ՆՈՐՈՎԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Եւրոպայէ ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմերու գործունէութիւնը աշխուժացնելու՝ մանաւանդ վարչա-կազմակերպչական դրուածքը նոր հարթութեան մը վրայ դնելու խնդիրները երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնեն հայ իրականութեան օրակարգը։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս ուշադրութիւն գրաւեց Զուիցերիոյ հայոց թեմէն ներս նոր առաջնորդի մը կեանքի կոչուիլը. յանձինն՝ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեանի, որու նշանակումը կատարուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Նոր առաջնորդի նշանակումը զուիցերահայութեան տեսակէտէ նորովի համախմբման առիթ մըն է։ Սա կը բնորոշէ նոր սկիզբի մը փուլը, ուր հիմնական ակնկալութիւնները կ՚ուղղուին դէպի ամուր միասնութիւն եւ կենսունակութիւն։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան արդէն թարմ եռանդով ու վճռականութեամբ ձեռնամուխ է զուիցերահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վարչա-կազմակերպչական վաղեմի մարտահրաւէրներու յաղթահարման։ Զուիցերահայ համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարուած նշանակումը։ Արդարեւ, սա կ՚ուրուագծէ նոր հեռանկարներ եւ հնարաւորութիւններու դուռ կը բանայ ներդաշնակ ոգիով համակարգուած աշխատանք մը ծաւալելու ուղղութեամբ։

Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հազիւ Ժընեւ հասած էր, որ առիթն ունեցանք զրուցելու իրեն հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը մասնաւոր յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ իր պաշտօնամուտին առթիւ։ Ժընեւի մեր զրոյցին ներկայ էր նաեւ Զուիցերիոյ հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Մաթիկ Էպլիղաթեան։ Առցանց միացաւ նաեւ թեմական խորհուրդի ատենապետ Մայք Պարոնեան։ Այս շահեկան զրոյցի լոյսին տակ առիթն ունեցանք ծանօթանալու նոր առաջնորդի մտահորիզոններուն եւ իր նշանակմամբ թեմէն ներս ստեղծուած իրավիճակին։

Զուիցերիոյ հայոց թեմէն ներս, վերջին շուրջ 10-12 տարիներուն ընթացքին՝ որպէս առաջնորդական փոխանորդ կը պաշտօնավարէր Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան, որ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն մին է: Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ հայր սուրբին յանձնուած էր առաջնորդական տեղապահի պաշտօնը, որ ներկայ դրութեամբ կը համարուի իր աւարտին հասած: Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան եւ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան զուիցերահայ հաւատացեալներուն առջեւ շատ դրական մթնոլորտի մը մէջ իրականացուցին հերթի փոխանակում: Նորին Սրբազնութեան նախագահած առաջին կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց հայր սուրբը, որ նորանշանակ առաջնորդը հաւատացեալներուն ներկայացուց պատշաճօրէն՝ շեշտելով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարուած տնօրինութիւնը: Երկու հոգեւորականները խորանին վրայ օրինակելի եւ ողջունելի պատկեր մը պարզեցին: Զուիցերահայ շրջանակները կը հաղորդեն, որ յառաջիկային Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան միջոց մը եւս պիտի շարունակէ մնալ թեմէն ներս եւ հովուական ծառայութիւն պիտի մատուցանէ ծուխերուն:

