ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔԻ ԱՆՑԱՒ

Հայաստանի դատական իշխանութիւնները ներկայ տարեմուտին փոփոխութեան ենթարկեցին բանտարկեալ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի կալանքի ձեւը։ Այսպէս, Ամանորի ընդառաջ ան դուրս եկաւ բանտէն եւ իր պարագային սահմանուած տնային կալանքին պիտի ենթարկուի այսուհետեւ։ Թէեւ Հանրապետութեան աւագ դատախազութիւնը որոշած է բողոքարկել այս որոշումը, սակայն, Սամուէլ Կարապետեան հնարաւորութիւն ունեցաւ Նոր տարին դիմաւորելու իր բնակարանին մէջ, ընտանիքին հետ։

Հայաստանէ ներս յառաջացած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ ձերբակալուած էր Սամուէլ Կարապետեան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ակնյայտ թիրախաւորման պայմաններուն ներքեւ ան հրապարակաւ զօրակցութիւն յայտնած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։ Այդ քայլէն անմիջապէս վերջ Սամուէլ Կարապետեան իշխանութիւններու ակնյայտ պատուէրով բանտի ճաղերու ետին յայտնուած էր՝ իրեն հասցէագրուած զանազան անբաստանութիւններով հանդերձ։ Դատավարութիւններուն ժամանակ Սամուէլ Կարապետեան մերժած է եւ կը շարունակէ մերժել այդ բոլոր մեղադրանքները։

Այժմ, թէեւ Սամուէլ Կարապետեանի պարագային դատական գործընթացը ամբողջութեամբ չէ աւարտած, սակայն, ան գոնէ տնային կալանքի ենթարկուած է։ Իր բանտարկութիւնը ամիսներէ ի վեր շատ լայն արձագանգ եւ պոռթկում ստեղծած է։ Սամուէլ Կարապետեան հոծ բազմութեան մը սիրոյ արտայայտութիւններուն առարկայ դարձաւ, երբ կալանավայրէն իր բնակարանը կը վերադառնար։ Իր բանտարկութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի մէջ այս տարի նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած էր նաեւ «Մեր ձեւով» ընդդիմադիր շարժումը։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026