ԱՊՐԻԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԵԾ ՅԻՄԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՐԾԵԼ

Մարդը ինքնասպանութեան, նեղութեան ու տառապանքի առաջնորդողը եղելութիւններէն ու դէպքերէն աւելի իր մտածումներն են. մարդիկ ինչքան ալ իրենց արտաքինին կարեւորութիւն տան, մի՛շտ ներքինը կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն, որովհետեւ մարդ յաճախ մարմնապէս կրնայ համակերպիլ իրավիճակներու, սակայն, հոգեպէս այդ մէկը այնքան դիւրին կրնայ չըլլալ՝ ինչքան մարմնականը։ Այդ իսկ պատճառով աշխարհի մեծագոյն դժբախտութիւնները ծնունդ են ո՛չ թէ դէպքերու, այլ մտածումներու: Միտքն է, որ ծնունդ կու տայ յուսահատութեան, վախի, միտքն է, որ կը ստեղծէ մեղաւորութեան զգացում, միտքն է, որ կը մեղադրէ բոլորը եւ այդտեղ գոյութիւն ունեցող ներքին պայքարն է, որ մարդը կը կործանէ։ Գուցէ այս բոլորը նկատի ունենալով է, որ Նար-Դոսի ինքնասպան եղող «հերոս»ը իր վերջին նամակին մէջ կը գրէ. «Երբ մտածեմ, որ վաղը այլեւս յաւիտեան պիտի չմտածեմ, կը զգամ, թէ մարդոց մէջ ամենէն երջանիկը ես եմ». սեփական միտքերը լռութեան մատնելը ինքնասպանը կը նկատէ փրկութիւն ու հանգստութիւն եւ կը վախնայ, որ չըլլայ թէ մարդիկ ստիպեն զինք դարձեալ ապրելու, որովհետեւ ամբողջական ազատութիւնը ան կը տեսնէ միտքերուն վերջ տալուն մէջ: 

Ի դէպ, ուսումնասիրութիւններ եւս կը յայտնեն, որ մարդիկ ընդհանրապէս դէպքերու հիման վրայ չէ, որ ինքնասպանութիւն կը գործեն։ Ինքնասպանութեան հիմնական պատճառը անոնց միտքերուն մէջ է. իւրաքանչիւր անձ դէպքերը տարբեր ձեւով կը մեկնաբանէ, տարբեր ձեւով կ՚ընկալէ եւ այդ բոլորը միտքին մէջ վերլուծելով տարբեր տարբեր եզրակացութիւններու կը յանգի։ Յաճախ կը տեսնենք, թէ աներեւակայելի դժուարութիւններ կրած անձ մը կը շարունակէ ապրիլ, իսկ ուրիշ մը փոքր դժուարութեան դիմաց վերջ կու տայ իր կեանքին. պատճառը դէպքերուն կամ ապրուած ճշմարտութեան «մեծ»ութիւնը չէ. ինքնասպանութեան մէջ կապ չունի եղած դժբախտութեան մը կարեւոր կամ անկարեւոր ըլլալը, որովհետեւ դէպքէն աւելի մարդու միտքն է, որ կ՚առաջնորդէ զինք յանդուգն որոշումներ կայացնելու։ Այդ իսկ պատճառով դաստիարակութեան մէջ շատ մեծ կարեւորութիւն ունի մարմնականէն աւելի հոգեկան ու մտային առողջութիւնն ու հանգստութիւնը. ծնողներն ու ուսուցիչները աշխարհիկ գիտելիքներու կողքին հոգեկան դաստիարակութիւնը պարտին տալ զաւակ-աշակերտին, ինչ որ թուաբանական կամ աշխարհագրական գիտելիքներ փոխանցելէ շա՜տ շատ աւելի դժուար է:

Մարդկային միտքը հետեւեալ քաոսը կը ստեղծէ մարդու մօտ. 

Ա.- Ինքնամեղադրում.- Երբ մարդ սխալ մը գործէ եւ լաւապէս գիտակցութիւնը ունենայ իր կատարածին եւ անոր պատճառած հետեւանքներուն, բնականաբար, կը սկսի մեղադրելու սեփական անձը, որուն կը յաջորդէ մարդկային բնազդին մաս կազմող պաշտպանողական մօտեցում՝ արդարացումը։ Մարդ իր գործած սխալները արդարացնելու համար կրնայ ուրիշը մեղադրել, սակայն, այդ մէկը կրնայ ընել միայն ու միայն իր շրջապատին հանդէպ եւ ո՛չ իր անձին։ Ամէն մարդ ինքն իր հոգիին ու միտքին մէջ, խիղճին հետ դէմ առ դէմ լաւապէս կը գիտակցի, թէ ինչքանով մեղաւոր եւ ինչքանով անմեղ է։ Մարդու համար ներքին քննադատութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր է՝ քան արտաքին. ուրիշներ ճիշդ կամ սուտ բամբասանքներով կրնան հազար ու մէկ բան ըսել մեզմէ իւրաքանչիւրին մասին, եթէ մենք գիտենք անոր ճիշդ չըլլալը՝ նեղանալով հանդերձ կրնանք պայքարիլ ու ժամանակի ընթացքին մոռացութեան տալ, սակայն, երբ սեփական միտքը, սեփական խիղճը մարդը կը տանջէ՝ լուրջ խնդիրներու դուռ կը բանայ: 

Բ.- Յուսահատութիւն.- Մարդկային միտքը իւրաքանչիւր բացասական դէպքի պարագային կը փորձէ լուծումներ գտնել։ Ամենէն դժուար պահուն անգամ բնազդով մը կը փորձէ դրական ու արդիւնաւէտ լուծումներ ստեղծել եւ դուրս գալ անել կացութենէն, սակայն, կան պահեր ու պարագաներ, որոնք իրապէս չունին լուծում եւ մարդկային միտքը լաւապէս գիտակցութիւնը ունի այդ դժբախտութեան: Մարդկային միտքը կը փորձէ լուծում գտնել, սակայն, երբ հանդիպի «այլեւս ելք չկայ» ըսուած արգելքին, լուրջ խնդիրի դիմաց կը գտնուի. կա՛մ պէտք է համակերպիլ ու փորձել վերականգնել կացութիւնը, կամ յուսահատիլ ու առաջնորդուիլ դէպի կործանում։ Այս երկու նրբութեան կապուած է ապրելու ու չապրելու կարեւոր որոշումը. «ելք չկայ»ի կացութիւնն է, որ երկու տարբեր խաչմերուկներ կը ստեղծէ մարդուն դիմաց. կա՛մ ապրիլ՝ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, կամ ալ երթալ սեփական անձը կործանելու քայլին: 

Այս միտքերու խառնուրդն է, որ մարդուն մէջ կը զարգացնէ յոռետես մտածումները. մեղադրանքներն ու անլուծելի թուացող հարցերը մարդուն մէջ քիչ քիչ կը ստեղծեն «ես մէկու մը պէտք չեմ», «ես ապրելու արժանի չեմ», «ինչո՞ւ ապրիմ» եւ նման բացասական բազմաթի՜ւ մտածումներ: Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու ապագայի անորոշութիւնը՝ որ արդէն իսկ մարդկային կեանքի մեծագոյն մտահոգութիւններէն ու վախերէն մէկն է: Այդ իսկ պատճառով, ինքնասպաններու պարագային պէտք է ուսումնասիրել ո՛չ թէ դէպքերը, այլ հոգեկան աշխարհը, որուն մէջէն կ՚անցնի զոհը (զոհ կը կոչենք, որովհետեւ ո՛չ մէկը կ՚ուզէ գերին դառնալ բացասական ու իրապէ՛ս մարդու կեանք կործանող մտածումներու). մենք կը տեսնենք անձը, կը լսենք անոր խօսքերը, սակայն, անոր հոգեկան աշխարհը, ներքին մտածումները մեզի կը շարունակեն մնալ անծանօթ եւ այդ անծանօթին մէջ է ,որ մարդ կը կայացնէ ըլլալու եւ չըլլալու իր որոշումը:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հայրի՜կ ես չեմ կրնար ըմբռնել. այսքան վսեմ բնութեան մէջ, այսքան անդորր ու բարի բնութեան մէջ, երբ հովերը կ՚անցնին բարձրերէն ու անտառակին ծայրի ծառերը այսքան նազանքով կը խոնարհին իրարու համբոյրներ տալով, երկինքին կապոյտ տարածութիւնը երբ այսքան քաղցր ու վեհօրէն կը կամարանայ մեր վերեւ, երբ այսպէս կարելի է ընկողմանիլ թաւուտներուն խորը ու զգալ ու զմայլիլ այս բոլորով…: Ինչո՞ւ մարդերը այսքան չա՛ր են: 

ՌԱՖԱՅԷԼ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 20, 2026