ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵՄ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Դէպի Պրիւքսէլ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս, երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան ընդլայման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ քննարկուեցան Հայաստան-ԵՄ ռազմավարական օրակարգի իրականացման վերաբերեալ հարցեր։ Զրուցակիցները անդրադարձան յառաջիկայ մայիսին Երեւանի մէջ նախատեսուած Հայաստան-ԵՄ գագաթաժողովին, ապագային ծրագրուած բարձրաստիճան շփումներու օրակարգային հարցերուն։ Կողմերը ընդգծեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շօշափելի նոր արդիւնքներ ապահովելու հետամուտ նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։
Արարատ Միրզոյեան եւ Մարթա Քոս անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմաններու ներքեւ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղեալ ծրագրերուն։ Անոնք շօշափեցին նաեւ խաղաղութեան ապագայ հաստատութենականացման հետամուտ այլ քայլեր։
Միւս կողմէ, Մոսկուայէն երէկ հերթական անհանգստութիւնը բարձրաձայնուեցաւ՝ Երեւան-Պրիւքսէլ կապերու սերտացման դէմ։