Անշուշտ, բոլորին ծանօթ է, որ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան վերջին շրջանի ցաւալի իրադարձութիւններուն մէջ յայտարարած է, որ կը միանայ այն տասը եպիսկոպոսներուն, որոնք գործնականօրէն դաւաճանած են Վեհափառ Հայրապետին: Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի ընդհարման պայմաններուն ներքեւ այդ տասը եպիսկոպոսները կը համագործակցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որ բոլոր հարթութիւններու վրայ կը շեշտէ իր առաջնահերթութիւնը՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գահընկէց ընելու ուղղութեամբ: Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեանի այդ շարժման միանալը, հասկնալիօրէն, անհանգստութիւն պատճառած է զուիցերահայ շրջանակներուն: Յամենայնդէպս, երկու հոգեւորականներու միջեւ հաւատացեալներու աչքին առջեւ պարզուած քաղաքակիրթ հերթի փոխանակման պատկերը բոլորին տեսակէտէ ողջունելի էր: Յամենայնդէպս, թեմական խորհուրդի ատենապետ Մաթիկ Էպլիղաթեան մեր զրոյցի ընթացքին չնախընտրեց շրջանցել այս էական խնդիրը: Ան դիտել տուաւ, որ թեմական խորհուրդը համամիտ չէ եղած Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեանի կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութեան: Ան յիշեցուց, որ թեմական խորհուրդի կազմին մէջ կը գտնուին նաեւ թեմի ենթակայ չորս ծուխերու ատենապետները: Մաթիկ Էպլիղաթեան դիտել տուաւ, որ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան այլեւս Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի իշխանութեան ենթակայ է՝ որպէս սաղիմական միաբան:

Մեր հետ զրոյցի ընթացքին Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Զուիցերիոյ հայոց թեմի անցեալին, ներկային ու ապագային: Ան նշեց, որ երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յարմար դատած էր Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմ մը հաստատել՝ հաշուի առնելով, որ այդ երկիրը, միեւնոյն ժամանակ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնատեղին կը հիւրընկալէր: «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը որեւէ ձեւով իր նախորդներու կոնդակները անտեսելու հակուած չէ: Ընդհակառակն, Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ իր նախորդներու հետ նոյն գիծը ու կը ջանայ այսօր Զուիցերիոյ պարագային կեանքի կոչել երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կոնդակի տրամադրութիւնները», ըսաւ ան:

Այժմ Եւրոպայի մէջ կան բազմաթիւ երկիրներ կամ շրջաններ, որոնք Հայրապետական պատուիրակութիւններու հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ կը գտնուին: Նորին Սրբազնութիւնը համոզուած է, թէ Հայրապետական պատուիրակութիւնները կը համարուին ժամանակաւոր դրութիւն, ուստի, օր մը անոնք պէտք է վերածուին կանոնաւոր ու կանոնական թեմերու: Զուիցերիոյ պարագային թեմը թէեւ հռչակուած ու սահմանուած է, սակայն, կայ էական խնդիր մը՝ քանի թեմական կանոնադրութիւնը վերջնականօրէն չէ հաստատուած: Առաջնորդ սրբազանի բանաձեւումով՝ թեմը, իրականութեան մէջ, ծուխերու միութիւն մը կը հանդիսանայ: Այժմ Զուիցերիոյ թեմէն ներս կան Ժընեւի եւ Ցիւրիխի ծուխերը, ուր լիարժէք ազգային-եկեղեցական կեանք գոյութիւն ունի: Կան նաեւ Լուկանոյի եւ Նէօշաթէլի ծուխերը, ուր թէեւ կազմակերպուած ազգային-եկեղեցական կեանք մը կայ, սակայն, մշտական եկեղեցիներ գոյութիւն չունին: Թէեւ օրակարգի վրայ է, որ այդ շրջաններէն ներս երկարաժամկէտ վարձուին եկեղեցիներ, սակայն, այս պահու դրութեամբ Զուիցերիոյ թեմի չորս ծուխերէն միայն երկուքը ունի մշտական եկեղեցի, իսկ միւս երկուքը՝ ոչ: 

Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեանի խօսքով՝ թեմական կանոնադրութեան վերջնական վաւերացման գործընթացը յառաջիկայ շրջանին պիտի ըլլայ իրենց գործունէութեան առաջնահերթութիւններէն մին: Երբ որ թեմը ունենայ վերջնական կանոնադրութիւն մը եւ այդ մէկը տուեալ երկրի պատկան մարմիններուն կողմէ վերահաստատուի, ապա ազգային-եկեղեցական կեանքը ա՛լ աւելի պիտի կանոնաւորուի եւ, ընդհանրապէս, թեմի գործունէութիւնն ալ նոր թափ մը պիտի ստանայ: 

«Ես վստահ եմ, թէ Զուիցերիոյ պարագային կը յաջողինք: Ծանօթ եմ՝ այստեղ կան լաւ, ազնիւ մարդիկ, որոնց հետ կրնանք աշխատիլ արդիւնաւէտ եւ լուծման հունի մէջ դնել տարիներէ ի վեր կուտակուած խնդիրները», յայտնեց Նորին Սրբազնութիւնը: Այս ամբողջին մէջ ան կը կարեւորէ միութիւններու եւ յարակից խմբաւորումներու ու մանաւանդ՝ «Թոփալեան» վարժարանի ամբողջովին ընդգրկումը այս նոր փուլի աշխուժութեան: 

Նորին Սրբազնութիւնը զանազան ազգային կառոյցներու առընթեր, բարձր կը գնահատէ նաեւ զուիցերահայ ազդու անհատ ազգային գործիչներու դերակատարութիւնն ու ներդրումը: Անոնք ընդհանրապէս այս վերջին շրջանին համախոհութեան մէջ գտնուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ: Թեմակալ առաջնորդը կը շեշտէ, որ առանց նման հայորդիներու դժուար է պատկերացնել առողջ թեմական կեանքի մը գոյութիւնը: «Մենք պիտի ջանանք աշխուժացնել թեմական ու ծխական կեանքը բոլոր ուղղութիւններով: Ժընեւի մէջ բաւական միութիւններ կան: Եւ այս բոլորէն անդին, գրի եւ դպրութեան հիմքերն ալ պէտք է ամրապնդենք այստեղ եւ այս առումով առաջնորդող դեր պէտք է խաղանք», շարունակեց Նորին Սրբազնութիւնը:

Զրոյցի տեւողութեան Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան վերյիշեց 2008 թուականը, երբ Պոսէի համալսարանին մէջ կ՚ուսանէր եւ այդ ժամանակ արդէն առաջին շփումները եւ ծանօթութիւնները ունեցած էր Զուիցերիոյ հայոց թեմէն ներս, ուր մարդիկ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուած էին իրեն նկատմամբ: Այսօր ան երջանիկ է, որ տարիներ անց արդէն այս թեմէն ներս հնարաւորութիւն կ՚ունենայ ծառայելու՝ որպէս առաջնորդ: «Ես լաւատես եմ: Թեմական խորհուրդի կազմին մէջ կան արժէքաւոր մարդիկ: Բաց աստի, թեմական կանոնադրութեան վերջնական հաստատման ուղղութեամբ մենք կ՚աշխատինք հնարաւոր ամէն ինչ ընել», ըսաւ ան:

Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան ցայսօր պաշտօնավարած է Ֆրանսայի թեմէն ներս, եղած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի փոխ-դիւանապետ եւ եղած է Գեղարքունիքի թեմակալ առաջնորդը: «Հայ հոգեւորականը զինուորի պէս պատրաստ պէտք է ըլլայ որեւէ տեղ ծառայելու: Նուիրուածութիւնն ու հնազանդութիւնն են մեր առաքելութեան առանցքը: Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ի՛նչ որ տնօրինէ, մենք պէտք է հետեւինք իր կարգադրութիւններուն: Վեհափառ Հայրապետի կրած արծիւը ուշադրութեան առարկայ խորհրդանշան մըն է: Արծիւը այն թռչունն է, որ ամենաբարձր դիրքի վրայ թռիչք կ՚առնէ: Վեհափառ Հայրապետին արծիւն ալ խորհրդանշան մըն է, որ ան բոլորէն աւելի բարձր դիրքէ կը դիտէ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը, ուստի, իր տնօրինութիւնները կ՚ունենան համապատասխան շրջահայեացութիւն», դիտել տուաւ Նորին Սրբազնութիւնը:

