ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՈՐՈՆՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Անտ­րիօ (Ֆրան­սա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցան՝ դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան ի­րենց ձեռ­նար­կած ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով։ Ա­նոնք Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան միջ­նորդ­նե­րը տե­սակ­ցե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին եւ հե­տա­գայ քայ­լե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Միջ­նորդ­նե­րը Սերժ Սարգ­սեա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցին ներ­կայ այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս ի­րենց յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րու ծրա­գի­րը, նե­րա­ռեալ այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ար­ցախ, այ­նու­հե­տեւ՝ դէ­պի Ատր­պէյ­ճան։ Սերժ Սարգ­սեան կոչ ուղ­ղեց հե­տե­ւո­ղա­կան ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նին եւ Ար­ցա­խի հետ շփման գծի եր­կայն­քին հրա­դա­դա­րի դրու­թեան կո­պիտ խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան եւ դա­տա­պարտ­ման ուղ­ղու­թեամբ, ինչ որ իր հա­մոզ­մամբ, չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է հրա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման եւ խախ­տում­նե­րու բա­ցառ­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին նաեւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան։

Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն եւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ալ շա­րու­նա­կուե­ցան քննար­կում­նե­րը՝ ատր­պէյ­ճա­նա-ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու շուրջ։ Նալ­պան­տեան միջ­նորդ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց շարք մը կա­րե­ւոր հան­գա­մանք­նե­րու վրայ։ Այս­պէս, նոյ­նիսկ նա­խորդ ա­միս ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած եր­կու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն վերջ Ատր­պէյ­ճան շա­րու­նա­կեց Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նին եւ Ար­ցա­խի հետ շփման գծի եր­կայն­քին հրա­դա­դա­րի դրու­թեան կո­պիտ խախ­տում­նե­րը։ «Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սահ­մա­նա­յին սադ­րանք­նե­րը կը զու­գոր­դուին Պա­քուի մէջ կա­տա­րուած ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով ռազ­մա­տենչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով եւ սպառ­նա­լիք­նե­րով, թշնա­ման­քի եւ ա­տե­լու­թեան քա­րոզ­չու­թեամբ։ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ դէպ­քե­րու քննու­թեան դրու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղեալ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հաս­ցէա­կան հրա­պա­րա­կա­յին կո­չին մեր­ժու­մը կը վկա­յէ, թէ Պա­քու կը փա­փա­քի տա­պա­լել Հա­յաս­տա­նի եւ ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ջան­քե­րը՝ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Միջ­նորդ­նե­րը ե­րէ­կուան այս շփում­նե­րէն վերջ ա­ւար­տե­ցին ի­րենց ու­ղե­ւո­րու­թեան Ե­րե­ւա­նի հանգ­րուա­նի ծրա­գի­րը։ Ա­պա ա­նոնք ու­ղե­ւո­րուե­ցան դէ­պի Ար­ցախ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ այ­սօր հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ՝ տե­սակ­ցե­լով Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի հետ։ Սա­հա­կեա­նի եւ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան սահ­ման­նե­րուն վրայ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին եւ ատր­պէյ­ճա­նա-ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հա­մոզ­մամբ, Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ հրա­դա­դա­րի կո­պիտ խախ­տում­նե­րը, Պա­քուի կող­մէ ա­մէն տե­սակ շի­նիչ ա­ռա­ջար­կի մեր­ժու­մը կը վտան­գեն տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կա­յու­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան պահ­պա­նու­մը, նաեւ այս ուղ­ղու­թեամբ միջ­նորդ­նե­րուն կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուող ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Սա­հա­կեան յայտ­նեց, թէ ա­ռա­ջին հեր­թին անհ­րա­ժեշտ է նոր ո­րակ մը հա­ղոր­դել հրա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման եւ խախ­տում­նե­րու հա­մար պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան յստա­կեց­ման։ Ստե­փա­նա­կերտ պատ­րաստ է մաս­նակ­ցիլ այդ գոր­ծըն­թա­ցին։ Զրոյ­ցին ներ­կայ էր նաեւ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան։ Հարկ է նշել, որ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան  ա­նոնք սահ­մա­նին վրայ կը մաս­նակ­ցին նաեւ ԵԱՀԿ-ի ա­ռա­քե­լու­թեան կող­մէ նա­խա­տե­սուած դի­տարկ­ման եւ Ղա­րա­բա­ղէն ուղ­ղա­կի կ՚անց­նին Ատր­պէյ­ճան՝ ու­ղե­ւո­րուե­լու հա­մար դէ­պի Պա­քու, ուր վա­ղը նա­խա­տե­սուած են ի­րենց հան­դի­պում­նե­րը Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։

Ներ­կայ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան տա­կա­ւին ա­ռա­ջին քայ­լա­փո­խին՝ ե­րէկ ա­ռա­ւօտ, ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քած էր Ե­րե­ւա­նի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան եր­դի­քին տակ։ Ան Պա­քու մեկ­նե­լէ ա­ռաջ հան­դէս ե­կաւ կա­րե­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ու­շագ­րաւ պատ­գամ­ներ պար­փա­կե­ցին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ ընդ­հա­նուր կա­ցու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Ո­ւոր­լիք շեշ­տեց, թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն նպա­տակն է կրճա­տել լա­րուա­ծու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ «Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը չէ, որ տե­ղի կու տայ լա­րուա­ծու­թեան սրման։ Ժա­մա­նակն  է անց­նիլ ա­ւե­լի հա­մա­կար­գուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու։ Կա­րե­ւոր է, որ նա­խա­գահ­նե­րը հան­դի­պին քննար­կե­լու հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ա­մե­նա­բարդ հար­ցե­րը։ Մենք կը փա­փա­քինք, թէ ըլ­լան այն­պի­սի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնք հա­մընդգր­կուն լու­ծում մը պի­տի ա­պա­հո­վեն եւ բո­լոր սկզբունք­նե­րը պէտք է ըն­դու­նուին որ­պէս հիմք», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք եւ ա­ւել­ցուց, թէ ի­րենք Պա­քուին եւ Ե­րե­ւա­նին պաշ­տօ­նա­պէս կը յոր­դո­րեն յար­գել հրա­դա­դա­րը ու մեղ­մաց­նել լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ «Միայն լա­րուա­ծու­թեան կրճատ­մամբ մենք՝ միջ­նորդ­ներս, կրնանք յա­ջող ա­ւար­տի մը հասց­նել այս հա­կա­մար­տու­թիւ­նը, ինչ որ նպաս­տա­ւոր պի­տի ըլ­լայ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նի բնակ­չու­թեան հա­մար», նշեց Ո­ւոր­լիք։

Ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը շեշ­տեց, թէ սահ­մա­նա­յին դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան հար­ցը կրկին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի բե­րեն Պա­քուի մէջ։ Հա­շուի առ­նե­լով լա­րուա­ծու­թեան եւ բռնու­թեան մա­կար­դա­կին բարձ­րա­ցու­մը՝ ա­նոնք մտա­դիր են շօ­շա­փել նաեւ հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն մը հաս­տա­տե­լու հար­ցը։ Ըստ ի­րեն, այս նիւ­թը առ­նուազն ե­րեք տա­րիէ ի վեր քննար­կում­նե­րու ա­ռար­կայ է։ Այս ե­րե­ւոյ­թը օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին։ Նա­խա­գահ­նե­րը պայ­մա­նա­ւո­րուած են շա­րու­նա­կել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը այդ ուղ­ղու­թեամբ։ «Կը կար­ծեմ, սա այն կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցե­րէն մին է, զոր մենք կրկին պի­տի բարձ­րաց­նենք Պա­քուի մէջ, նկա­տի ու­նե­նա­լով լա­րուա­ծու­թեան մա­կար­դա­կը հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին եւ շփման գծին վրայ», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք։ Հա­կա­ռակ Ե­րե­ւա­նի պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան, Պա­քու չ՚ըն­դու­նիր դրու­թեան մը հաս­տատ­ման ուղ­ղեալ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ա­ռա­ջար­կը։ Ըստ ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տին, թէեւ քսան տա­րիէ ի վեր հրա­դա­դա­րը կա­տա­րեալ չէ գոր­ծած, սա­կայն ա­նոր շնոր­հիւ հնա­րա­ւոր դար­ձած է խու­սա­փիլ լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազ­մէ մը։ Ո­ւոր­լիք ա­ւել­ցուց, որ միջ­նորդ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն աշ­խա­տիլ հրա­դա­դա­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս՝ հա­կա­մար­տու­թեան բա­նակ­ցուած եւ հա­մընդգր­կուն կար­գա­ւոր­ման հաս­նե­լու նպա­տա­կին։

