ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ
Ինքնասպանութեան տարածուած պատճառներէն մէկն ալ ամօթի զգացումն է. մարդ արարած իր կեանքին մէջ (յաճախ նոյնիսկ մահէն ալ աւելի) կը վախնայ խայտառակուելէ: Մարդ արարած աշխարհի ամենէն վատ անձն անգամ ըլլայ, կ՚ուզէ իր անուան շուրջ դրական պատկեր մը ստեղծել, որովհետեւ խայտառակութիւնը հոգեկան ծանր բեռ մըն է մարդուն վրայ: Շատերու համար ապրիլ-չապրիլը կախեալ է հասարակութեան մօտ իր ունեցած ներկայութենէն եւ աշխարհի ինքնասպանութեան զգալի մէկ մասը արդիւնքն է այդ ամօթի զգացումին. օրինակի համար, աղջնակ մը նախքան ամուսնութիւն կը յղիանայ եւ այդ մէկը իր արժանապատուութեան եւ ընտանիքին դիմաց ամօթ նկատելով կը դիմէ ինքնասպանութեան՝ որովհետեւ ամօթի բեռը մահէն շատ աւելի կ՚իշխէ վրան։ Խատերու համար խայտառակութենէ միակ փրկութիւնը ինքնասպանութիւնն է, որովհետեւ մահը վերջակէտ ըլլալ կը թուի, մինչ ապրիլը անվերջ դատաստանի մը դիմաց կը դնէ մարդը: Այս ախտը առաւելաբար կը տեսնենք այնպիսի ընկերութիւններու մէջ, որոնք կը կարեւորեն «ուրիշը ինչ կ՚ըսէ»ն. ընկերութիւններ՝ ուր սխալը յաւիտենական պիտակի կը վերածուի. անձ մը կրնայ սխալ մը գործած ըլլալ, սակայն զղջալով հազար ու մէկ լաւ գործեր կատարած. ո՛չ մէկ իմաստ ունի այդ մէկը. մարդիկ կը շարունակեն յիշել վատը: Այդ պիտակաւորումէ վախն է, որ մարդը կը մեկուսացնէ, սխալի դիմաց անզօր կը դարձնէ եւ զինք կ՚առաջնորդէ դէպի մահ, որովհետեւ պիտակաւորուած ապրիլը եւս կենդանի մահ մըն է:
Ամօթը մարդը կ՚առաջնորդէ առանձնութեան եւ այդտեղ մարդ ինքզինք վերագտնելու, իր ընթացքին դարման գտնելու փոխարէն կը յանձնուի ինքզինք մեղադրող միտքերու. Ինքզինք մեղադրելու դժուարին ընթացքը այլոց կողմէ պիտակաւորում ստանալէ ալ աւելի վտանգաւոր ու զգայուն հարց մըն է:
Մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ հասարակութիւնը առիթ չի տար մարդուն, որպէսզի սխալ գործած մարդը արտայայտուի, իր սխալին ճիշդ ընթացք մը գտնէ. բամբասանքի ճամբով զինք անհատը աւելի կ՚ընկղմի ամօթի եւ մեղաւորութեան զգացումին մէջ։ Մեղաւորը կ՚ուզէ խօսիլ, կ՚ուզէ լսուիլ եւ աջակցութիւն ստանալ՝ իր վատ ընթացքը դէպի լաւ փոխելու համար եւ այդ աջակցութիւնն է, որ զինք դուրս կը բերէ սխալ ընթացքէ, հակառակ պարագային ամօթի զգացումի տակ աւելիով բանտուած կը մնայ իր սխալներուն եւ զանոնք սրբագրելու փոքր յոյսը անգամ կը կորսուի:
Պատմութեան մէջէն եւս կարելի է դուրս բերել ամօթի զգացումի պատճառով սեփական կեանքին վերջ տուած բազմաթիւ մեծութիւններ. օրինակի համար, Հին Հռոմի մէջ Կատոն Կրտսեր պատերազմէ ետք երբ պարտութեան կը մատնուի, այդ մէկը իր անուան համար ամօթ կը նկատէ եւ վերջ կու տայ իր կեանքին:
Նման ամօթի զգացումով գործուած ինքնասպանութեան նամակներէն մէկը օդաչու աղջկայ մը կողմէ 1960 թուականին գրուած հետեւեալ նամակն է.
«Մարդոց մեծ մասը իրենց կեանքին վերջ կու տայ, ինչ-որ տխուր բան մը ապրելէ ետք: Ես իմ կեանքիս վերջ կու տամ, որովհետեւ ինձ կը թուի, թէ ո՛չ միայն անիմաստ, այլ նաեւ սխալ է շարունակել գոյութիւն ունենալ: Ո՛չ ոք կը մեղադրեմ եւ կը զգամ, որ թշնամի չունիմ: Հաւանաբար զիս խելագար կարծեն, որովհետեւ ընդունուած է կարծել, որ ինքնասպան եղող մարդիկ խելագար են: Ամէն բան եղած է հակառակ, մինչ ես միշտ ձգտած եմ կեանքի մէջ ներդաշնակութիւն ստեղծել. իմ կեանքիս միակ թերութիւնը խաբէութիւնն էր. ես բազմիցս ստած եմ փոքր ու պարզ բաներու համար»:
Սիրոյ ինքնասպանութեան պարագային կարելի է ըսել, որ երկրորդ անձ մը կամայ թէ ակամայ որոշ դերակատարութիւն եւ տեղ ունի կատարուած ինքնասպանութեան մէջ, սակայն, ամօթի պարագային մարդ առանձին է իր կատարած սխալներուն եւ առած որոշումներուն համար։ Շատեր կեանքը որպէս պայքար կը տեսնեն եւ ինքնասպանութիւնը որպէս այդ պայքարէն, կեանքի խաղէն դուրս գալու միջոց կը նկատեն։ Հաւատացէ՛ք, որ շատ շատեր նոյնիսկ տրամաբանական պատճառ մը չունին ինքնասպան ըլլալու։ Հաւանաբար սխալը, որ գործած են, շատ անիմաստ բան մըն է, սակայն, անոնց «անիմաստ» ու «կարեւոր» ըլլալը կը տարբերի անձէ անձ։ Աշխարհը արդէն իսկ կամաց կամաց դուրս կու գայ «մարդիկ ինչ կ՚ըսեն»ի տրամաբանութենէն, սակայն ընդունինք թէ ոչ, շատեր իրենց կեանքը կը շարունակեն ապրիլ ո՛չ թէ իրենք իրենց երջանկութեան եւ ուրախութեան համար, այլ մարդոց լեզուին համար՝ հեռու մնալու համար որեւէ վտանգաւոր ըսի ըսաւէ ու բամբասանքէ։ Եթէ այսօր դարձեալ առիթը տրուէր ինքնասպաններուն, որպէսզի դարձեալ մտածեն իրենց քայլերուն եւ արարքներուն մասին, անոնցմէ քանի՞ն պիտի շարունակէր կենդանի մնալ. ինքնասպանութիւն գործողներէն շատեր զոհն են իրենց արագ որոշումներուն, որովհետեւ տխրութեան ազդեցութեան տակ տրուած արագ որոշում մը առողջ որոշում մը չի կրնար ըլլալ։ Եթէ շրջապատը զինք քննադատելու փոխարէն գրկաբաց ընդունէր՝ անոնցմէ շատեր այսօր կենդանի կ՚ըլլային:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Շատ կը սխալին անոնք, որոնք ազգը կ՚ուզեն շարժել յանդիմանելով, կծու ձայնով, կը կարծեն, թէ փոսը ընկած էշ մը կը վերցնեն հրելով, մշտելով, կանչուռտելով, հայհոյելով, այս բանս շարժելու տեղ՝ աւելի կը ջլատէ. կը կոտրէ ուժը, արդէն հիւանդ մարմինը աւելի կը վատուժցնէ: Նոյնպէս ասոր հակառակ չափազանց փայփայելն, շողոքորթելն ալ կրնայ չարաչար գերութիւն մը բերել հիւանդ սրտին՝ որ նոյնպէս վնասակար է անոր։
ՀԱՅՐ ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան