ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄՆ ՈՒ ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԸ

Ինչպէս որեւէ ինքնութիւն, այնպէս ալ ռուսականը ապրած է խմորման ու կայացման հանգրուաններ: Առանց անդրադառնալու անոր պատմականին՝ միայն ըսենք, որ ան ամենացայտուն ներկայացուցիչն է սլաւական ինքնութեան: Ինչպէս որեւէ պետութիւն՝ Ռուսաստանն ալ տարբեր ժամանակաշրջաններու ունեցած է տարբեր դիմագծեր, որոնցմէ առաւելաբար պայծառ ու ցայտունն է սլաւականը։ Սլաւականութիւնը ներկայ դարաշրջանով վերելք ու զարգացում չապրեցաւ, այլ ընդհակառակն, Ռուսաստանի նահանջին ու խարխափումներուն հետ ան ալ կորսնցուց իր կենսունակութիւնը: Միւս կողմէ, ռուսական ինքնութեան եւ ռուս պետականութեան գոյաբանական ու ռազմավարական կառուցուածքը խարսխուած է եւրոասիականութեան ալ վրայ, քանի ան չէ կրցած դառնալ եւրոպական երկիր (ինչ որ տեղ մը նոյնինքն սլաւականութեամբ ալ անոր երազն էր):

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ-ԵՒՐՈՊԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ռուսաստան գրեթէ միշտ թշնամական յարաբերութիւններ ունեցած է Եւրոպային հետ։ Թէեւ եղած են շրջաններ, երբ դաշնակցութիւններ գոյացած են Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ, սակայն, ընդհանուր առմամբ, Ռուսաստան խորթ զաւակը մնացած է Եւրոպայի, որ զայն դիտած է իբրեւ ծայրամաս ու վտանգի աղբիւր: Ռուսաստան բնաւ չէ կրցած նուաճել Եւրոպան, միայն Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին ան կրցաւ երկաթէ բազուկով արեւելեան Եւրոպան իրեն ենթարկել: Բայց եւ այնպէս, եւրոպական կառոյցին ու եւրոպական համադրումներուն մէջ Ռուսաստան գրեթէ դեր չէ ունեցած ու անոր ներկայութիւնը ողջունելի չէ եղած Եւրոպային կողմէ: Ռուսաստանի պետական ուժականութեան ու ռազմական հզօրացման նպատակը ձեւով մը եղած է պատասխանել Եւրոպայի՝ անոր չկամութեան հանդէպ եւ այդ բացի լրացումը եղած է՝ Ասիոյ մէջ Ռուսաստանի ընդլայնումով ու գերիշխանութիւն տարածելով: Եւրոպական մշակոյթը տեւապէս օրինակելի, ձգտելի եւ բնորդային եղած է Ռուսաստանի համար, որուն դէպի Եւրոպա ձգտումը ունի ուժային վարքագիծ, քանի քաղաքակրթութեամբ ան միշտ աւելի յետամնաց էր եւ է՝ քան Եւրոպան: Պատմութեան ընթացքին Ռուսաստան մի քանի առիթով գրաւուած է Եւրոպայէն, բայց անոր գաղութացումը Եւրոպայի կողմէ չէ դիտուած իբրեւ գերնպատակ, այլ պարզապէս զինաթափման գործառոյթ:

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ-ԱՍԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ի տարբերութիւն եւրոպական երկիրներու, Ռուսաստանի դէպի Ասիա տարածումը միայն գաղութատիրական հիմքով չէ եղած, այլ ան գրաւած է տարածքներ։ Ռուսաստան ասիականացումով ընդլայնած է իր սահմանները եւ ռուսական ինքնութիւնը ասիականացուցած է: Հաւանաբար, այս կէտին ի յայտ կու գայ Ռուսաստանի աշխարհագրական իւրայատկութիւնը։ Եւրոասիական միտքը ռուսական միտք է, իսկ անոր գործադրումը տարածքային ընդլայնում ապահոված է Ռուսաստանին, բայց միեւնոյն ատեն պարտաւորած է, որ հակադրուի իրեն աւելի հարազատ սլաւական ինքնութեան։ Այս մէկը պատճառ դարձած է, որ տեղ մը Ռուսաստան կորսուածութիւն ապրի։ Ներկայիս Ռուսաստան այլեւս անկարող է յաւելեալ տարածք գրաւել ու ազդեցութիւն բանեցնել Ասիոյ վրայ՝ մանաւանդ Չինաստանի գերզարգացումէն ետք:

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ-ԱՄՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Միջազգային բեմահարթակի վրայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յայտնուիլը՝ կրնանք ի նպաստ համարել Ռուսաստանին։ ԱՄՆ միշտ օգնած է  Ռուսաստանին եւ փորձած՝ անոր միջոցով  հաւասարակշռել Եւրոպային դիմակայական հաւանականութիւնները: Պաղ պատերազմը ինչքան ալ սարսափելի հանգրուան մը ըլլայ, ան մեծ բախումի չէ վերածուած եւ Ռուսաստան ԱՄՆ-ի հետ չէ պատերազմած։ Ընդհակառակն, ԱՄՆ աւելի ընդգծուած կարեւորութիւն տուած է ռուսական ինքնութեան՝ քան Եւրոպան:

Ինչո՞ւ ներկայիս ռուսական ինքնութիւնը մեծ տագնապի առջեւ կանգնած է, քանի անոր գագաթնակէտը կրնանք համարել խորհրդային ժամանակաշրջանը, երբ ան չարաչար պարտուեցաւ։ Նաեւ Ուքրայնայի դէմ մղած պատերազմը, որու ընթացքին այդ երկիրը դիմադրեց եւ պայքարեցաւ ու մեծ հարուած հասցուց ռուսական ինքնութեան։ Իսկ ինչո՞ւ համար այդ հարուածն ու տարրալուծումը ճակատագրական է, քանի ուքրանական ինքնութիւնը գրեթէ նոյնն է ռուսականին հետ։ Բայց եւ այնպէս, ուքրանական ինքնութիւնը յաղթական դարձաւ՝ աւելի պայքարող ու ազնիւ իր մերժողականութեամբ: Ուքրայնան ո՛չ միայն հարուածեց ռուսական ընդհանուր ռազմավարութիւնը, ռազմափիլիսոփայութիւնը, ընկերբանութիւնն ու աշխարհաքաղաքականութիւնը, այլ ռուսական ինքնութիւնը պարունակազրկեց եւ ջլատեց: Ռուսական ինքնութիւնը՝ մանաւանդ Խորհրդային Միութեան ժամանակ, հիմնուած էր ուժի, տիրակալութեան եւ պարտադրանքի վրայ։ Մինչ այդ, ան յաղթող չէ եղած արեւմտեանի նման, նաեւ չէ կրցած հասնիլ քաղաքակրթական ու արհեստագիտական գերիշխանութեան։

Արեւմուտքը ի հակադրութիւն Ռուսաստանի եւ Չինաստանի ալ, ինքնութիւն պարզելու խնդիր չունի, իսկ Ռուսաստան տակաւին այդ տագնապը կ՚ապրի:

Ռուսական ինքնութիւնը վանողական էր Եւրոպայի համար, իսկ Ռուսաստանի Ուքրայնայի վրայ յարձակումով՝ զայն կրեց գոյութենական հակադրուածութիւն եւ անհատոյց վերարժեւորումի մէջ յայտնուեցաւ:

Արդի աշխարհին մէջ ինչքան ալ ուժի կուտակումն ու պարտադրումը գործօն է, սակայն, ինքնութեան հարցը աղերսուած կը մնայ քաղաքակրթական նուաճումներով ու յառաջդիմութեամբ: Երբ յետամնաց ես ու միայն ռազմական յենարանով կը բանի ինքնութիւնդ, զայն խաթարուած կը համարուի, ինչքան ալ հմայիչ կամ ապրեցնող համարես դուն քեզ (ինքնախաբէութեամբ կամ ակամայ), երբ ընդունելի եւ համոզիչ չես, կը մնաս անլիարժէք ու խախուտ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 31, 2026