ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԸ ՓՈԽԵԼ…

Ոմանք այն համոզումը ունին, թէ՝ փոխելով մեր մտածելակերպը կը փոխուի նաեւ մեր հաւատքը։ Սակայն «փոխել» եւ կամ «փոխուիլ» այնքան ալ դիւրին եւ հեշտ բան չէ։ Խրթին, աւելին՝ դժուա՛ր է չափահաս անհատին մտածելակերպը փոխել։ Այո՝ ըստ մասնագէտ հոգեբաններու, հոգեբանական տեսանկիւնէն դիտելով կրնանք ժամանակի ընթացքին անցեալի մեր փորձառութեան մասին տհաճ զգացումները փոխել եւ կամ անոնց մասին մեր դիրքը փոխել։ Սակայն, նկարին շրջանակը փոխելով նկարը չի փոխուիր…

Արդարեւ, մեզի պէտք եղածը մտային շրջանակը՝ արտաքին կեանքը փոխել չէ միայն, այլ պահանջը՝ արմատական «ներքին փոփոխութիւն» մըն է։ Մարդ էակին պէտքը՝ Քրիստոսի Հոգին է։ Ան մեր մէջ գալով մեր սիրտը եւ հոգին կատարելապէս գրաւած ըլլալով, ո՛չ մէկ կերպով թոյլ կու տայ «Չար»ին՝ Սատանային մուտքը մեր կեանքէն ներս։ Այս, ահաւասիկ, կը նշանակէ Քրիստոսի մուտքը՝ որ է «նոր կեանք», նոր տեսութիւն, նոր մտածելակերպ, նոր ապրելակերպ եւ նոր ստեղծուած արարած մը, նոր մտերիմ անկեղծ հաղորդակցութիւն առ Աստուած յարատեւ աղերսով։

Ա՛յս է Աւետարանին խոստումը։ Քրիստոս մեզի կու տայ «նոր միտք»՝ նոր մտածելակերպ, ներ սիրտ եւ նոր հոգի։ Մենք կրնանք Աստուծոյ հետ մտերիմ անկեղծ յարաբերութիւն հաստատել յարատեւ աղերսով։

Կը պատմուի, թէ հոգածու ամուսին մը իր տիկնոջ անակնկալօրէն երկու դեղին վարդի կոկոններ կը հրամցնէ զինք ուրախացնելու համար։ Տիկինը շնորհակալութեամբ եւ զգուշութեամբ, ուրախ տրամադրութեամբ օրօրուելով զանոնք կը դնէ ծաղկամանին մէջ, հիւրանոցի սեղանին վրայ եւ յաճախ կը դիտէ զանոնք, յիշելով իր ամուսինին բարեացակամութիւնը եւ սէրը իրեն հանդէպ։

Յաջորդ օրն իսկ այս կոկոններէն մին կը սկսի ծաղկիլ, իսկ միւսը տակաւին ո՛չ։ Քանի մը օր ետք առաջին կոկոնը կը սկսի լման եւ փառաւորապէս իր ամբողջութեամբ ծաղկիլ եւ իր անուշ բոյրը սփռել սենեակին մէջ, իսկ միւսը տակաւին ինքն իր մէջ փաթթուած պինդ կը մնայ գոց։

Յաջորդ շաբաթը առաջին կոկոնին թերթերը կը սկսին թոռմիլ, թառամիլ եւ մէկիկ մէկիկ թափիլ, իսկ միւս կոկոնն ալ կը սկսի թոշնիլ եւ կը մնայ պինդ, ծալուած ինքն իր մէջ գոց։ Գոց կոկոնը իր մէջ ծալուած կը պահէ ամէն կարելիութիւն ծաղկելու եւ բոյրը տալու ուրիշները հրապուրելու համար, սակայն պրկուած գունդ մը դառնալով կը չորնայ եւ կը մեռնի, ինչպէս որ կ՚ապրի…

Ահաւասի՛կ, այսպէս են կարգ մը մարդիկ, ոմանք կը ծաղկին իրենց կարողութեան վերջին սահմանին, իսկ կան մարդիկ, որոնք իրենց տրուած տաղանդները, ոսկի առիթները կը թաղեն, ուստի եւ կը թոշմին եւ կը մեռնին աղքատ, չքաւոր եւ անօգուտ իրենց շրջանակին եւ մարդկութեան։

Աստուծոյ հետ մտերիմ յարաբերութիւն եւ յարատեւ աղերս ունեցող քրիստոնեան կը ծաղկի։ Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս ըլլալով, ժամանակին իր պտուղը կու տայ եւ ի՛նչ բան որ ընէ, կը յաջողի։ Այսպէս չե՞ն՝ ինք իր անձին վրայ փաթթուած Աստուծոյ դէմ գոց բռունցք վերցնողներ. անոնք մղեղի պէս են, զոր հովը կը ցրուէ։ Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան։ Ուստի, Աստուծոյ պէտք չէ՛ մօտենալ զանազան հաշիւներով, այլ իբր պարգեւ, շնորհ տրուած տաղանդները եւ շնորհքները պէտք է գործածել հոգեւոր բարգաւաճման համար։

Ուրեմն, այս իմաստով, ժամանա՛կն է «հին կարկտան»ը՝ հինցածը վրայէն հանելու եւ նորը հագնելու եւ հին մարդը իր մէջէն հանելով «նոր մարդ» ըլլալու։

Աստուծոյ Սուրբ Հոգին ստանալով, Անոր փնտռած նոր արարածը ըլլալու ժամանա՛կն է…

Ուրեմն, սիրելի՜ներ, վերցնենք մեր կուրծքէն հին կարկտանը, հինցածը, այն՝ ի՛նչ որ անօգուտ է, քանի որ կարկտանը իր հետ կը բերէ Աստուածային Սուրբ Հոգին, եթէ ան «նոր կարկտան» է, որ մեզ կը բուժէ ամէն տեսակի հիւանդութիւններէն՝ թէ՛ մարմնական, թէ՛ հոգեկան եւ թէ մտային։

«Մարմնաւոր եղողները մարմինին բաները կը մտածեն եւ հոգեւոր եղողները՝ հոգիին բաները». (ՀՌՈՎՄ. Ը 5)։ Այն միտքը եւ խորհուրդները՝ որոնք հոգիով կը կառավարուին խաղաղութիւն եւ կեանք են, քանի որ մարմնով եղողները չեն կրնար Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 3, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 4, 2026