ԿՐԱԿԸ…
Գիշերուան մութին, բուք ու բորանին ամայի ճամբու մը վրայ հանրաշարժ մը կը քալէր։
Լեցուն էր հանրաշարժը իրարմէ շատ տարբեր մարդոցմով։ Անունը վրան է՝ հանրաշարժ, հանրութիւնը հոս-հոն տանող սարք մը, որուն մէջ մարդիկ կը տարբերին, կրնա՛ն տարբերիլ։ Այսպէս էր մի՛շտ եւ այսպէս է հիմա։
Իրենց տեսքով, խօսքով, խելք ու միտքով, իրենց վախ ու հոգերով, իրենց ժպիտ ու երազներով տարբեր այս մարդիկ միասին կը ճամբորդէին, երբ հանրաշարժը կեցաւ։
Նոյն կողմը նայեցան բոլորը։ Վախերը միացան։
Մութ, գիշեր, ամայի ճամբայ, ցուրտ, գայլ՝ կենդանի, մարդ՝ գող, աւազակ, հրոսակախումբ, զէնք, ինչ ըսես… երեւակայութեան մէջ փորուած պատմութիւնները՝ անվերջ։
Ժամանակին աւելի՞ նեղ էին չարիքին սահմանները, թէ այդպէս կը թուի՝ պարզապէս։ Միշտ ալ կայի՞ն, թէ այսօր, մեզմէ ոչինչ թաքցնող խելացի մեր հեռաձայններուն կը պարտինք աշխարհի բազմապիսի չարիքներուն բարձրացող տոկոսները, չե՛մ գիտեր, բայց վստահ եմ, որ արցունքով, անտարբերութեամբ թէ՛ փախուստ տալով սահեցուցած մեր ողբերգութիւններով աւելի՛ չար ենք այսօր, անկասկած։ Չարիքը աւելի վայրագ է, մարդիկ՝ աւելի անգութ։
Հանրաշարժէն դուրս ելաւ վարորդը՝ խնդիրը բացայայտելու։ Նստած չմնացին տղամարդիկ. վարորդին մօտեցան հասկնալու… օգնելու։
Միտքեր փոխանակեցին տղամարդիկ, մէկը միւսին լսեց։ Շուտով լուծուելիք խնդիր մը չէր, կարծես, հանրաշարժին մէջ մնացած կանայք, տարեցներն ու մանուկները անօդ նեղացան։ Դուրսը ցուրտ էր, անշունչ մնալը նախընտրելու չափ ցուրտ։ Ուրիշ ատեն, թերեւս իրար զարնելիք երիտասարդները իրենց հեռաձայններուն լոյսերով փայտ փնտռեցին։ Հոսկէ-հոնկէ իրենց հաւաքած փայտի կտորներով միասին մե՜ծ կրակ մը վառեցին։
Հանրաշարժին մէջինները դուրս ելան, խեղդուած մարդ չմնաց։ Նեղ ըրին, տեղ ըրին, բոլորը կրակին շուրջ քով-քովի նստան։
Մարդիկ ջերմացան։
Դեռ քիչ առաջ, ցուրտին, վախով ճամբայ ելած, զիրար չհանդուրժող, տարբեր կողմերու պատկանող տարբե՜ր մարդոց տարբերութիւնները վերացան։
Բայց իրօ՞ք վերացան։
Ո՛չ։ Մէկ կողմ դրուեցան՝ պարզապէս։
Յանուն ինչի՞ մարդիկ կրնան իրենց տարբերութիւններուն յառաջացուցած թշնամանքը մէկ կողմ դնել. կը հարցնեմ։
Ջուր ունեցողը մէջտեղ դրաւ, հաց ունեցողը կիսեց, արմաւ բաժնեցին աղջիկները, դեղ ունեցողը կարիք ունեցողին տուաւ, աւելի հաստ ծածկոց ունեցողը մօր գիրկը քնացող մանուկ մը ծածկեց։
Երիտասարդներէն մէկը իր վրայի բաճկոնն ալ հանեց եւ փոքրիկ աղջնակի մը ուսերուն դրաւ։
Իրեն մօտեցած անծանօթէն չվախցաւ, այլ՝ թեթեւ հագուստներով ցուրտէն հիւանդանալիք տղուն վրայ դողաց այդ աղջնակին մօր սիրտը.
