ԼԱՒԸ ԵՒ ՕԳՏԱԿԱՐԸ

Լաւ եւ օգտակար արարքներ բարձրագոյն բարի գաղափարականի մը արդիւնք են ընդհանրապէս, բայց անպայման նուիրումի եւ զոհողութեան արդիւնքը չեն։ Անձնական շարժառիթներ, անարգ նկատումներ, սխալ մտածումներ կրնան տուն տալ՝ պատճառ դառնալ օգտակար գործունէութիւններու եւ շողշողուն բարեգործութիւններու։ Արդարեւ, ամէն ասպարէզի աշխատանքի եւ գործունէութեան մէջ եթէ կը պակսի նուիրումի, կոչումի գիտակցութեան եւ պարտաճանաչութեան տարրը, իրենց գործը որքան ալ լաւ արդիւնքներ ունենայ, չի կրնար նպատակայարմար եւ կատարեալ ըլլալ։ Աշխատանք եւ գործունէութիւն եթէ լոկ նիւթական նկատումով եւ ապրուստի հոգիով եւ մտահոգութեամբ ի գործ կը դրուի եւ ծառայութեան ոգին կ՚անտեսուի, այլապէս պաշտօնը կը կորսնցնէ իր նուիրականութիւնը եւ ճշմարիտ ծառայութեան հանգամանքը։

Անհերքելի իրողութիւն մըն է նաեւ, թէ բարեգործական շատ կոթողներ բարձրացած են լոկ անձնական փառքի հիմերուն վրայ, անշուշտ, նկատի ունենալով յարգելի բացառութիւնները։ Սա եւս իրականութիւն է, որ երբեմն բարեսիրական մեծաշռինդ արարքներ ուրիշ բան չեն այլ «կաշառք»՝ հանրային կարծիքը գնելու համար… բայց ուղղադատ միտքը եւ արթուն խիղճը այս կարգի «վճարումներ»ով չե՛ն կաշառուիր։

Միւս կողմէն, այս նոյն ուղղադատ միտքը եւ արթուն խիղճը եթէ բոլորովին չեն արդարացներ, մեծ չափով կը չքմեղացնեն իր հիւանդ մօրը համար դեղարանէն տուփ մը դեղ գողցող աղքատ տղուն, կամ տան մէջ սովամահ ըլլալու վիճակին հասնող տղոց համար հաց մը գողցող անգործ բայց ո՛չ ծոյլ, անդրամ, այլ որդեսէր հօր մը արարքը։

Երբ կը խօսուի «չար» եւ «բարի» կոչուած արարքներու վրայ՝ կարելի չէ՛ անտեսել նաեւ կարգ մը ազդակներ՝ զորս հարկ է նկատի առնել եղանակաւորելու համար մեր դատողութիւնը եւ դատաստանը ասոնց հեղինակներու մասին։

Ժառանգականութիւն եւ ծինային յաջորդականութիւն եւ միջավայր ազդու, ուժով ազդակներ են, որոնք յաճախ կ՚իշխեն մարդոց վրայ եւ կը ձեւակերպեն անոնց ընթացքը, եւ ասոնք երբեմն ա՜յնքան տիրական են, որ ենթական անոնց ձեռքը խաղալիկ մը կը դառնայ, հակառակ իր փափաքին եւ կամքին։ Եւ արդար պիտի չըլլայ, զոր օրինակ, առաքինութեան մրցանակը շնորհել մարդու մը՝ որովհետեւ իր կեանքին մէջ ոգելից ըմպելի չէ՛ գործածեր, մինչդեռ ոչ ոք իր ընտանիքէն խմելու եւ գինովնալու սովորութիւն ունեցեր է, եւ խմելը իրեն համար ո՛չ հաճոյք, ոչ ալ փորձութիւն մը կը ներկայացնէ։

Բայց ի՞նչ ըսել սա դժբախտ գինեմոլին՝ որ իր մեծ հօրմէն եւ հօրմէն ժառանգեր է խմողի գեղձեր, եւ այդ մոլութիւնը իր արիւնին եւ ծուծին մէջ է մտեր։ Գիտուններ հիմա մարդոց ունակութիւնները եւ տրամադրութիւնները կը վերագրեն ժառանգականութեամբ եւ ծինային յաջորդականութեամբ ստացուած գեղձերու, որոնց համար ենթական պատասխանատու չէ՛։ Ուստի, ինչպէս բարի արարք մը վարձատրելու ատեն, շարժառիթը նկատի առնելով աւելի արդար դատաստան մը ընել կարելի կ՚ըլլայ, մարդկային յոռի արարքներն ալ դատապարտելու ատեն պէտք է նկատել ժառանգականութեան եւ ծինային յաջորդականութեան, միջավայրի եւ դաստիարակութեան, կրթութեան նման հզօր ազդակներ։

Եւ սակայն թիւրիմացութիւն մը պատճառ չըլլայ. ակնարկուած ազդակներուն հետեւանքով յոռի արարքներու հանդէպ մեղմ եւ կարեկից դիրք մը երբ յանձնարարուի՝ բոլոր ծոյլերը, գողերը, գինեմոլները եւ անբարոները, եւ կամ ուրիշ անարգ եւ ծայրայեղ զգացումներ ունեցողները կարելի չէ արդարացնել. այս կէտերը յիշելու է՝ ենթակաները դատելու ատեն աւելի արդար ըլլալու համար։

Որովհետեւ մարդ որքան ալ ապրի աննպաստ ազդակներու ներքեւ, իր արարքներուն եւ ընթացքին պատասխանատո՛ւ է։ Արդարեւ, ամէն մարդ կրնայ նկարագրի տկար կէտեր ունենալ, ինչպէս կրնայ զօրաւոր կէտեր ունենալ բայց, ի՛նք է իր կեանքին ռազմագէտը՝ ճշդելու իր խոցելի կողմերը, ուրկէ կրնան յարձակիլ իր թշնամիները. ապա ինք մարտիկ է կռուելու եւ յաղթելու համար։ Եւ այս կռիւէն փախուստը՝ փախուստ տալու տրամադրութիւնն իսկ դասալքութիւն է. որովհետեւ եթէ ունինք «թշնամիներ», անոնց դէմ կռուելու եւ անոնց յաղթելու հոգեւոր զէնքերէն ալ երբեք զրկուած չե՛նք։

Վերջապէս կեանքը պայքա՛ր մըն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 31, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 2, 2026