ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ վէճ մը՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Օր­թա­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­կէ­տէր Շա­հին­կէօ­զի մի­ջեւ։ Հա­կուած չենք ապ­րուա­ծը չա­փա­զան­ցե­լու կամ մեկ­նա­բա­նե­լու, բայց նաեւ ան­տե­սե­լու։ Բնա­կա­նա­բար շատ ա­ւե­լի նա­խընտ­րե­լի կրնար ըլ­լալ, ե­թէ հան­դի­սա­ւոր հա­մայն­քա­յին հա­ւա­քոյ­թի մը եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին չապ­րուէր նման ի­րա­դար­ձու­թիւն մը, ո­րով­հե­տեւ լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը դժուար թէ դրա­կան լու­ծում­նե­րու գե­տին պատ­րաս­տեն մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։

Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի նման փոր­ձա­ռու եւ նրբան­կատ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ մը կրնար չնա­խընտ­րել Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի խօս­քը ընդ­հա­տել։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ, որ իր ե­լոյթ­նե­րուն մէջ միշտ կը շեշ­տէ հա­մայն­քին միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը, կրնար թէ­կուզ ա­ւե­լի տար­բեր բա­նա­ձե­ւում­նե­րով ար­տա­յայ­տուիլ։ Բո՛ւն խնդի­րը, ան­շուշտ, որ այս մէ­կը չէ։ Ե­թէ մէկ կողմ թո­ղունք ձե­ւա­կա­նու­թիւ­նը, ի՞նչ պատ­կեր կայ մեր աչ­քին առ­ջեւ։ Ըն­տա­նե­կան կեան­քի մէջ իսկ կրնան ապ­րուիլ պոռթ­կում­ներ, հե­տե­ւա­բար ե­րէ­կուան վէ­ճին տագ­նա­պի մը բնոյթ վե­րագ­րե­լը ա­նի­մաստ է։ Մնաց, որ այս հա­մայն­քին մէջ խորհր­դակ­ցա­կան բա­ւա­րար մի­ջոց­ներ ալ գո­յու­թիւն չու­նին, որ­պէս­զի զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ կա­տա­րուին ա­ռողջ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ, ինչ որ կրնայ միան­շա­նակ կան­խել վար­չա­կան հար­ցե­րու շուրջ լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կու­տա­կու­մը։

Թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս այ­սօր կը խո­րա­նայ փա­կու­ղի մը։ Ա­նար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վա­րիչ­ներ ազ­դե­ցու­թեան պայ­քար կը մղեն ի­րա­րու մի­ջեւ, կամ ա­ւե­լի ճիշ­դը՝ ի­րա­րու դէմ։ Մար­դիկ ի­րա­րու դէմ աս­պա­րէզ կը կար­դան, զի­րար հա­շուե­յար­դա­րի կ­­՚են­թար­կեն անխ­նա­օ­րէն։ Ո՛չ մէ­կը մե­ղա­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ կա­թուա­ծա­հար դրու­թեան մը ճի­րան­նե­րուն մէջ կը տա­ռա­պին ան­յոյս, սա­կայն նաեւ բո­լո­րը մե­ղա­ւոր են, ո­րով­հե­տեւ հա­մա­խումբ ու ներ­դաշ­նակ ձե­ւով կամք չեն դրսե­ւո­րեր այդ դրու­թիւ­նը բա­րե­փո­խե­լու եւ այդ­պէ­սով ալ ներշն­չուե­լու, լից­քա­ւո­րուե­լու հա­մար։

Այ­սօր մեր վար­չա­կան փա­կու­ղիին հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րէն մին հետզ­հե­տէ կը բիւ­րե­ղա­նայ հան­րա­յին կար­ծի­քի աչ­քին առ­ջեւ, իր զա­նա­զան դրսե­ւո­րում­նե­րով։ Ար­դա­րեւ, մեր մար­դու­ժի կու­տա­կուած շրջան­նե­րու վար­չա­յին­նե­րուն տնօ­րի­նած մի­ջոց­նե­րը շատ սահ­մա­նա­փակ են, իսկ հայ­կա­կան բնակ­չու­թե­նէ նօս­րա­ցած շրջան­նե­րու վա­րիչ­նե­րը շատ ա­ւե­լի հսկա­յա­կան հարս­տու­թեան մը ղե­կա­վար­ման պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած են։ Բնա­կա­նա­բար, ե­թէ հա­մայն­քէն ներս նպա­տա­կաս­լաց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ու ազ­նիւ զօ­րակ­ցու­թեան մը մթնո­լոր­տը գո­յու­թիւն ու­նե­նար, ա­պա այ­սօ­րուան նման սուր հար­ցեր չէին ծա­գեր։ Սա­կայն, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այդ ե­րա­նե­լի մթնո­լոր­տին ձե­ւա­ւո­րու­մը այս պա­հու դրու­թեամբ չա­փա­զանց լա­ւա­տե­սու­թիւն, նոյ­նիսկ միամ­տու­թիւն կը հա­մա­րուի, ա­պա առ­կայ պայ­ման­նե­րը ծնունդ կու տան հա­կա­սու­թիւն­նե­րու։ Այդ հա­կա­սու­թիւն­նե­րը մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը բար­դա­նան, կը ճիւ­ղա­ւո­րուին ու կը խո­րա­նան ակն­յայ­տօ­րէն։ Հա­մայն­քէն ներս յա­ռա­ջա­ցած բե­ւե­ռա­ցում­նե­րը սպառ­նա­լի­քի հա­մա­զօր ե­րե­ւոյթ­նե­րու եզ­րին կը հաս­նին։ Ազ­գի հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ու­նե­ցա­ծը եւ չու­նե­ցա­ծը կա­րե­լի չ՚ըլ­լար հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մը մէջ դնել։ Որ­պէս հե­տե­ւանք՝ ու­նե­ցո­ղին ու­նե­ցա­ծը սկսած է աչ­քի փուշ դառ­նալ չդի­մագ­րա­ւուած կամ ան­տե­սուած կա­րիք­նե­րու կէ­տին վրայ։ Ո՛ւր կրնայ հաս­նիլ մեր հա­մայն­քը այս­պէս։ Մեր վա­րիչ­նե­րը, ո­րոնք բո­լո­րը ի­րենց ան­կիւն­նե­րուն լուրջ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով կ­­՚աշ­խա­տին, որ­պէս հա­ւա­քա­կան ար­դիւնք պի­տի յօ­ժա­րի՞ն այս ա­նե­լին։ Սա մի­թէ ար­դա՞ր ե­րե­ւոյթ մըն է մեր ժո­ղո­վուր­դին տե­սա­կէ­տէ, որ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր գեր­մարդ­կա­յին ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ իր նախ­նի­նե­րէն ժա­ռան­գած հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ցան­ցը կան­գուն պա­հե­լու հա­մար։

Հա­մայն­քէն ներս, զար­մա­նա­լիօ­րէն, վար­չա­կան գետ­նի վրայ եր­բեմն կռուախն­ձոր կը դառ­նան ա­շա­կերտ­նե­րը, եր­բեմն կա­լուած­նե­րը, եր­բեմն նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը, եր­բեմն ալ ե­րաժշ­տա­պե­տի մը պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան վայ­րը։ Լա՞լ, թէ խնդալ...

Մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս այն­պի­սի ե­րե­ւոյթ­ներ կ­­՚ապ­րուին, որ իս­կա­պէս ջլա­տիչ կը հա­մա­րուին բո­լո­րին տե­սան­կիւ­նէն։ Ա­մե­նա­վառ օ­րի­նա­կը, դար­ձեալ, կրթա­կան գետ­նի վրայ աչ­քի կը զար­նէ։ Սա երկ­րորդ տա­րին է, որ պե­տու­թիւ­նը օ­ժան­դա­կու­թիւն կը տրա­մադ­րէ թրքա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար։ Այս յատ­կա­ցում­նե­րը, ո՛վ, ի՛նչ կ­­՚ու­զէ թող ը­սէ, պիւտ­ճէի անս­պա­սե­լի ու լուրջ մուտք մը կը բնո­րո­շեն հա­մա­կար­գի ընդ­հա­նու­րին տե­սան­կիւ­նէն։ Այ­սինքն, յա­ւե­լեալ մի­ջո­ցի մը, հնա­րա­ւո­րու­թեան մը տի­րա­ցած են մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց վա­րիչ­նե­րը ե­թէ նուա­զա­գոյն հե­ռա­տե­սու­թիւն մը ցու­ցա­բե­րեն, ա­պա կրնայ շատ ա­ւե­լի տար­բեր հա­մայ­նա­պատ­կեր մը ստեղ­ծուիլ պիւտ­ճէի բա­ցե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Ե­կուր-տես, որ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ ծայ­րա­յեղ տակ­նուվ­րա­յու­թիւն մը կ­­՚ապ­րուի։ Սա տե­ղի կու տայ տկա­րու­թիւն­նե­րու, խո­ցե­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րու։ Պե­տա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լու­թեան մը վե­րա­ծե­լու կա­րո­ղու­թե­նէն հե­ռու են մար­դիկ, ա­ւե­լի՛ն, վեր­ջին շրջա­նին կար­ծես գան­գա­տի մը, դժգո­հու­թեան մը ա­լի­քը բարձ­րա­ցած ըլ­լար... Այն աս­տի­ճան, որ ըստ զա­նա­զան լսում­նե­րու, պատ­կան պաշ­տօ­նա­կան շրջա­նակ­նե­րը այս տա­րուան յատ­կա­ցում­նե­րը սահ­մա­նե­լէ ա­ռաջ կա­րի­քը զգա­ցած են հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն կար­ծի­քը շօ­շա­փե­լու, թէ օ­ժան­դա­կու­թիւն ստա­նա­լու փա­փա­քը իս­կա­պէս ու­նի՞ն, կամ ոչ։ Ին­չո՞ւ այս­քան սի­րո­ղա­կան վի­ճակ­նե­րու մատ­նուիլ։

Այ­սօր հա­մայն­քին մօտ ա­մէ­նու­րեք կը խօ­սուի, թէ պե­տա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րէն վերջ՝ մեր դպրոց­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն ծնող­նե­րը էա­պէս նուա­զե­ցու­ցած են ի­րենց նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րուն հա­մե­մա­տու­թիւ­նը։ Այդ մաս­նակ­ցու­թեան բաժ­նին նուա­զու­մը ա՛լ ա­ւե­լի դժուա­րա­ցու­ցած է հար­ցը։ Պատ­ճա­ռը այն է, որ մեր վար­ժա­րան­նե­րու պիւտ­ճէի բա­ցե­րը կը հա­շուար­կուէին այդ նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րուն հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ո­րոշ մա­կար­դա­կի մը վրայ նա­խա­տե­սե­լով եւ յատ­կա­ցում­ներն ալ ե­ղած են ըստ այդմ։ Սա­կայն երբ ծնող­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան ի­մաս­տով կան­խա­տե­սում­նե­րը ձա­խո­ղած են լրջօ­րէն, ա­պա նիւ­թա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րը մնա­ցած են նոյն ծան­րու­թեամբ։

Հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը այս հար­ցը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րե­լու ժա­մա­նակ նախ եւ ա­ռաջ պէտք է խու­սա­փին գան­գա­տի տպա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­լէ։ Փո­խա­րէ­նը՝ դպրոց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը հա­րիւր տո­կոս ար­դար են՝ ա­հա­զանգ հնչեց­նե­լով մեր կրթօ­ճախ­նե­րու «ազ­գա­յի՛ն» բնոյ­թի կե­ղեք­ման դէմ, ո­մանց կող­մէ։ Սա­կայն, ա­նոնք, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, դէմ յան­դի­ման կը գտնուին հար­ցե­րուն լու­ծում գտնե­լու, լուծ­ման ա­ռա­ջարկ­ներ յղա­նա­լու ստի­պո­ղու­թեան։

Մեր հա­մայն­քի հրա­տապ խնդիր­նե­րը դժուար թէ լու­ծուին ա­նոր վա­րիչ­նե­րու պոռթ­կու­մի սաստ­կու­թեամբ։ Լուծ­ման գրա­ւա­կա­նը այդ նոյն վա­րիչ­նե­րու զօ­րակ­ցու­թեան ե­ռան­դին, գոր­ծակ­ցու­թեան  ո­գիին եւ ի­րե­րօգ­նու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան մէջ է։

Տես­նենք ի՛նչ կը բե­րեն յա­ռա­ջի­կայ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2015