ԳՐԱԿԱՆ ՈՐԲՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ…

Այսօր դարձեալ կը յիշեմ Վահէ Օշականը։ Քսանհինգ տարի անցած է իր հեռանալէն (30 յուլիս 2000-ին, ԱՄՆ, 77 տարեկանին), սակայն, անոր բացակայութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր։ Վահէն միայն գրող չէր, այլ մտաւորական, վեհ ու անկեղծ կերպար մը, որուն շուրջ կը խտանար ըմբոստութեան կրակը, ազատութեան որոնումը եւ ազնիւ մարդու ճշմարտութիւնը։ Իր կեանքը, հակումները եւ գրականութիւնը միահիւսուած էին եւ ան միշտ կը փորձէր կերտել բառերով այն մարդը, որ իր ներսը կ՚ապրէր՝ անհաղորդ, բայց ամուր ու անձնուրաց։

Վահէին հետ ծանօթացայ այն օրերուն, երբ մեր Պէյրութը դեռ կը շնչէր պատերազմի յուշերով եւ վերականգնումի յոյսերով։ Մէկ կողմէ՝ արեան, կորուստներու եւ չլրացուած ցաւի ճնշող անցեալը, միւս կողմէ՝ նոր օրերու եւ հաւատքի փնտռտուքը։ «Համազգային»ը զինք պատուելու շրջան մը յայտարարեց. Վահէն եկաւ Պէյրութ՝ մասնակցելու այդ խորհրդանշական միջոցառման։ Այդ օրերէն մին, երբ իրեն կ՚ուղեցէի դէպի Անթիլիաս, ան յանկարծ նայեցաւ աչքերուս ու ըսաւ․

-Նայէ, քեզ չեն սիրեր հոս, բայց վնաս չունի։ Այդ ալ քեզի ուժ պիտի տայ։

Այս խօսքը մնաց հոգիիս խորքը, որովհետեւ Վահէին համար չսիրուիլը կամ մերժուիլը պատիժ չէր, այլ մաքրման ու ուժեղացման ուղի։ Ան իր կեանքով եւ գրական ստեղծագործութեամբ սորվեցուց, թէ գրողին ճակատագիրն է մինակ մնալը, բայց, այդ մինակութենէն կարելի է կառուցել նոր ինքնագիտակցութիւն։

Վահէ Օշականը այդ օրերուն մեզի ապացուցեց, որ գրողը միայն գիրը չէ, այլ նաեւ իր անձի ու հայու ինքնութեան գիտակցութիւնը՝ յանուն որակի ու ազատութեան հասնելու իրական պայքարի։ Ան յաճախ կը խօսէր ո՛չ միայն ստեղծագործական ճշմարտութեան մասին, այլեւ իր ապրած կանքի փորձառութիւններէն, ուր կորուստի, սիրոյ եւ զսպուած արեան արանքները կը վերածուէին ուժեղ բառերու։ 

ԳՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ԵՒ ՈՃԻ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Օշականի արձակը խոր եւ անձնական էր։ Նամանաւանդ իր արձակի հերոսները կը շարժին մղձաւանջային մթնոլորտի մը մէջ, սակայն, այդ մղձաւանջը միայն անհատի ճակատագիրը չէ։ Ան հայոց պատմութեան եւ սփիւռքեան հոգեվիճակին խորհրդապատկերն էր։ Իր պատմուածքներուն մէջ առօրեայի դէպքերը միշտ կը թաքցնեն ինքնութեան մասին խոր հարցումներ։ Տուն մը, փողոց մը կամ հասարակ իրադարձութիւններ անոր գրչին տակ կը վերածուին խորհրդանիշի, ուր անհատական գոյութիւնը կը միաւորուի ազգային եւ մշակութային իրականութեան հետ։

Բանաստեղծութիւնները՝ ճիչեր են։ Օշականը չբաւարարուեցաւ միայն գեղարուեստական գեղեցկութեամբ. ան ստեղծեց նոր, «կոշտ», ուղիղ եւ ըմբոստ լեզու մը, որ առանց զեղումներու հզօր ալիքով մը կ՚անդրադառնայ ընթերցողի հոգեբանութեան վրայ։ Օշականի մօտ արտայայտութիւնը դարձած է ո՛չ միայն արուեստի, այլեւ դիմադրութեան միջոց, գործիք մը հոգեկան ու մշակութային պայքարի համար։ Ան խախտեց սփիւռքի յոգնած բանաստեղծութեան սպասումները եւ բերաւ նոր շունչ՝ անմիջական ու անկեղծ։

Բացի գրող ըլլալէ, Վահէ Օշական կարեւոր դեր խաղաց իբրեւ խմբագիր։ Իր ղեկավարած ամսագրերը դարձան ազատ մտքի դարպասներ, ուր երիտասարդ գրողներ հարթակ ստացան, կարողացան արտայայտուիլ առանց ճնշումներու կամ վախի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

•շար. 2

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 14, 2026