ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ՊԱՐԹԵՒ ԵՊՍԿ. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ ԺԸՆԵՒԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԱՏՈՅՑ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմին տեսակէտէ երէկուան օրը յատկանշական ու պատմական էր. նոր թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Զուիցերահայութեան տեսակէտէ միասնականութեան ու համախմբման տօնակատարութեան մը վերածուեցաւ այս Ս. Պատարագը, որ զուգադիպեցաւ Ս. Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան տօնի շաբաթավերջին:
Արարողութեան նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան: Այս վերջինը Ս. Պատարագի ընթացքին ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեանի նոր թեմակալ առաջնորդ նշանակուիլը եւ զայն ներկայացուց հաւատացեալներուն: Նորին Սրբազնութիւնը նոր առաջնորդին հետ ողջագուրուեցաւ խորանին վրայ՝ իրեն յանձնելով հովուական գաւազանն ու ձեռաց խաչը: Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեանն ալ խօսեցաւ օրուան քարոզը, որ հիւսուած էր միասնականութեան պատգամներով:
Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Տ. Գուսան Ծայրագոյն Վարդապետ Ալճանեան, որ վերջին շուրջ 10-12 տարիներուն թեմէն ներս պաշտօնավարած էր որպէս առաջնորդական տեղապահ: Զուիցերահայոց թեմի եւ Ժընեւի ծուխի վարիչները, ինչպէս նաեւ զուիցերահայ բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ ներկայ գտնուեցաւ նոր առաջնորդի անդրանիկ Ս. Պատարագին:
Արարողութեան ընթացքին հաւատացեալները ջերմօրէն շրջապատեցին Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեանը, որ բոլորին բաժնեց իր օրհնութիւնը՝ փորձելով պաշտօնամուտի փուլին սիրաշահիլ բոլորը, որպէսզի յառաջիկայ շրջանին զուիցերահայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս հնարաւոր ըլլայ ապահովել նոր կենսունակութիւն: