ՄԱԶԵՐԸ ԿԱՊԱԾ ԱՂՋԻԿԸ
Քարտէս գիտէ՞ք գծել։
Ո՞ր երկրին քարտէսը կրնաք գծել։
Հալէպի մէջ անցուցած եմ դպրոցական տարիներս։ Հոն, ուր հայկական անուն մը կրող վարժարանին մէջ կրթութիւնը արաբերէնով կը ստանայինք։
Բնական է. Արաբական հանրապետութեան մէջ, հապա ի՛նչ լեզուով պէտք է ստանայինք մեր գիտելիքները։
Այսօր, 7-րդ դասարանի տղուս հետ չենք կրնար հասկցուիլ (ալ ուր մնաց՝ համաձայնիլ) թուաբանութեան, երկրաչափութեան ու անոնց տեսութիւններուն, գործողութիւններուն ու տարբեր անյայտներու կոչումներուն մասին… ես բան մը կ՚ըսեմ, ինքը՝ ուրիշ։ Ես լուռ ու հետաքրքրութեամբ զինք կը լսեմ, կրնա՛մ լսել, ինքը՝ գթառատ ժպիտով…
Պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնն ալ արաբերէն սորված եմ ես։ Սուրիոյ, արաբական աշխարհի թէ ա՛յլ ցամաքամասերու երկիրներուն ու անոնց մայրաքաղաքներուն անունները արաբերէնով գրած ու արտասանած եմ եւ, բնականաբար, Սուրիոյ քարտէսն ալ աշխարհագրութեան դասերուս մէջ սորված եմ գծել։ Կայ հանգրուան մը, որ ուզես-չուզես կրկնելով ու կրկնելով, այդ քարտէսը կը սորվիս։ Դիմացդ կը դնես, նայելով կը սկսիս, ծուռումուռ կը շարժի ձեռքդ, լեռ ու ձորեր փոխես հաւանաբար քու զարմանալի փորձերուդ մէջ, թուղթ կը թափես, կը ճմռթկես, բայց… կը սորվիս։ Ծովը կը ճանչնաս, հորիզոնական թէ՛ ուղղահայեաց, քու մատիտիդ ելեւէջներով անոր երկա՜ր ափը կը գծես, ձեւ մը կը սկսի կազմուիլ, կազմուածը աջէն, ձախէն սահմաններով կը պատես, ձեւը կ՚ամբողջանայ։ Պէտք եղած կէտերն ալ կը դնես. հոս՝ մայրաքաղաքը, հոն՝ քու ապրած քաղաքդ, հոս՝ գետը, հոն՝ լեռը…
Ան ալ ըսեմ, որ ուսմանս յառաջացած տարիներուն, արաբական աշխարհն ալ գծած եմ ես։ Կը յիշեմ, որ 9-րդ դասարանի աշխարհագրութեան պետական քննութեան մեզմէ պահանջուած էր արաբական աշխարհի քարտէսին վրայ Մորիթանիոյ մայրաքաղաքին տեղը նշել եւ անունը գրել։
Ամբողջ Սուրիոյ 9-րդ դասարանի աշակերտութիւնը վրդոված էր այդ օրը. բոլո՜ր «կարեւոր» մայրաքաղաքները ձգած՝ մարդ ամենածայրի Նուաքշո՞թը կը պահանջէ։
Ես ալ չէի կրցած նշել։ Այսօր, այդ քաղաքին տեղը աչքս գոց կը հանեմ…
Ասանկ բան մըն է սորվիլը։
Ուսման ծրագիրներէն դուրս, քարտէս մը եւս կը սորվէինք գծել մենք, բայց եկուր տես, որ վերինին պէս պարտադրուած քարտէս մը չէր անիկա։ Չէ՛։ Ակումբ կ՚երթայինք, մեզմէ հասուն պատասխանատուներ կ՚ունենայինք, դպրոցին մէջ մեզի չտրուածները կը փորձէին մեզի փոխանցել անոնք։
Տետրակ մը կ՚ունենայինք, մեզի պէս ժողովներուն կ՚երթար-կու գար։ Մեծերը, մեզմէ աւելի շատ գիտցողները կը խօսէին, գիրքեր, թուղթեր կը բերէին, կը տպէին, կը կարդային, գրատախտակի վրայ կը գրէին, կը գծէին, մենք ալ կ՚ընդօրինակէինք։
Քննութիւն չէր ըլլար հոն։
Քեզի սորվիլ ստիպողը առնելիք կամ չառնելիք նիշդ չէր, երբե՛ք, այլ՝ գիտնալու քու ցանկութիւնդ։
Դպրոցի պետական ուսուցման առաջարկած դասացուցակին մէջ հոս-հոն զետեղուած հայերէնի պահերուն ու հայրենաւանդ անմոռաց մեր ուսուցիչներուն անգնահատելի ջանքերուն հետ, կրնա՞նք չընդունիլ, որ ամբո՛ղջ սերունդի մը ազգային դիմագիծին ու ինքնութեան ձեւաւորումը մեր միութիւններուն ու անոնց նուիրեալ, իրօ՛ք նուիրեալ ու խղճով աշխատող պատասխանատուներուն կը պարտինք։
Հալէպի մէջ անցած պատանեկութեան տարիներուս, ակումբի գոց դրան ետեւ սիրով հաւաքուած խումբի մը մէջ տեսայ ես պատմական Հայաստանի քարտէսը։ Հոն տեսայ Բարձր Հայքն ու Վասպուրականը եւ այդօրուան պատասխանատուներուս ըսածին պէս՝ մազերը կապած աղջկայ մը նմանցուցի այդ մե՜ծ քարտէսէն մեզի մնացած այսօրուան Հայաստանը։ Հո՛ն, սիրով գոցուած այդ դռներուն ետեւ հաշուեցի ես հայկական հին տոմարի ամսանունները, Հոռին, Սահմին զուգեցի եւ Արաց-Մեհեկան, Արեգ-Ահեկանն ալ երաժշտական ականջովս իրար կապեցի, որպէսզի չմոռնամ։
Չմոռցայ, քանի որ մէկը չստիպեց սորվիմ։
Գահիրէի մէջ կ՚ապրիմ արդէն քանի տարիէ ի վեր։ Խոստովանիմ, որ տղուս հետ գծել սորվեցայ Եգիպտոսի քարտէսը։
Շրջան մը առաջ, կը դժուարանար ան դիմացը դրուած քարտէսը ճիփ-ճիշդ ընդօրինակել։ Դիտեցի այդ տեսարանը, ինքզինքս յիշեցի եւ սերունդէ սերունդ կրկնուող տեսարաններուն միստիք խորհուրդը վերապրեցայ։
Տղուս տառապանքը տեսնելով մտածեցի միջամտել, դիւրին ձեւ մը գտնել, բանի մը նմանցնել ու սորվեցնել, բայց չըրի։ Ձգեցի, որ առանձի՛ն սորվի, ինքն ալ ջղայնանայ, ճմռթկէ, պատռէ, թափէ…
Այդպէս ալ եղաւ։
Քննութեան պատրաստուող տղաս աչքիս դիմաց Եգիպտոսի քարտէսը գծեց, ծովերով սկսաւ, Նեղոսը երկարեց, Գահիրէին կէտը դրաւ եւ քաղաքներուն անունները արաբերէն գրեց։
Բնական է, մտածեցի. ես Հալէպի մէջ՝ Սուրիոյ քարտէսը գծեցի, ինք Գահիրէի մէջ՝ Եգիպտոսի քարտէսը պիտի գծէ։
Միւս քարտէսը՞։
Ի տարբերութիւն ինձմէ, տղուս դասացուցակին մէջ Հայոց պատմութեան շաբաթական մէկ հատիկ դասապահ մը կայ, որուն մէջ անհրաժեշտը բաւեցնելու տառապանքը ապրող ուսուցիչը շատ լաւ կը ճանչնամ ես…
Այսօրը ապրելով, ժամանակներու տարբերութիւնները համեմատելով հասկցայ, որ իր ապրած երկրին քարտէսը լաւ թէ՛ վատ, ձեւով մը գծել կը սորվի իւրաքանչիւրս, բայց… մէջդ ապրող ա՛յլ երկիր մը ունենալն ու գոց դռներու ետեւ սիրով հաւաքուած խումբի մը հետ անոր քարտէսը գծել սորվիլը՝ ճակատագիր է, մարտահրաւէր, ապրելու ձեւ է եւ ընտրութիւն։
Այսքանը գիտակցելով, կարծեցի, որ բաւակա՜ն բան գիտեմ մարդու կեանքին մէջ անհրաժեշտ քարտէսներուն մասին, բայց նոր տարուան առաջին օրերուն ինծի բոլորովին անծանօթ քարտէսի մը անունը լսեցի. Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարենորոգման ճանապարհային քարտէս…
Անկախ քարտէսը գծողներէն, անոնց եւ անոր օրինաւոր ըլլալէն, չըլլալէն, անոր մասնակիցներէն, ասոր-անոր հետ ըլլալէն… անկախ այս բոլորէն, այսպիսի անուանում ունեցող քարտէս մը ըլլալու կամ չըլլալու հաւանականութեան դիմաց միայն կրնամ ամչնալ. դարձեալ ու կրկին ամչնալ։
Այսօր ուրախ մարդիկ կան, անտարբեր մարդիկ ալ կան եւ…
Գոց դռներուն ետեւ մազերը կապած աղջկան նմանող Հայաստանի քարտէսը սիրո՜վ գծել սորվողներուն կտրուած սրտերը կան։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