ՊԱՐԶԱԲԱՆՈՒՄ
Հաւանաբար տեղեակ չէք, որ տասը օր առաջ Հայաստանի դահուկային մարզաձեւի ընկերութեան նախագահ Գագիկ Սարգսեան ֆէյսպուքի ուղիղ եթերով յայտարարեց նախագահի պաշտօնէն հրաժարելու իր որոշման մասին:
Մեզի ամէն ինչէն մի՛շտ տեղեակ պահող մեր իշխանութեան արագընթաց լուրերուն, լայւերուն, հանելուկներուն, ժողովներուն, յայտարարութիւններուն թմբուկի փորձերուն ու արդէն՝ համերգներուն հեղեղին մէջ այդքան ալ կարեւոր թուելու չէ այս լուրը, ճի՛շդ է, բայց գիտէք, գիտենք բոլորս, որ պատմութիւն մը կ՚ըլլայ միշտ անակնկալ այս հրաժարականներուն ետեւ։
Պատմեմ.
Քանի մը շաբաթ առաջ Իտալիոյ մէջ կայացած դահուկավազքի աշխարհի ախոյեանի փուլերէն մէկուն ընթացքին, Հայաստանի առաջատար դահուկորդ Միքայէլ Միքայէլեանը իր ելոյթէն առաջ «սթիքըրով» գոցեց մրցաշարքի հովանաւոր՝ «Ատրպէյճան»ի անունը։
Այդ օրերուն մեծ արձագանգ գտաւ այս քայլը հանրութեան եւ ընկերային ցանցերուն մէջ. մարդոց մեծ մասը «Ապրի՛ մեր տղան» գրելով գնահատեցի Հայաստանի թիւ մէկ դահուկորդին արարքը։
Շարունակութիւն ունի պատմութիւնը.
Իր բուն անուանումով՝ «Հայաստանի Դահուկային սպորտի ֆեդերացիայի» նախագահ Գագիկ Սարգսեանը Հայաստանի ԿԳՄՍ կոչուած Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Յասմիկ Աւագեանէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ գրուած է.
«Յարգելի՛ պր. Սարգսեան,
Իտալիայում կայացած դահուկավազքի Tour de ski մրցաշարի ընթացքում մարզաշապիկի վրայ Ատրպէյճան գրառումը փակելու վերաբերեալ խնդրում եմ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան ներկայացնել պարզաբանում»։
Պր. Սարգսեանը պատասխանեց.
«Յարգելի՛ տիկ. Աւագեան,
Տեղեկացնում ենք, որ Ձեր կողմից նշուած Tour de ski-ն պարզապէս մրցաշար չէ՛, այլ՝ դահուկավազքի աշխարհի գաւաթի փուլերից մէկն է, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճան գրառումը եղել է ոչ թէ մարզաշապիկի, այլ՝ մրցումային համարի վրայ եւ հայորդու քայլը առաւել քան պարզ է եւ կարծում ենք, որ չունի պարզաբանման կարիք»։
«Օ՜հ» մը ըսի՞ք դուք ալ։
Վերի նամակին հետ այրած ձեր սիրտը պաղեցա՞ւ։
Հիմա, թէեւ կը թուի այնպէս, որ այս նամակներէն ետք, նախագահին հրաժարականին պատճառը կարիք չկայ բացատրելու, բայց նշելու է, որ լրատուական միջոցներուն տուած իր հարցազրոյցներուն մէջ պր. Սարգսեանը պատմեց, թէ դեռ ամիսնե՜ր առաջ, երբ ան վերոյիշեալ նախարարութիւնը տեղեկացուցած ու պաշտօնական պատասխան սպասած է Ատրպէյճանի՝ տուեալ մրցաշարքին հովանաւոր ըլլալը ընդունելուն ու ձայն տալու որոշումին մասին, անհասանելի դարձած են այդ նախարարութեան բոլոր ներկայացուցիչները։
Այլ մանրամասնութիւններ ալ պարզած էր ընկերութեան նախագահը, «իրական» մեր պետութեան՝ այս մարզաձեւին նկատմամբ ունեցած մօտեցումին մասին, որ կարելի է լիովին ամփոփել հետեւեալ նախադասութեան մէջ.
«Արդիւնք ցոյց տուէք, ֆինանսաւորենք»։
Այո՛, արդիւնքը առաջ, յետոյ կը նայինք։ Օդէն պէտք է գայ այդ արդիւնքը եւ ոչ՝ ընկերութեան, անոր մարզիկներուն ու մարզիչներուն համար ապահովուած որակաւոր պայմաններէն, որոնք թերեւս հասցնեն արդիւնքի…
Հայաստանին խաղաղ երկիր մը ըլլալը փաստող, զբօսաշրջիկները մեր երկիր բերող Ճենիֆըր Լոփէզին համերգը չէ ասիկա, որ պետութեան միլիոններով հովանաւորուի։ Աշխարհի մէջ քանի՞ միլիոն մարդ պիտի հետեւի դահուկավազքի այս ախոյեանին, որուն ընթացքին Հայաստանը ներկայացնող այդ «հայորդին» ձիւնին վրայ պիտի սահի…
Միքայէլին պէս դահուկորդ մը չունեցող մեր երկիրը, զինք գնահատելու փոխարէն պարզաբանում պահանջեց։
Դահուկավազքի ընկերութեան նախագահը իր ստացած պարզաբանում պահանջող նամակն ու իր տուած պատասխանը հանրութեան հրապարակեց ու հրաժարականը տուաւ։
Պատմութիւնը վերջացաւ։
Դուք ալ պարզաբանումի կարիք ունի՞ք։
Ճիշդ գտա՞ք, թէ զարմացաք մեր մարզիկին ըրածէն։
Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պատմական համաձայնագիր մը կնքած Հայաստանի պետութիւնը ներկայացնող հայ մարզիկը այսպէ՞ս պէտք է վարուէր։
Յստակ է, որ ըստ մեր պետութեան՝ ո՛չ, այսպէս պէտք չէ վարուէր, այլապէս՝ պաշտօնական նամակով մը պարզաբանում կը պահանջէ՞ր։
Մեր պետութեան կեցուածքն է այս։
Իսկ ժողովո՞ւրդին, պետութեան մէջ ապրող մարդոց կեցուա՞ծքը։
«Ապրի՛ մեր տղան» ըսողները, գրողները Հայաստանի այսօրուան բնակչութեան քանի՞ տոկոսը կը ներկայացնեն։ Այդ տոկոսը նշանակութիւն մը ունի՞։ Ձայն մը ունի՞, կրնա՞յ ունենալ։
«Ապրի՛ մեր վարչապետը» գրող լաւատեսները չեն, չէ՞ ասոնք։
Նոյնը կրնա՞ն ըլլալ։
Լաւատեսներու խմբակէն չեմ համարուիր, գիտեմ, բայց չեն գիտեր անոնք, որ իրենց տեսածները ես ալ կը տեսնեմ. մէկ տարիէ սահմանին չզարնուող, չկորսուող, սխալմամբ զիրար չգնդակահարող զինուորներուն մասին գիտեմ, «տեխնոլոգիապէս» զարգացած նորակառոյց դպրոցներուն ու մանկապարտէզներուն տեսերիզները կը դիտեմ, գիւղ ու քաղաքներ տանող բացառիկ ճամբաները կը տեսնեմ, մեծահասակներուն ստանալիք բժշկական անվճար խնամքէն տեղեակ եմ… վերանորոգուած թատրոնն ալ տեսայ ու ձեր բոլոր տեսածները, հաւատացէք, չեմ փախիր տեսնելէն, կ՚ուզեմ ու կրնամ տեսնել։
Ինչո՞ւ չուզեմ։
Իսկ դո՞ւք։
Հայորդի մեր մարզիկին, հրաժարականը տուած արժանապատիւ այդ նախագահին ու ձեր յոռետես ու «նաֆսող» համարածներուն տեսածները կը տեսնէ՞ք։
Ո՞ր մէկուս չտեսածն է կարեւորը…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