Բաց աս­տի, Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի խօս­քե­րով՝ միջ­նորդ­նե­րը կ՚ան­հանգս­տա­նան նաեւ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու ըն­թաց­քին ծանր զի­նուո­րա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մէն։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը խո­րա­պէս ան­հանգս­տա­ցած են վեր­ջին շրջա­նին մեծ տրա­մա­չա­փով զի­նա­տե­սակ­նե­րու եւ ծանր սար­քա­ւո­րում­նե­րու օգ­տա­գործ­ման ե­րե­ւոյ­թով։ Ան յի­շե­ցուց, թէ եր­կու տա­րի ա­ռաջ Ե­րե­ւան կա­տա­րած իր ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ ա­ռանց­քա­յին խնդիր­նե­րէն մին էր հա­կա­մարտ կող­մե­րու մի­ջեւ ըն­թա­ցող դի­պու­կա­հար­նե­րու փո­խա­դարձ հրաձ­գու­թիւ­նը, իսկ այ­սօր կող­մե­րը ար­դէն կ՚օգ­տա­գոր­ծեն ծանր սար­քա­ւո­րում­ներ, ինչ որ տե­ղի կրնայ տալ կոր­ծա­նա­րար հե­տե­ւանք­նե­րու։ «Ա­մե­նե­ւին չնուա­զեց­նե­լով դի­պու­կա­հար­նե­րէն ե­կող վտան­գը, ո­րով­հե­տեւ բազ­մա­թիւ մարդ­կանց կեան­քեր խլուած են դի­պու­կա­հար­նե­րու կրա­կոց­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, պէտք է նշեմ, որ ներ­կա­յիս տի­րող ի­րա­վի­ճա­կը շատ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր է։ Մենք պէտք է վերջ տանք այդ բո­լո­րին։ Ան­կեղ­ծօ­րէն ը­սեմ, ես կը փա­փա­քիմ կող­մե­րէն ա­ւե­լի մեծ յանձ­նա­ռու­թիւն տես­նել՝ այդ զի­նա­տե­սակ­նե­րը չօգ­տա­գոր­ծե­լու հա­մար», ը­սաւ ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ո­ւոր­լիք հա­ւաս­տիա­ցուց, որ միջ­նորդ­նե­րը պատ­րաս­տա­կամ են քննար­կե­լու խա­ղաղ եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ կար­գա­ւոր­ման հաս­նե­լու բո­լոր ու­ղի­ներն ու մի­ջոց­նե­րը։ Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով ան ա­ւել­ցուց նաեւ, թէ փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան հա­մընդգր­կուն կար­գա­ւոր­ման մաս կը կազ­մէ։

Ե­րե­ւա­նի իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք կոչ ուղ­ղեց հա­կա­մարտ կող­մե­րուն, որ­պէս­զի հրա­ժա­րին զէն­քի գոր­ծադ­րու­թե­նէ։ «Հա­յաս­տանն ու Ատր­պէյ­ճա­նը, ան­կախ այն հան­գա­ման­քէն՝ թէ նա­խա­յար­ձա­կի կար­գա­վի­ճա­կի մէջ են կամ հա­կազ­դո­ղի, պէտք է հրա­ժա­րին այս զէն­քե­րու կի­րա­ռու­մէն», նշեց ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը։  

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2015