախարարը Վիեննայի մէջ յայտնեց նաեւ, թէ Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ քաղաքական գործընթացը վերակենդանացնելու նպատակով հիմք պէտք է ընդունիլ 2012 թուականի բանակցութիւններէն վերջ հրատարակուած Ժընեւի զեկոյցը։ Լաւրով աւելցուց, թէ այս նիւթին շուրջ կողմերը համակարծիք են։
Իր կարգին Էլ Ճուպէյրն ալ նշեց, թէ լուծման ջանքերու հիմքին պէտք է գտնուի Ժընեւի զեկոյցը, սակայն ըստ իրեն, Ռուսաստանի հետ կը շարունակեն տարակարծութիւններ ապրիլ՝ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի քաղաքական ապագային առընչութեամբ։
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ յայտարարեց, թէ ահաբեկչական գործողութիւնները մարտահրաւէր կը համարուին ամբողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան համար։ Ան յիշեցուց, թէ հայերը կը բնակին Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր երկիրներուն մէջ՝ կազմելով բազմազգ, բազմակրօն խճանկարի անբաժանելի մասը։ Նախարարը յիշեցուց, որ Սուրիոյ ճգնաժամին հետեւանքով միայն այդ երկրէն Հայաստան ընդունած է 17 հազար փախստական։ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայկական համայնքներու, ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրը մեզի համար մշտական անհանգստութեան առիթ է», ընդգծեց Եդուարդ Նալպանտեան ու կարեւորեց Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ձեռք բերուած միջազգային համաձայնութիւնը, որովհետեւ այդ երկրի տնտեսութեան զարգացումը էականօրէն պիտի փոխէ իրավիճակը ամբողջ տարածքաշրջանէ ներս։