ՀԱՅԱԶԳԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐ ՀԻՆԷՆ Ի ՎԵՐ…
Համաշխարհային ֆութպոլի պատմութիւնը հինէն ի վեր պահպանած է հայազգի բազմաթիւ ֆութպոլիստներու անուններ, որոնք մեծ յաջողութիւններու հասած են Հայաստանէ դուրս:
Այդպիսի ֆութպոլիստներէն մէկն էր Ալֆրետօ Ամարիլիօ Քէշիշեան, ուրուկուայցի մը՝ հայկական արմատներով, որ դարձաւ «Պարսելոնա» ակումբէն հանդէս եկած հայազգի առաջին ֆութպոլիստը:
Այժմ քաթալոնական ակումբի կազմէն ելոյթ կ՚ունենայ հայազգի ֆութպոլիստ մը եւս՝ Ռունի Պարտաքճի, որ կը ներկայացնէ Շուէտի ազգային խումբը: Թէ՛ Քէշիշեան եւ թէ Պարտաքճի երբեք ուղղակիօրէն կապուած չեն եղած Հայաստանի հետ ազգային խումբերու մակարդակով, բայց անոնց ծագումը հայկական սփիւռքի հարուստ ու լայն պատմութեան մէկ մասն է միջազգային ֆութպոլին մէջ:
Ալֆրետօ Քէշիշեան ծնած է 1953 թուականի յունուարին՝ Մոնթեվիտէոյի մէջ, հայկական ծագում ունեցող ընտանիքէ մը:
«Նասիոնալ» ակումբին հետ յաջող ելոյթներ ունենալէ ետք, 1973 թուականին ան իր հօր խորհուրդով տեղափոխուեցաւ Սպանիա եւ պայմանագրութիւն կնքեց «Ռէալ Վայատոլիտ»ի հետ: Ան սկսաւ փայլիլ ձախ ծայրի յառաջապահ դիրքի վրայ, բայց հետզհետէ ինքզինք փաստեց նաեւ աւելի պաշտպանողական ձախ կողմի միջնապահ դիրքի վրայ՝ շնորհիւ իր ֆիզիքական տոկուն մարմինին եւ պայքարի բարձր ոգիին:
1976 թուականի ամրան «Պարսելոնա»ի հոլանտացի մարզիչ Ռինուս Միքելս անձամբ պնդեց անոր փոխանցումին վրայ՝ վճարելով 15 միլիոն փեսեթա, որ այդ տարիներուն բաւական բարձր արժէք ունէր:
Քէշիշեան միացաւ ակումբի մը, որ ունէր Եոհան Քրոյֆի եւ Եոհան Նիսքենզի նման փայլուն աստղեր:
1976 թուականի նոյեմբերի 28-ին Քէշիշեան պատմութեան մէջ արձանագրուած անմոռանալի կոլ մը նշանակեց Քամփ Նուի մէջ՝ Վալենսիայի դէմ (6-1) մրցումին: «Նիսքենզ գնդակը փոխանցեց Չարլիի (Քարլես Ռեսաք), որ իր կարգին ինծի… Ես քառակուսիին ձախ կողմն էի եւ դէպի ետ ուղղուելով ձախ ոտքի ուժգին հարուած մը տուի, որ վերի անկիւնէն մուտք գործեց։ Դժբախտաբար այդ կոլը, որ ընտրուած էր այդ ամսուան Եւրոպայի լաւագոյնը, չեմ գտներ որեւէ տեղ նկարուած», կը յիշէ Քէշիշեան տարիներ ետք:
Սպանիոյ քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք, ան կը պատրաստուէր Սպանիոյ ազգային խումբին հետ մասնակցելու 1978 թուականի Համաշխարյաին ֆութպոլի ախոյեանութեան, բայց ՖԻՖԱ-ն նկատելով, որ ան նախապէս մասնակցած է Ուրուկուայի երիտասարդներու ազգային խումբէն, մերժած է անոր մասնակցելու իրաւունք տալ:
Աւելի ուշ ան խաղացած է նաեւ «Սալամանքա»ի եւ «Էսփանիոլ»ի հետ, ապա «Մեքսիքօ»ի հետ՝ 32 տարեկանին լքելով ֆութպոլը:
Այժմ հերթը Ռունի Պարտաքճիին է, որպէսզի փայլի «Պարսելոնա»ի հետ, իսկ գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիք բնաւ նպատակ չունի ձմեռնային փոխանցումներու պահուն զայն փոխ տալու որեւէ այլ ակումբի: Միւս կողմէ, ան Լամին Եամալի բացակայութեան միայն կը խաղայ, բայց անոր խաղացած 413 վայրկեանները շատ ազդու էին, ուր նշանակած է 2 կոլ եւ կատարած 4 կոլերու ասիսթ: