ՔԱՂՑՐՈՒԹԻՒՆ
Ընկերային կեանքի մէջ յարաբերութիւններու եւ բարեկամական փորձառութիւններու մէջ կեդրոնական տեղ գրաւող սիրոյ, հաւատարմութեան եւ անկեղծութեան հեռանկարէն զատ, ուրիշ կարեւոր առաքինութիւն մըն ալ կը բնորոշուի, որ սակայն քիչ մը մոռցուած կամ անտեսուած է, անիկա՝ ներկայ ժամանակաշրջանին ծայրայեղական եւ մակերեսային յարաբերութիւններուն մէջ, քաղցրութի՛ւնն է։
Առ այս՝ նկատի առնելու ենք ՃԼԱ սաղմոսը՝ քաղցր եւ անուշ։ Ինչպէս որ այս մասին կ՚անդրադարձուի Սուրբ Գիրքի զանազան համարներու մէջ. (ԵԼՔ. Դ 22), (ԵՍ. ԽԹ 15), (ՍԱՂՄ. ԻԷ), հաւատացեալին եւ իր Տիրոջ միջեւ միութիւնը արտայայտուած է հայրական կամ մայրական սիրոյ պատկերներով։ Հոն կը պարզուի քաղցր եւ քնքոյշ մտերմութիւնը եւ անկեղծութիւնը մօր եւ զաւկին եւ կաթնկեր նորածնին միջեւ, որ կաթ առնելէ ետք՝ քուն կը մտնէ։ Ասիկա արտայայտող հրէական «կամիւլ» բառը կը վերաբերի կաթէն կտրուած պզտիկին՝ որ գիտակցաբար կը կառչի զինք գրկած իր մօր։ Ուստի, ասիկա գիտակցուած մտերմութիւն մըն է եւ ո՛չ թէ պարզապէս ապրուած։
Այս պատճառով սաղմոսերգուն կ՚երգէ. «Հոգիս կը պահպանէ լուռ եւ խաղաղ, ինչպէս փոքրիկը իր մօտ կուրծքին վրայ». (ՍԱՂՄ. ՃԼԱ 2)։ Կրնանք նոյնպէս ուրիշ տեսարան մը յիշել, որուն մէջ Ովսէ մարգարէն հետեւեալ յուզիչ խօսքերը կը դնէ Աստուծոյ որպէս հօր մը բերնին մէջ. «Ես Իսրայէլը կը սիրէի, մինչ ան դեռ երիտասարդ էր…։ Ես՝ անոր ձեռքէն բռնած քալել սորվեցուցած էի…։ Անոր հետ կը վարուէի մարդկային զօդերով, սիրոյ կապերով։ Ես անոր հետ նման էի նորածինը իրենց այտերուն սեղմող մարդերուն։ Անոր վրայ հակած՝ զայն կը կերակրէի». (ՈՎՍԷ ԺԱ 1, 3-4)։
Հաւատքի եւ սիրոյ, շնորհքի եւ յանձնառութեան, մարդկային ընտանիքի եւ աստուածային Երրորդութեան այս ակնարկով եւ որ մենք կը սեւեռենք ընտանիքը, զոր Աստուծոյ Խօսքը կը յանձնէ մարդուն իր կնոջ եւ իր զաւակներուն, որպէսզի անոնք Հօր, Որդիին եւ Ս. Հոգիին պատկերին համեմատ՝ անձերու միութիւն մը կազմեն։
Որդեծնուդեան եւ դաստիարակութեան արարքները փոխադարձաբար Հօր կատարածին ցոլացումն են։ Ընտանիքը հրաւիրուած է առօրեայ հացը, Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումը եւ Ս. Հաղորդութիւնը իրարու մէջ բաժնուելու, սէրն ալ աճեցնելու, իսկ ինքն ալ միշտ աւելի Ս. Հոգիին տաճար դառնալու։
Նազարէթի սուրբ ընտանիքին սրբանկարը ներկայացուած է մէն մի ընտանիքին, իր առօրեայ յոգնութիւններով, նոյնիսկ իր մղձաւանջներով, ինչպէս երբ որ ան հարկադրուեցաւ կրել Հերովդէսի անբացատրելի վայրագութիւնը, փորձառութիւն մը՝ որ այսօր եւս շատ մը ապաստանեալ եւ անզէն մերժուած ընտանիքներուն մօտ ողբերգականօրէն կը կրկնուի։ Այս ընտանիքները հրաւիրուած են Մանուկը եւ Մայրը մոգերուն պէս դիտելու, ծնրադրելով երկրպագելու. (ՄԱՏԹ. Բ 11)։ Անոնք յորդորուած են իրենց ընտանեկան թէ՛ տխուր եւ թէ ոգեւորիչ մարտահրաւէրները Մարիամին նման քաջութեամբ եւ զուարթօրէն ապրելու, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հրաշալիքներուն մասին մտածելու եւ զանոնք իրենց սրտերուն մէջ պահպանելու. (ՂՈՒԿ. Բ 19-51)։ Մարիամի սրտին գանձերուն մէջ կը գտնուին նաեւ իր կողմէ խնամքով պահպանուած մեզմէ իւրաքանչիւրին ընտանիքին բոլոր պատահարները։
Ահա՛, թէ ինչու ան կարող է մեզի օգնել, որ զանոնք հասկնանք, որպէսզի ընտանիքին պատմութենէն՝ պատմութեան մէջէն ճանչնանք Աստուծոյ տուած պատգամը։ Ընտանիքին բարելաւութիւնը վճռական է աշխարհիս եւ Եկեղեցւոյ՝ ժողովուրդին ապագային համար։ Բազմաթիւ են այն վերլուծումները, որոնք կատարուած են ամուսնութեան, ընտանիքին, անոնց դժուարութիւններուն եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին։
Հա՛րկ է ուշադիր ըլլալ գործնական իրականութեան հանդէպ, որովհետեւ Հոգիին պահանջները, կանչերը լսելի կ՚ըլլան նաեւ պատմութեան դէպքերուն ընդմէջէն, որոնց հետեւանքո Եկեղեցին կարող է ամուսնութեան եւ ընտանիքին անսպառ խորհուրդին աւելի խոր հասկացողութեան հասնիլ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 12, 2026, Իսթանպուլ