Զուիցերիոյ հայոց թեմի ապագայի վերաբերեալ սպասումները բանաձեւելու ժամանակ, Նորին Սրբազնութիւնը մասնաւորապէս կանգ առաւ նոր սերունդի ուղղեալ մտադրութիւններուն վրայ: Արդարեւ, ան կը ծրագրէ իր գործունէութեան թիրախին պահել երիտասարդութիւնը, որու պատրաստութեան շնորհիւ միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ թեմը զօրացնել երկարաժամկէտ:

Հարկ է նշել, որ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցին վարչական առումով ունի ինքնուրոյն դրուածք մը: Թեմական խորհուրդի ենթակայութեամբ, Ժընեւի եկեղեցին կը ղեկավարուի ծխական խորհուրդի կողմէ: Յամենայնդէպս, եկեղեցւոյ շէնքի սեփականութիւնը կը պատկանի ո՛չ թէ ծխական խորհուրդին կամ թեմական խորհուրդին, այլ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիմնադրամին, որ պաշտօնական ձեւակերպումով եկեղեցւոյ շէնքի սեփականատէրն է եւ այդ սրբավայրի շէնքը վարձու տուած է ծխական խորհուրդին: Տասնամեակներ առաջ, «Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիմնադրամի պարագային զուիցերահայ ազգայիններ եւ բարերարներ նրբանկատ կարգադրութիւններ ըրած եւ համապատասխան կանոնադրութիւն մը մշակած են: Հաշուի առնելով սփիւռքահայ կեանքի տագնապները՝ անոնք հիմնադրամի կանոնադրութեան մէջ յատկապէս շեշտած են, որ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցին եւ ծուխը գործունէութիւն կը ծաւալեն՝ միայն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն նշանակուած հոգեւորականի մը հովանիին ներքեւ: Այժմ, նոյն «Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիմնադրամն է, որ ապահոված է նոր թեմակալ առաջնորդի՝ այդ ալ եպիսկոպոսի մակարդակով, պաշտօնի կոչուիլը թեմէն ներս, ինչ որ այսօր նոր հեռանկարներու ուղղութեամբ կը յուսադրէ թէ՛ զուիցերահայութիւնը եւ թէ ընդհանրապէս հայ աշխարհը:

*

ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՄԱՅՔ ՊԱՐՈՆԵԱՆ. «ՇԱՏ ՈՒՐԱԽ ԵՆՔ, ՈՐ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄԸ ՈՒՆԻՆՔ»

«Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս կանոնադրութեան մը վերջնական հաստատման գործընթացը տեւական ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ է։ Այս առումով յստակ են թէ՛ մեր եկեղեցական կանոնները եւ թէ երկրի օրէնսդրութիւնը։ Բնականաբար, յառաջիկայ շրջանին մեր թեմի գլխաւոր դէմքը պիտի ըլլայ նորանշանակ առաջնորդ սրբազանը։ Մենք շատ ուրախ ենք, որ նոր առաջնորդ մը ունինք։ Վեհափառ Հայրապետը մեզի նոր առաջնորդ մը ուղարկած է եւ իր յարմար դատած անձը՝ Պարթեւ սրբազանը նկատի ունենալով՝ կրնանք ըսել, որ շատ տեղին որոշում մը առած է։ Մեր թեմական խորհուրդը, անշուշտ, ունի իր կազմը։ Մեզի համար ամբողջովին ընդունելի է նոր առաջնորդ սրբազանին նշանակումը ու բոլորս տուած ենք մեր համաձայնութիւնը։ Մեր թեմական խորհուրդը ձեռնամուխ է կանոնադրութեան վերջնական հաստատման։ Այժմ կը սկսի նոր շրջան մը եւ մեր նոր առաջնորդին գլխաւորութեամբ ինչ որ որոշուի, ապա այդ կամքը տարածում կը գտնէ թեմէն ներս»։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 31, 2026