ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՍԽԱԼ ՀԱՍՑԷՆ

Բանտին մէջ, պաշտօնակիցներդ կ՚ուղղուին դէպի քեզի, որպէսզի քեզմէ լուր մը քամեն: Թշնամիին հրապարակած լուրերէն բացի, այլ լուրերէ կտրուած էինք: Ո՛չ մէկ բանի կը հաւատային եւ քեզմէ մէ՛կ լուր մը միայն կ՚ուզէին: Իսկ դուն ոչինչ ունիս: Ո՜վ ընկերներ…, ներողամիտ եղէք, բայց ինչ որ փոխանցուած է ձեզի, ա՛յդ է իրականութիւնը: Ոմանք կը բարկանան քեզմէ ու անոնց աչքերը կը մեղադրեն քեզ՝ յուսահատութեամբ, եւ կը հեռանան քեզմէ: Բանտը գեղեցիկ է եւ միշտ բանի մը կը սպասես: Դուն քեզ մանրուքներով կը զբաղեցնես: Օրուան մէջ մէկ ժամ միայն կը տեսնես երկինքը, որ կը վերադարձնէ քեզ կեանքին հետ խախտուած ընկերութիւնդ: Կապոյտի կտոր մը, ցնծութիւն կը մտցնէ սիրտիդ մէջ, եւ օր մը երկիրը ամբողջութեամբ կուլ պիտի տայ զայն: Եւ բանտին մէջ, բոլորս ալ ռազմական խնդիրներու մասնագէտներ եղանք: Պարտութեան մէ՛կ պատճառ գտանք. դաւաճանութիւնը: Եւ մեզմէ ո՛վ որ կը համարձակէր կասկածիլ այս պատճառին, շեղուածութեան մէջ կը մեղադրուէր:

Սակայն, ամէն ինչ ինչպէ՞ս կը սկսի եւ ո՞ր ուղղութեամբ: Կամ պէտք է խորանայ զգացումդ, թէ՝ «արաբ-իսրայէլացի քաղաքացի մըն ես» եւ կամ պէտք է խորանայ մերժումդ այդ պատկանելիութեան, որմէ բացի ուրիշ ընտրութիւն չունիս: Առաջին պարագան կ՚ըլլայ արձագանգդ այն յուսահատութեան, զոր արաբները պատճառեցին քեզի, միաժամանակ կամքդ շարունակելու քաղաքական խոնարհ գործդ, որ կը կատարես այն շրջագիծէն ներս, որ կարելի է եւ կրնաս համաձայն իսրայէլեան օրէնքին. «Ամէն ինչ ներսէն կը սկսի, ժողովրդական այն պահանջնքներէն, որոնք հիմնուած են ընդունելու եւ ճանչնալու իրականութիւնը»: Իսկ երկրորդ պարագան՝ արձագանգը կ՚ըլլայ իսրայէլեան բռնութեան, քու իրական պատկանելիութեանդ հաւատարիմ մնալուդ համար եւ ինչպէս որ զայն կ՚ընտրես դուն ինքդ. «Ամէն ինչ դուրսէն կը սկսի, առանց զինուորական պարտութեան մատնելու Իսրայէլը, կարելի չէ, որ արմատական փոփոխութիւններ կատարուին իսրայէլեան ընկերութենէն ներս»:

Երկու պարագաներուն միջեւ տարբերութիւն կայ, սակայն այդքան խորունկ հակառակութիւն չկայ այն հետեւանքէն, որ այս երկու պարագաներէն կու գայ, ըլլայ երկրէն ներս ըլլաս կամ երկրէն դուրս ըլլաս:

Արտաքին գործօնը իրապէս պարտուեցաւ, սակայն անոր պատկանելիութիւնդ չպարտուեցաւ, որովհետեւ այս պատկանելիութիւնը կարծիք մը կամ տեսութիւն մը չէ, զորս կարելի է քննարկել: Այն պատմական իրականութիւն է: Յանկարծ բարոյական հակասութեան մը հարուածը կը զգաս: Երկրէն ներս պայքարիլդ քեզմէ կը պահանջէ մտնել «իսրայէլեան ազգայնութեան» դրօշին տակ, որ կը հակառակի ազգային պատկանելիութեանդ հետ, որ պատմական իրականութիւնն է: Այստեղէն, սկսար դաժանօրէն ցնցուիլ եւ սկսար բաժնուիլ: Մխիթարութիւն փնտռելու կարիք չունիս: Մխիթարութիւնը դատ չէ: Օրինակ, կրնաս ըսել. 

-Ես չէ, որ իմ այս պարագաներս ընտրած եմ: 

Ինչպէս նաեւ, օրինակ, կրնաս ըսել.

-Այս հակասութիւնը կայ, սակայն ներկայիս ներկայացուած քաղաքական դատը չէ: 

Այս հակասութիւնը օր մը պիտի պայթի: Այս սպասումը հոգեկան բարդոյթ կը պատճառէ: Իսկ ինքզինքին հետ համերաշխութիւն իրականցնելը շա՜տ հեռու պայման մըն է:

Սակայն հարցումը կախուած կը ձգես: Բանաստեղծութիւնն է լեզուդ: Իսկ բանաստեղծական լեզուն կը խուսափի ճակատագրական սպաննող հարցումէն: Բանաստեղծութիւնը կ՚ըսէ եւ չ՚ըսեր: Բանաստեղծութիւնը իրականութիւնը կ՚ըսէ, բայց չի՛ յայտարարեր զայն: Ա՛յս է հայրենիքդ, եւ ասպատակողներուն հակադարձելը՝ այս հայրենիքը քիչ մը աւելի սիրելն է: Որովհետեւ, որեւէ մէկ բիծ այս յարաբերութեան մէջ, ասպատակողներուն համար առիթ մըն է: Պաղեստինը իրենց զինուորական համազգեստներու գրպաններուն մէջ կը դնեն: Եւ հայրենիքդ՝ Պաղեստինը… կը մնայ քարտէս մը, կամ կոտորած մը, կամ հող մը, կամ ալ գաղափար մը: Հայրենիքդ է: Դաշոյնը պիտի չհամոզէ քեզ, թէ իրենցն է: Մարտահրաւէրն ու այս բանտը կը պաշտպանեն քեզ վերանայում կատարելու: Շնորհակալութիւն բանտապանին, որ զիս եւ ազատութիւնը մէկ տեսութեան կը վերածէ: Շնորհակալութիւն շղթաներուն, որոնք դաստակներուս կը յիշեցնեն, թէ անոնք զրկուած են ծառերը գրկելէ: Երեւակայական սիրուհիդ կը գրես.

-Սիրելիս, քեզի յուսահատութիւն կը մաղթեմ, որպէսզի ստեղծագործող ըլլաս: Ստեղծագործողները յուսահատներն են: Մի՛ սպասեր զիս եւ ո՛չ ոքի սպասէ: Սպասէ մտածումէ եւ մի՛ սպասեր մտածողը: Սպասէ բանաստեղծութիւնը եւ մի՛ սպասեր բանաստեղծը: Սպասէ յեղափոխութիւնը եւ մի՛ սպասեր յեղափոխականը: Մտածողը կը սխալի, բանաստեղծը կը խաբէ եւ յեղափոխականը կը յոգնի: Եւ այս է յուսահատութիւնը, որ ըսել կ՚ուզէի:

Ինչո՞ւ համար գրկես ստուերներ, որ յետոյ զղջաս:

Ուրախութիւնը, որ զարմացուց քեզ, արտակարգ իրավիճակն է: Դաժան դաւաճանութիւն մըն էր: Ոչինչ: Կը շարունակես կեանքդ, գործդ, բաժնուիլդ ու հակասութիւնդ: Տակաւին, ամէն ինչէ առաջ կը շարունակես մերժումդ: Ո՛չ մէկ բանի այո պիտի ըսես: Ուրախութենէն պարտութեամբ դուրս եկար, իսկ պարտութենէն դուրս եկար նոր մերժումով մը, ո՛չ միայն թշնամիին: Հայրենիքդ գաղափար մը եղա՞ւ: Կառչէ գաղափարին: Եաֆայէն Թալ Ապիպ ճամբան իրական գեղեցիկ հրաշքն է: Միջերկրականը աջիդ է, իսկ լեռնաշթղաները ձախիդ, մինչ շղթաները դաստակներուդ շուրջը: Եւ հայրենիքը շա՜տ գեղեցիկ է, երբ անոր կը նայիս փշաթելերուն ընդմէջէն:

Դատարանին մէջ հաւասարութիւնը կ՚իրականանայ օրէնքին եւ թնդանօթին միջեւ: Օրէնքը կողքիդ պիտի չկանգնի, այնքան ատեն, որ թնդանօթ ինկած է: Իսկ որճրագործները միշտ բարոյականութեան մասին կը խօսին՝ տարբեր ձեւերով: Զինուորներ կու գան մօտդ «զղջալու» մարդասպանութիւններու եւ գերիներէն ազատուելու համար ու կ՚ըսեն, թէ՝ «ուրիշ միջոց չկար»: Հին ընկերուհի մը կու գայ մօտդ, ափ մը նուշ բերելով քեզի Արեւմտեան ափէն: Այլեւս վախ չեն զգար, այլեւս հրեայ չեն: Իսկ Աքքայի մէջ, եգիպտացի գերիներ կը տեսնես, որով սիրտդ կը սկսի տառապիլ: Եկան ազատագերլու քեզ՝ բայց գերի ինկան: Եւ կու գան արաբները, որոնց կը սպասէիր: Գաղթականները կը վերադառնան…: Կը վերադառնան որպէս զբօսաշրջիկ կամ գերի: Արաբերէն երգերուն ձայնը կ՚իջնէ, իսկ եբրայերէն երգերուն ձայնը կը բարձրանայ: Իսրայէլացին առասպելի կը վերածուի: Պաղեստինն ու ալ-Ճոլանը ազատութեան մէջ չհանդիպեցան, գերութեան մէջ հանդիպեցան: Պաղեստինը հեռու գետերու ափերուն կը քնանայ. ջուրով չի՛ լոգնար, այլ՝ հոսող արեամբ կը լոգնայ: Նոր ծնո՞ւնդ մը պիտի ըլլայ: Այդպէս պէտք է ըլլայ: Պէտք է, որ ծնունդ մը ըլլայ: Մահը մեզ կը մաքրագործէ՞: Այդպէս պէտք է ըլլայ: Ուրախութիւնը անպայմանօրէն պէտք է մաքրագործէ մեզ: Դիմադրութիւնը պիտի սկսի: Ամէն ինչ վերջացաւ: Եւ դիմադրութիւնը կը սկսի: Եւ եթէ ուրախութիւնը դարձեալ քովդ գայ, ապա մի՛ յիշեր անոր նախկին դաւաճանութիւնը:

Ներս ա՛ռ ուրախութիւնը… եւ պայթէ՛:

(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 4, 2026