ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ
Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է միջոցներ յատկացնել՝ Համահայկական խաղերու համար մարզական աւանի մը կառուցման նպատակով։ Այսպէս, տարածք յատկացուած է՝ հանրային-մշակութային եւ մարզական աւանի մը կառուցման համար։ Թէ՛ ամրան եւ թէ ձմրան խաղերու ժամանակ այս աւանը պիտի ծառայէ՝ որպէս մարզիկներու կեցութեան վայր։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ծրագիրը յառաջ կը տարուի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ։ Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէին պիտի տրամադրուի այս տարածքը, որու արժէքը շուրջ 21 միլիառ հայկական դրամ կը կազմէ։
Այս տարածքը առանց մրցոյթի յատկացուած է, կառուցապատման իրաւունքով, 50 տարի ժամկէտով։ Ներդրումային ծրագրով կը նախատեսուի ստեղծել շուրջ 1240 նոր աշխատատեղի, նաեւ տարածքէն ներս շուրջ 20 հազար ծառ տնկել։