ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցան Ապու Տապիի մէջ։ Անոնք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կ՚այցելեն՝ ստանալու համար «Զայէտ» մարդկային եղբայրութեան 2026 թուականի մրցանակը։ Այս տարուան մրցանակը Փաշինեանին եւ Ալիեւին շնորհուած է՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան ճանապարհին ներդրուած ջանքերուն համար։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Փաշինեանի կողքին էին՝ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։

Ալիեւի կողքին էին՝ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ, արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ եւ յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Էմիրպէյով։

Ալիեւ վերջին օրերուն նշած էր, որ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան ճանապարհը կը պահանջէ համատեղ աշխատանք։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 4, 2026