-Դուն չհիւանդանա՜ս, ըսաւ ան։
-Չեմ հիւանդանար, ինքնավստահ պատասխանեց երիտասարդը.
Ինչէ՛ն մսիլն ալ գիտակցութիւն է։
Գիշերուան մութին ու կտրուած ճամբայի՞ն, թէ իրենց սրտերուն մէջն էր այս մարդկանց սպառնացող իսկական ցուրտը։
Չլուծուող խնդիրին հետ, կրակին շուրջ նիստը երկարեցաւ։ Ցուրտ էր, այո՛, բայց կրակը երբեք չխամրեցաւ։
Այլազան միտքերու եւ կարծիքներու հիման վրայ իրար հայհոյող մարդիկ շատո՜նց իրենց չըրածը ըրին. իրարու հետ խօսեցա՜ն։
Կիսուելիք ահագի՜ն բան ունէին անոնք՝ փա՛ստօրէն։ Ինչպէ՞ս չունենային. նոյն հողին վրայ չէի՞ն։ Հոս թէ՛ հոն, այս թէ՛ այն կողմ՝ նոյն խմորէն չէի՞ն։
Մարդ չէի՞ն բոլորը։
Նոյն լեզուն թէ՛ տարբեր, նոյն կրօնը թէ՛ տարբեր, նոյն գիշերը, աւրուած նոյն հանրաշարժը, նոյն ցուրտը, նոյն սարսափն ու յոյսը չունէի՞ն։
Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ մոռցանք, կը մոռնանք մեր մարդ ըլլալը։
Վարորդին օգնող տղամարդկանց ձայնը բարձրացաւ. խնդիրը լուծուած էր։
Կրակին շուրջ տաքուկ-տաքուկ նստողները ուրախացան։ Մարդիկ անզգալաբար զիրար գրկեցին։ Մանուկները ցատկռտելու սկսան։ Կանայք աղօթքներ շշնջացին, ամայութեան մէջ իրենց անճար չձգող ամենահաս զԱստուած գովեցին ու իրենց տեղերը գրաւեցին հանրաշարժին մէջ։
Լեզու ունի՞ ուրախութիւնը։
Ցաւոտ մարդու մը հասնողին գոյնը նշանակութիւն մը ունի՞։
Կաթիլի մը պէտք ունեցողին համար, արիւն տուողին քաղաքական պատկանելիութիւնը բան մը կը փոխէ՞։
Կողմ մը ունի՞ մարդկութիւնը։
Մութին, ցուրտին, կրակին շուրջ ուս-ուսի տուած «տարբերները» նոյն ձեւով շարունակեցի՞ն, կրցա՞ն շարունակել իրենց ճամբան։
Կրակէն վերջ, ոչինչ եղածի պէս՝ նոյն տեղէն կարելի՞ է շարունակել։
… Աւարտ ունեցող պատմութիւն մը չէ ասիկա, բարեկամներ, այլ տեսարան մը, որ որոշ փոփոխութիւններով կրնայ կրկնուիլ ինչ ու ինչ շինծու պատճառներով այսօր ատելութիւն շնչող ու ապրող շա՜տ մը ժողովուրդներու մէջ…
Եւ ի՞նչ կ՚ըսէք.
Բոլոր տարբերութիւնները հալեցնող այդ կրակը մարեցա՞ւ։ Կը մարի՞։
Կ՚ուզեմ հաւատալ, որ առանց մարելու՝ իր շուրջը հաւաքուելիք գոց սրտեր կը սպասէ ան, որ իր բոցերէն դուրս ժայթքող ջերմութեամբ բացուին…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