ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏԺԻ ՊԱՀԱՆՋ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի մա­հա­փոր­ձի հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով պատ­րաս­տուած նոր մե­ղադ­րա­կա­նին մէջ ծան­րա­գոյն պա­տի­ժը պա­հան­ջուե­ցաւ եր­կու նախ­կին ոս­տի­կա­նա­պետ­նե­րու՝ Ռա­մա­զան Ա­քեիւ­րէ­քի եւ Ա­լի Ֆուատ Եըլ­մա­զէ­րի պա­րա­գա­յին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին մէջ հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րուն ու­նե­ցած դե­րը լու­սա­բա­նե­լու հա­մար վեր­ջերս սկսած էր նոր հար­ցաքն­նու­թիւն մը։ Դա­տա­խա­զին կող­մէ պատ­րաս­տուած ամ­բաս­տա­նա­գի­րը Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ նախ հա­մա­րուած էր սրբագ­րու­թեան կա­րօտ։ Հա­մա­կար­գա­յին թեք­նիկ ման­րա­մաս­նու­թե­նէ մը յա­ռա­ջա­ցած այդ անհ­րա­ժեշ­տու­թե­նէն վերջ ար­դէն դա­տա­խա­զու­թիւ­նը հաս­տա­տած էր պատ­րաս­տուած նոր ամ­բաս­տա­նա­գի­րը, ո­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը այ­սօր լոյս տե­սած են զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ Թեր­թե­րը ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րեն, թէ Անվ­տան­գու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բաժ­նի նախ­կին ղե­կա­վար Ռա­մա­զան Ա­քեիւ­րէ­քի եւ նոյն­պէս լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Ա­լի Ֆուատ Եըլ­մա­զէ­րի պա­րա­գա­յին պա­հան­ջուած է ծան­րա­գոյն պա­տի­ժը՝ ցկեանս ծանր ա­զա­տազր­կում։ Այդ շրջա­նի Իս­թան­պու­լի անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէն Ճե­լա­լետ­տին Ճեր­րա­հի եւ Անվ­տան­գու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Սապ­րի Ու­զու­նի պա­րա­գա­յին վեց տա­րի ա­զա­տազր­կում պա­հան­ջուած է՝ պաշ­տօ­նի չա­րա­շահ­ման մե­ղադ­րան­քով։

Էն­կին Տին­չի, Րե­շատ Ա­թա­լա­յի եւ Ահ­մէտ Իլ­հան Կիւ­լէ­րի նման յա­ռա­ջա­տար ա­նուն­ներն ալ պի­տի դա­տուին մին­չեւ 25 տա­րի ա­զա­տազրկ­ման պա­հան­ջով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2015