ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԷՋ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՂԻ ՆՈՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ ՊԻՏԻ ԹԵԼԱԴՐԷ
Անցնող օրերուն արաբական մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներ կարեւոր մանրամասնութիւններ կը փոխանցեն Ռուսաստանի Սուրիոյ մէջ սկսած զինուորական միջամտութեան ընդհանուր գործընթացին մասին: Անոնք կը հաղորդեն, որ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատմիր Փութին անցնող Յուլիսէն սկսեալ մէկէ աւելի անգամներ ընթացող զարգացումներուն եւ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն ունեցած ծանր կորուստներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք վճռած է մտնել պատերազմական դաշտ: Բոլորին յայտնի է, որ մինչեւ սուրիական պատերազմին մասնակցիլը Ռուսաստանի համար գերագոյն խնդիրը իր զինուորական՝ Թարթուսի եւ Լաթաքիոյ զինուորական խարիսխներուն պաշտպանութիւնն էր: Տեղի ունեցած մարտերուն զուգընթաց Մոսկուա բաց կը պահէր իր դռները Սուրիոյ ընդդիմութեան տարբեր հատուածներուն, բայց մանաւանդ սիւննի աշխարհի թիւ մէկ բանբեր համարուող Ռիատի առաջ: Այս քաղաքական խմորումները ապարդիւն էին, որովհետեւ տագնապին առընչուող երկու հիմնական կողմերը, այսինքն Իրան եւ Սէուտական Արաբիա կը մնային անզիջող եւ իրենց համար գերագոյն հարցը Էսատի իշխանութեան աթոռին վրայ մնալ-չմնալն էր: Քաղաքական այս իրադրութեան մէջ քիչ չէր թիւը այն դէտերուն, որոնք իրավիճակին սառած մնալը կը վերագրէին մէկ կողմին միւս կողմին դէմ տանելիք հաւանական զինուորական յաղթանակի մը երեւան գալով: Այստեղ յաղթանակ բառը պէտք է առնել չակերտներու մէջ, որովհետեւ հակամարտող բոլոր կողմերը հաւասարապէս չկրցան իրական յաղթանակներ գրանցել: Անցնող Յուլիսին երբ Իրանի հոգեւոր առաջնորդը կարեւոր նախաձեռնութամբ մը հանդէս կու գար եւ «Ալ Քուտս» փաղանգի գլխաւոր հրամանատարը կ՚առաքէր Մոսկուա: Իրանի առաջնորդը միշտ չէ, որ նման նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գար եւ անոր այս շարժումը կարեւոր ցուցանիշ մըն էր, որ «դանակը հասած էր ոսկորին»: Այդ այցէն անմիջապէս ետք է նաեւ, որ Սուրիոյ նախագահը ճառ մը կ՚արտասանէր Դամասկոսի «Ժողովրդային պալատ»ին մէջ, ուր բացայայտօրէն կը խօսէր իր բանակի «որոշ յոգնածութեան» մասին: Խորքին մէջ այս պատգամը ուղղուած էր Ռուսաստանին, որովհետեւ ցարդ իրանեան զօրքերու եւ «Հիզպուլլահ»ի մասնակցութիւնը ընթացող պատերազմին չէին կրցած դրական տեղաշարժ մը կատարել՝ ի նպաստ կառավարական ուժերուն: Հակառակ այս բոլորին, Փութին նոյնպէս վերահասու կը դառնար, որ Սուրիոյ կարեւորագոյն հատուածները կը շարունակեն մնալ Պեշար Էսատի իշխանութեան տակ: Ու այդպէս էր, որ կը հիմնուէին զինուրական գործողութիւններու յատուկ կեդրոններ Ռուսաստան-Իրան-Սուրիա եռակողմ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը հնարաւորինս արդիւնաւէտ դարձնելու համար:
Ռուսական զօրքերուն առաջին գործողութիւններու հետ համընթաց արեւմտեան երկիրներ եւ Միացեալ Նահանգներ ծանրօրէն կը մեղադրէին Փութինը, սակայն անոնց քննադատութիւնները կը մնային խօսքի սահմաններուն մէջ:
Փութին նաեւ լաւ կը հասկնայ իսլամական աշխարհի տարբեր նրբերանգները: Այդ առումով մէկէ աւելի ռուս պատասխանատուներ կը յայտարարէին, թէ իրենք չեն եկած մտնելու սիւննի-շիի հակամարտութեան մէջ, այլ իրենց նպատակն է կռուիլ ու կոտրել ահաբեկիչներուն ողնաշարը: Ըստ ռուս զինուորական պատասխանատուի մը, ռուսական օդային հարուածները պիտի շարունակուին յառաջիկայ չորս ամիսներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ այդպէսով չէզոքացնել ահաբեկիչները եւ կարեւոր հարուածներ տալ Հալէպի, Իտլիպի, Ժըսր Ալ Շուղուրի եւ Հոմսի մէջ: Այդպէսով ռուսական կողմը առիթ պիտի տար կառավարական ուժերուն նախ իր ուժերը վերադասաւորել եւ ապա անցնիլ ցամաքային գործողութեանց:
Երեւելի է նաեւ քաղաքական բեմահարթակին վրայ ռուսական կողմին նախաձեռնութեան սանձը իր ձեռքին մէջ պահելու փաստը: Ու այս խօսքին ամենէն ուրոյն ապացոյցը Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ սկիզբ առած քառակողմ բանակցութիւններու սեղանն է: Համաժողովը կը կարեւորուի, որովհետեւ գրեթէ տարիէ մը աւելի Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները կը նստին նոյն սեղանին շուրջ, քննարկելու համար տագնապին յարմար լուծումներ որոնելու ձեւերը:
Այս բոլորը կը կատարուին մինչ Սուրիոյ ազգային բանակի գրոհները կարեւոր յաջողութիւններ կը գրանցեն յատկապէս Հալէպի հարաւային եւ արեւելեան հատուածներուն մէջ:
Արաբական գետնի վրայ հակառակ անոր, որ Ռիատ կը շարունակէ մնալ անզիջող իր դիրքերուն մէջ, մեծ անակնկալ մը պէտք չէ համարել, եթէ Գահիրէի կառավարութիւնը որոշէ զինուորական ջոկատներ Սուրիա ուղարկել: Բացորոշ է, որ Եգիպտոսի նախագահը ամէն գնով համաձայն է ռուսական քայլերուն ու այս առումով, անոր եգիպտական բաժանարար զօրքեր Սուրիա առաքելու մասին որոշում մը աւելիով կը զօրացնէ ռուսական միջամտութիւնը, ընդհանուր իրավիճակին տալով նաեւ համաարաբական համաձայնութեան մը շեշտադրումը:
Ռուսաստանի համար կարեւոր է շահիլ սիւննի աշխարհին զօրակցութիւնը եւ այս առումով երեւելի է նաեւ Յորդանանի թագաւորին պատրաստակամութիւնը, որ վերջին օրերուն մէկէ աւելի առիթներով բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ Ամման Սուրիոյ խնդրին առթիւ պատրաստ է ամբողջական գործակցութիւն ունենալ Մոսկուայի հետ:
Սիւննի աշխարհին հետ իր կապերը ամրագրելու համար եղած առաջին փորձերէն ետք Ամմանի ու ապա Գահիրէի «այո»ն ունենալով Մոսկուայի համար կը մնայ Ռիատի հետ լեզու գտնելու խնդիրը: Ու հոն նաեւ զարմանալի չէ, որ Սէուտական թագաւորութիւնը առանց մեծ աղմուկի կեցուածքի կարեւոր փոփոխութիւններ ընէ, խուսափելով «խաղին մէջ» առանձինն մնալու մտավախութենէն: Անշուշտ այս բոլորը երկար ժամանակի կը կարօտին եւ կրնան պատահիլ միայն, երբ Սուրիոյ մէջ որեւէ գետին ամբողջութեամբ կ՚անցնի սուրիական ուժերու տիրապետութեան տակ:
Քաղաքական շփումներու ֆոնին կարեւոր է նաեւ նկատել ռուսական կողմին ՄԱԿ-ի հանդէպ ունեցած դրական շեշտադրումը: Տագնապի առաջին օրէն իսկ Մոսկուա տարբեր առիթներով խօսած է սուրիական տագնապը ՄԱԿ-ի ընդհանուր շրջագծին մէջ լուծելու կարեւորութեան մասին: Ու երբ սուրիական կառավարութիւնը տարբեր առիթներով ծանր քննադատութիւններ հնչեցուցած է Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի մէկէ աւելի պատուիրակներու հասցէին, Մոսկուա մնացած է ամուր իր դիրքերուն մէջ եւ յայտարարած՝ որ տագնապը պէտք է լուծուի միայն ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ:
Մոսկուա նաեւ այս առումով լաւ կը հասնկայ «խաղին օրէնքները»: Ու աներեւակայելի չէ, որ սուրիական տագնապին հանգուցալուծումով պիտի կարողանայ յաւելեալ մեծ դեր վերցնել եւ դառնալ արաբական աշխարհի «նոր իրաւարար»ը:
Միջին Արեւելքի խաղաթուղթերու կարեւոր մէկ բաժինը այսօր Մոսկուայի ձեռքն է եւ այս ձեռքբերումը նուիրականացած է ոչ միայն Փութինի ուժեղ եւ կեդրոնական իշխանութեամբ, այլ նաեւ Արեւմուտքի ու յատկապէս Ամերիկայի Միջին Արեւելքի մէջ ունեցած ոչ-անտեսելի ձախողութիւններով ու նահանջով:
Կայ նաեւ այլ մօտեցում մը. ըստ որուն Մոսկուայի նախաձեռնած Վիեննայի այս ժողովը, ինչպէս նախօրօք կատարուած այլ ժողովներ, եթէ նոյնիսկ ձախողի, այդ մէկը ոչինչ կը փոխէ գետնի վրայ: Ճակատումները կրնան շարունակուիլ եւ արիւնահեղումը եւ ահաբեկիչներու դէմ սկիզբ առած գործողութիւնները կրնան դառնալ աւելի համատարած: Սակայն մէկ բան յստակ է, որ սուրիական խաղը առաջուան հունին մէջ չէ: Նոր խաղացողը, որ Մոսկուան է, անպայման պիտի պարտադրէ իր կամքը, իսկ եթէ այդ մէկը դժուարանայ, առնուազն յստակ է, որ ոչ ոք կրնայ շրջանցել անոր հիմնարար դերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան