«ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՅՆՊԷՍ ՍԻՐԵՑ ԱՇԽԱՐՀԸ»
«Աստուած այնպէս սիրեց…»։ Այս աննշան բառը. «այնպէս», ցոյց կու տայ չափը։ Նախադասութեան մնացած մասը կը բացատրէ այն ամէն բաները՝ որոնք Քրիստոս յանձն առաւ մեզի համար, ի՛նչ որ Աստուած կրեց՝ երբ Քրիստոսը տուաւ։ Ան կը փրկէ մեզ եւ ամէն բան պատրաստած է, քանի որ Ան մեզ կը սիրէ։
«Աստուած այնպէս սիրեց…»։ Հեթանոսներու չաստուածներ՝ ատելութեան եւ վախի չաստուածներ են։ Մեր Աստուածը՝ սիրոյ Աստուած է։ Հեթանոսները կը վախնան իրենց չաստուածներէն։ Անոնց չաստուածները դատապարտութեան, զօրութեան եւ անգթութեան չաստուածներ են, իրենց չարիք կը պատճառեն։
Մեր Աստուածն ալ դատապարտութեան եւ զօրութեան Աստուած է, բայց՝ նա՛խ եւ գլխաւորաբար՝ սիրոյ Աստուած է, մեզի բարիքներ կը տեղացնէ. կը խնամէ, կը հոգայ…
Աստուած չի՛ սիրեր մարդուն մեղքը, բայց կը սիրէ մարդը։ Ծնողներ չեն սիրեր իրենց զաւակներուն հիւանդութիւնը, բայց կը սիրեն իրենց զաւակները բնականաբար։ Աստուծոյ սէրը անչափելի՛ է. ան անիմանալի, անհասկնալի սէր մըն է, բայց այսուամենայնիւ դրական է եւ շինի՛չ։ Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, պէտք է գիտնանք բոլորս, թէ Աստուած մեզ կը սիրէ։ Ի՛նչ որ ալ ըրած ենք, ի՛նչ որ ալ գործած ըլլանք, Ան մեզ կը սիրէ, որչափ ալ մեծ ըլլայ մեր մեղքը, առանց նկատի առնելու մեր սէրը եւ դիրքը Անոր հանդէպ։
Աստուած միշտ պիտի սիրէ մեզ։
«Աստուած այնպէս սիրեց…»։ Ասոր համար մարդ չի հասկնար Աստուծոյ սէրը։ Աշխարհ ապստամբներու աշխարհ մըն է, մարդիկ Աստուծոյ կռնակ դարձուցած են։ Այսուամենայնիւ, ի հեճուկս իրենց ապստամբութեան՝ Աստուած սիրենց զանոնք։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Բայց Աստուած մեզի հանդէպ Իր սէրը յայտնեց անով՝ որ երբ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ էինք՝ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ». (ՀՌՈՎՄ. Ե 8)։ Աստուած միայն բարիները չսիրեց, չարերն ալ սիրեց, քանի որ Ան բոլորին ալ Աստուա՛ծն է։
Երբ Յիսուս խաչափայտին վրայ կը գամուէր, աղօթեց. «Հա՛յր, թողութիւն տուր անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր ի՛նչ կ՚ընեն». (ՂՈՒԿ. ԻԳ 34)։ Այս սէրը մարդկային չէ՝ Աստուածա՛յին է։ Մենք թշնամի ըլլալով հանդերձ, Աստուած մեզ կը սիրէ։ Ի՜նչ հրաշալի, աննման, եզակի սէր է Աստուծոյ այս սէրը։
Եթէ Աստուած մարդկային ցեղը բնաջնջած ըլլար, ինչպէս ըրաւ ջրհեղեղի եւ Սոդոմ Գոմարի պարագաներուն, պիտի չզարմանայինք, քանի որ մարդն ալ այդպէս պիտի ընէր։ Մարդ շատ մը յանցանքներ չէ՛ ներած պատմութեան մէջ եւ յանցաւորներուն երկրորդ առիթ մը չէ տուած, այլ մահապատիժ գործադրած է անոնց։ Անոնք զոհած է չարչարանքներով եւ սարսափելի միջոցներով։ Ա՛յս է մարդ արարածին ընդհանուր վարուելակերպը։
Բայց Աստուած այսպէս չէ՛։ Անոր սէրը կը ներէ, ողորմած է, գթասիրտ եւ ներողամիտ։ Աստուած ողորմած է, Ան սիրոյ արժանի չեղող ապստամբը, անտարբերը, մերժողը եւ ուրացողը՝ մեղաւորը կը սիրէ։ Այս սէրը գերբնական է։ Միայն Աստուած ունի այս սէրը։ Եթէ Ան միայն գեղեցիկը, բարին, հաւատացողը եւ հնազանդը սիրած ըլլար, մեզի հասկնալի պիտի ըլլար, քանի որ մենք մեզ սիրողները կը սիրենք. մենք մեր բարեկամները կը սիրենք, ասիկա մարդկային սէր է։ Սակայն Աստուած թշնամիները կը սիրէ։ Ան կը սիրէ անհնազանդը եւ մեղաւորը։ Այս սէրը մենք չենք կրնար հասկնալ։ Մեր հասկացողութենէն գերիվե՛ր է։
Անառակ որդիին հայրը՝ իր մոլորած որդին սիրեց, որ իր մեղսալից, անհնազանդ եւ անբարոյ կեանքովը զինք անպատուած էր։ Ան թեւատարած կը սպասէր իր որդիին եւ պատրա՛ստ էր զինք ընդունելու։ Ան աղաղակեց. «Այս իմ որդիս մեռած էր ողջնցաւ, կորսուած էր գտնուեցաւ». (ՂՈՒԿ. ԺԵ 24)։
Ի՜նչ ընդունելութիւն. Աստուծոյ սէրը ա՛յսպէս է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 13, 2026, Իսթանպուլ