ԱՄԵՆԱՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
1. Ի՞նչ է Աստուած, ինչպէ՞ս կը ճառուի: 2. Ինչքանո՞վ կրնանք բացատրել: 3. Քանի՞ կերպ գոյական կայ, ի՞նչ է էութիւնը. քանի՞ տեսակ մարմին կայ: 4. Ի՞նչ է բանական հոգին. ինչէ՞ն գիտենք, թէ հոգի կայ: 5. Ինչո՞ւ համար անասունները երբեմն մարդոց նման կը զգան: 6. Ինչպէ՞ս կրնանք արարածներու բացատրութենէն Աստուծոյ գոյութիւնը հետեւցնել:
1. Նիկիական Հանգանակը «ՀԱՒԱՏԱՄՔ Ի ՄԻ ԱՍՏՈՒԱԾ» ըսելով կը սկսի, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի պարտքն է հաւատալ նախ, թէ՝ Աստուած կայ, հոգի է եւ մէկ է. աւելին՝ անճառելի է:
«Աստուած կայ» ըսելով նախապէս Անոր գոյութիւնը կ՚իմացուի, որ կայ ըսել է:
Կայ, ըսելով, մենք Աստուծոյ մասին պէտք է իմանանք միշտ գոյ ըլլալ, չնայած որ անճառելի է Անոր գոյութիւնը:
Մարդ մը մինչեւ աչքին զօրութիւնը հասած տեղը կրնայ նայիլ, բերանը չսղմած պատառը կիսելով կը ծամէ, նաւակ մը կամ կառք մըն ալ, այն բանը որ չի կրնար կրել՝ անձ կամ բեռ, կտոր կտոր կը տանի, այդպէս ալ Երրորդութեան մասին գրողները երրբեմն բաժանումներով, կամ երբեմն փիլիսոփայօրէն կատարելով որոշ բաներ՝ մարդոց միտքին ըմբռնողութեան չափ, հազիւ կը համարձակին գրել Անոր մասին, թէ՝ «գոյութիւն, էութիւն, բնութիւն» է, եւ երբեմն ալ թանձրացեալ ու երբեմն ալ վերացական արտայայտութիւններ գործածելով, Աստուծոյ իրենց տուածին չափ կրնան աստուածաբանօրէն ճառել Անոր մասին:
2. Շատ մը բաներու գոյ են, կան, կ՚ըսուի, բայց, ո՛չ մէկ բան Աստուծոյ նման գոյ է:
Արարածներուն մէջ ամենէն գերազանցը մարդն է, բայց անոր ալ աչքին տեսնուած մասը օր մը անշուշտ չկայ ըլլալուն պատճառով՝ գոյութեամբ ստոր կը մնայ, քանի որ չկայութիւն մը կը հասնի անոր վրայ, նոյնիսկ միշտ կայ եղած մասին, այն է՝ հոգին, իր սկիզբը Աստուծմէ առնելուն պատճառով Աստուծոյ գոյութենէն ստոր կը մնայ1:
3. Իմաստասէրներուն համաձայն, երեք տեսակի գոյականներու մասին կրնան մտածել. անձ, իր, էութիւն:
Անձնական մարմին են բոլոր գոյականները, որոնք կը շարժին ու կը տեսնուին, կ՚ըմբռնուին. ինչպէս՝ մարդ, ձի, ճճի, հաւ, եւ այլն:
Իր են, որոնք կան ու կը շօշափուին, բայց իրենք իրենցմէ չեն կրնար շարժիլ ուրիշ գոյականէ մը առանց մղողական զօրութեան:
Էութիւնը այն է, որ կայ եւ չի՛ տեսնուիր. ինչպէս՝ Աստուած, հոգի, հրեշտակ եւ սատանայ:
Տեսակ մըն ալ էակներ կան, որոնց զգալի կ՚ըսենք, որոնք մարմին մէջ կը զգացուին հոգիին միջոցաւ. ինչպէս՝ ցաւը գիտենք որ կայ, բայց չենք կրնար տեսնել զայն:
Էութիւն մը գոյութեան մէջ կայ է, բայց առանց էութեան լոկ գոյակ մը էութիւն չէ. ինչպէս՝ մարմինը գոյակ մըն է, հոգին անոր մէջ անտեսանելի կերպով կայ է. իսկ քար, ծառ, փայտ, լոկ գոյակ են:
Ծառերու մէջ ալ տեսակ մը կայութիւնը կը նշմարուի, բայց էութիւն չէ, այլ աճեցնող ոգի, որ ջուրէն կախեալ է, քանի որ գոյութեան շարժում տուողները երեք կերպ են, այսինքն՝ բանական հոգի, շնչաւոր ոգի, աճեցնող ոգի:
Բանական հոգին էութիւն է, որովհետեւ միշտ կայ՝ սկզբնաւոր [այսինքն սկիզբ առած, սկիզբ ունեցող], բայց անվախճան, իր սկիզբը Աստուծմէ կ՚առնէ. իսկ շնչաւոր, աճեցնող ոգիները չկայի պէս են, քանի որ տունկերու մէջ գտնուած ուժը խոնաւորութիւն եւ ջերմութիւն է, ասոնք ալ թէեւ կան ու չեն տեսնուիր, բայց դարձեալ թափանցիկ մարմիններ են եւ ո՛չ թէ էակներ, քանի որ ջուրը գիտենք թէ մարմին է՝ նուրբ եւ վայրահեղուկ, եւ տարածական, շունչը թէեւ անձերու մէջ է, բայց անբան ըլլալուն պատճառով ո՛չ թէ կատարեալ, այլ՝ անկատար է, ո՛չ թէ հոգեւոր, այլ՝ շնչաւոր է, որ ըսել է, գոյակ ըսելով էակ ալ չէ, բայց էակ ըսելով գոյութիւնը հետն է.
4. Բոլոր էակները մարմին չեն, այլ լոկ գոյակները մարմին են:
Մարմինը երկու տեսակ է. թանձր եւ նուրբ, ինչպէս՝ ծառ, քար, փայտ, հող, թանձր են, իսկ օդ, ջուր, լոյս նուրբ են: Նմանապէս, կան վերացական բառեր, որոնք իբր էութիւն կ՚ընկալուին. ինչպէս՝ տաքութիւն, պաղութիւն2:
Գիտենք, որ բանական հոգին կայ, բայց չի տեսնուիր եւ ձեւի տակ ալ չի մտներ, քանի որ պարզ է, ո՛չ թթուի եւ ո՛չ կծուի համ, ո՛չ ալ ապականելի յատկութիւն ունի, ո՛չ ջուր, ո՛չ խոնաւութիւն, ո՛չ ալ տաքութիւն կամ օդ է, որ ձեւի տակ կը մտնէ, ոչ ալ շունչ է լոկ, որ գարշահոտութիւն մը զարնէ, ատոր համար պարզ էակ ըսելով պէտք է հոգի իմանանք:
Հոգիին կարողութիւնները անոր գոյ ըլլալը կ՚ապացուցեն, անոր անչափ կարողութեամբ կայ ըլլալը երեւան կու գայ, որով կը խորհինք, կ՚երեւակայենք, գլխաւորաբար կը խօսինք, որով բանականութեամբ սեռօրէն առնուած կենդանի բառէն, որ բոլոր կենդանիներուն հասարակ է, տեսակի կը վերածուի, «ԲԱՆԱԿԱՆ ԿԵՆԴԱՆԻ» անունը առնելով, որ յատուկ է մարդկութեան, եւ անդրադարձ սահման, որով գրեթէ կը հրաշագործէ մարդը:
Օրինակ, մի քանի լեզու գիտցող մարդու մը իր մէջ ամփոփած բառերը եթէ պէտք ըլլայ փորձի համար հաշուի առնել, երեք-չորսհազարէն աւելի կ՚ըլլայ, եւ Աստուածաշունչի մեծութեամբ գիրք մը կրնայ կազմուիլ. արդեօք այդ մարդը, այս բառերը մէկ առ մէկ ըսելով ուղեղին ո՞ր տեղը ամփոփեց, որ բանական հոգիին գործն է, ոչ թէ հողակոյտին: Տակաւին, մարդը հոգիի կարողութեամբ անցեալը կը յիշէ, ապագայի մասին կը մտածէ, հոգին մի քանի վայրկեանի ընթացքին բազմաթիւ տեղեր կրնայ պտտիլ եւ բազմաթիւ մարդիկ տեսնել, նոյնիսկ քունի մէջ եղող մարդու մը քով արթուն մարդ մը կը տեսնէ, որ այդ քնացողը ինքն իր հետ կը խօսի, նաեւ կը խնդայ, շարժումներ կ՚ընէ, երբեմն ալ կը վազէ, բայց չի՛ գիտեր, թէ քովը մարդ կայ, քանի որ այդ գործերը հոգիով կ՚ընէ, իսկ հոգին մարմինին մէջ ըլլալով քովը եղողը չի՛ տեսներ, որ ըսել է, թէ հոգին արթուն է, քնացողը մարմինն է:
Տակաւին, հոգիին կարողութեամբ մարդիկ բնութեան գաղտնիքը գտան, երկինք եւ երկիր ձեւով մը գրեթէ չափեցին, իւրաքանչիւր խոտի ու տունկի մէջ եղած բնութիւնը ճանչցան, ակնթարթ վայրկեանի մը մէջ հեռաւոր տեղեր հեռագրեցին, թռչունի նման օդին մէջ սլացան, որոնք հոգիի կարողութեան գործեր են, ո՛չ թէ մարմինին, որու մէջէն հոգին հեռանալուն պէս կը նայիս, թէ՝ աչք, ականջ, բերան, բոլոր զգայարանները կան՝ չկայի պէս, քանի որ իրենց մէջ եղող կայութիւնը պակսած է, եւ այլեւս նոյնիսկ այդ մարմինին նայիլ կը խոժոռինք:
5. Անասուններն ալ ցաւ կը զգան, հաճութեան՝ տհաճութեան նշաններ ցոյց կու տան, իրենք հոտոտելիքներով իրենց ուտելիքը կը ճանչնան, չհաւնածնին չեն ուտեր, կամ թէ լսելու, տեսնելու եւ ուժի մասին եւ կամ հոտոտալու պարագային, մարդէն շատ աւելի են, իսկ երբ կարգը խօսելու եւ խորհելու գայ, այն ատեն յայտնապէս մարդէն շատ ստոր կը մնան, ուրկէ կը գիտցուի, թէ շնչաւոր ոգի ունին, ո՛չ թէ հոգի, եւ այն յատկութիւններն ալ մարդոց համար տրուած է անոնց մէջ, որովհետեւ եթէ ուղտը բեռնաւորելու հնազանդութեամբ մարդոց առջեւ նստելու յատկութիւն չունենար, ո՞վ կրնար անոր վրայ բեռ բեռնել. ձին եթէ սանձի չհնազանդէր, ո՞վ կը համարձակէր անոր վրայ նստիլ. շունը եթէ հաւատարիմ չըլլար, ո՞վ կրնար զայն իր դրան կամ հօտին մօտ պառկեցնել, կամ եթէ պառկելէն վերջ եկող գողը անկէ աւելի հոտ առնէր կամ տեսնէր, ու շունը գողէն առաջ չտեսնէր կամ հոտ չառնէր, ի՞նչ օգուտ անոր պառկելէն:
Անբաններուն յատկութիւնները թուելու պէտքութիւն մը չունինք, այլ՝ բաւարար է, որ գիտնանք, թէ անբանները բանականներու ծառայելու յարմարութիւն ունենալու համար՝ այդ յատկութեամբ ստեղծուած են Արարչապետէն:
Բազամթիւ փիլիսոփաներ արարածներուն միայն նայելով զԱստուած ճանչցան, այնպէս որ արեգակին ջերմութիւնը այս ինչ բանը կը գործէ, կամ այս ինչ տարրը այն ինչ յատկութիւնները ունի, բայց այդ յատկութիւնը ինքն իրեն չըլլար, այդ տարրերուն մէջ ուժ դնողը Արարիչ Աստուածն է: Երբ որդի մը կը տեսնենք, կը նայինք ու գիտենք, թէ հայր մը ունի, այդպէս ալ երբ արարածներուն կը նայինք, գիտենք, թէ Արարիչ մը ունին: Արեգակը իր լոյսով, ջերմութեամբ եւ մեծութեամբ ինչպէս որ բոլոր թանձր եւ նուրբ մարմինները կը գերազանցէ, այդպէս ալ մարդը իր բանականութեամբ բոլոր արարածները կը գերազանցէ:
6. Մարդը, որ անասուններէն եւ անբաններէն գերազանց է չտեսնուածներու պարագային, այսինքն՝ հոգիի զօրութեամբ, քանի որ մարդուն հոգին արարած է եւ գերազանց՝ քան բոլոր արարածները, հետեւաբար անոր ընողն ու արարիչը հոգի է, որովհետեւ չի տեսնուիր, ինչպէս մարդուս հոգին կայ եւ չի տեսնուիր, էութիւնն ալ է ուրեմն հանդերձ գոյականութեամբ, քանի որ արարեալ էակ մը կայ, ուրեմն Արարիչն է գերագոյն էակ, նախքան յաւիտեանները անսկիզբ եւ անվախճան, ուրկէ կը գիտնանք, թէ Աստուած կայ, հոգի՛ է եւ մէկ, գերագոյն էակ, եւ Ի՛նքն է էակներուն Էակը, միակ գոյութեամբ, ինքնագոյ, անտեսանելի, անիմանալի, անճառելի, մէկ բնութիւն, մէկ Աստուածութիւն, քանի որ ամենաչնչին արհետի մը մէջ նոյնիսկ երկու տեսակի բնութիւն իրարու կը հակառակին, հետեւաբար ահագին եւ սքանչելի Արարչագործի մը մէկ բնութիւն եւ մէկ Աստուածութիւն կը վայելէ անայլայլելի գոյութեամբ:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 3
Վաղարշապատ
1 Բազմաթիւ բաներու բարի կ՚ըսենք, բայց բնաւ բան մը Աստուծոյ նման չէ: Մարդը կը մեռնի, արեւն ու լուսինը կը խաւարին, բոլոր արարածները փոփոխական են, անայլայլելին մի միայն Աստուած է, ատոր համար «Աստուծմէ զատ, ուրիշ ոչ ոք բարի է», կ՚ըսէ Քրիստոս [տե՛ս Մտ 19.17]:
2 Ասոնք ալ դարձեալ ծաւալական են, որովհետեւ տաքութիւն եւ պաղութիւն իրարու դէմ գալով, ձայն կու տան, իրենց գտնուած տեղին համեմատ ձեւ կը ստանան: Օրինակ, բնագէտներուն համաձայն, խաչաձեւ երկաթի մը մէկ ծայրը կրակին մէջ եթէ մտցնես, չորս կողմը տարածելով ամէն կողմ կը ծաւալուի, ըսել է տաքութիւնը խաչի ձեւ առաւ: Ջուրը ի՛նչ ձեւի ամանի մէջ որ սառեցնես, այդ ձեւը կը ստանայ: Նմանապէս օդն ալ մարմին է եւ կ՚ընդդիմահարէ: Եթէ գաւաթ մը հակառակ դարձուցած ջուրին մէջ մտցնես, տակը փակած թուղթը չի՛ թրջիր, քանի որ օդը հակառակ կը կենայ, մէկ կողմը եթէ ծռես՝ օդը կը պարպուի եւ թուղթը կը թրջի: Նմանապէս լոյսն ալ իր անցած տեղին համեմատ ձեւ կը ստանայ, որ աս ալ մարմին ըսել եղաւ, եւ համաձայն ասոր գոյական է: