ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԱՄԱՐ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ անոնք փափաքած էին խմբագրատունս այցելել՝ հանրային կարծիքի լուսաբանման համար։

Հորոզօղլու ամոլը զրոյցի ընթացքին դիտել տուաւ, որ մեծ զոհողութիւններ եւ յարատեւ ջանքեր կը գործադրուին «Հրանդ Տինք» դպրոցի յարատեւութեան նպատակով։ Յամենայնդէպս, այդ զոհողութիւններն ու ջանքերը կ՚արդարանան՝ քանի վարժարանի շրջանաւարտները իրենց ուսման տեւողութեան կ՚արձանագրեն յաջողութիւններ եւ կը հասնին լաւ դիրքերու։

Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները համայնքային շրջանակներուն կոչ ուղղեցին, որպէսզի այս տարի եւս զօրակցութեան առարկայ դառնայ դպրոցը։ Արդարեւ, այս հաստատութիւնը իսկապէս ուրոյն առաքելութիւն մը ունի, իր ծաւալած գործունէութեան նշանակութիւնը անբաղդատելի է, սակայն, որեւէ մշտական եկամուտի աղբիւրէ զուրկ է։ Ուստի, դպրոցին տէր կանգնելու համար կամաւոր խնամակալները շարժման կ՚անցընեն իրենց ամբողջ հնարաւորութիւնները։ Անոնք լիայոյս են, թէ այս տարի եւս համայնքային շրջանակները կամք եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, որպէսզի «Հրանդ Տինք» դպրոցի գործունէութիւնը մնայ կայուն հունի մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 5, 2026