ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աշխարհական աշխատակիցները, որոնք կը պաշտօնավարեն զանազան կառոյցներու մէջ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը բոլորին շնորհաւորութիւններ յղեց Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ արձանագրուած ձեռքբերումներու մէջ աշխարհական պաշտօնեաներու կարեւոր ներդրումը։ Հուսկ, ան բոլորին մաղթեց Աստուծոյ օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը եւ բարեմաղթանքներ ըրաւ ընտանիքներուն համար։

Շաբաթ, Յունուար 10, 2026