ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԵՐԿՈՒ ՍԻՒՆԵՐԸ
Հայր եւ մայր՝ երկու սիւներն են ընտանիքին։
Աստուա՛ծ է, որ տեսաւ անհրաժեշտութիւնը ընտանիքին եւ նախ Ադամը եւ ապա Եւան ստեղծեց, որպէսզի անոնք իրարու հետ ապրին, իրարու օգնեն, սերունդ արտադրեն եւ երկիրը լեցնեն։ Աստուած Ադամը եւ Եւան իրարմէ տարբեր ստեղծեց թէ՛ ֆիզիքականով եւ թէ հոգեկանով՝ գիտնալով, որ անոնց իրարմէ տարբերութիւնը զիրենք պիտի միացնէր՝ աստուածային ստեղծագործական ծրագիրը հետապնդելու համար։
Հայր եւ մայր՝ ընտանիքի հոգատարը, խնամատարը, սիրոյ, գութի, կարեկցութեան, պաշտպանութեան եւ խնամքի երկու զօրակիցները՝ որոնք ձեռք ձեռքի եւ սիրտ սրտի կ՚աշխատին, կը դաստիարակեն, կը զգուշացնեն, կը քաջալերեն եւ կը հովուեն իրենց «գառնուկներ»ը, երբեմն ալ «այծեր»ը, մինչեւ որ անոնք ալ իրենց կարգին «հայր» եւ «մայր» ըլլալու բարձր եւ նուիրական պաշտօնը ստանձնեն։
Եւ հայր եւ մայր կը հովուեն իրենց հօտը։ Հայր եւ մայր միատեղ կը ստանձնեն «հովիւ»ի դերը…
Թէ ի՞նչ է հովիւը եւ հովիւին դերը՝ որ աւելի մեծ եւ աւելի ընդարձակ ընտանիքի մը՝ Եկեղեցիի «ոչխարներ»ուն եւ «այծեր»ուն առջեւ կը կանգնի, եւ մինչ ծնողքը առաւելագոյնը տասը զաւակներու հոգը կը կրեն իրենց ուսերուն, եկեղեցիի մը հովիւը երբեմն հազարաւոր անձերու, որոնք իրենց հոգեւոր եւ զգացական սնունդը իրենց հովիւէն կը ստանան։
Ինչե՞ր են հովիւի յատկանիշները, որոնք եթէ անտեսուին, հօտը կը շուարի, սնունդէ եւ խնամքէ կը զրկուի եւ «ոչխարներ»էն ոմանք անդունդ կը գլորին, զիրենք չպաշտպանող եւ անտարբեր հովիւին թերացումով։
Արդարեւ, հովիւը ուղղակի՛ Աստուծմէ կոչում կը ստանայ. ո՛չ ուսումը, ո՛չ դիրքը, ո՛չ հեղինակութեան փափաքը շիտակ շարժառիթներ են անձի մը հովուական «ասպարէզ»ը՝ հոգեւոր ծառայութիւնը ընտրելուն։ Ամենէն հռետոր քարոզիչը, ամենէն ժողովրդականութիւն ունեցող անձը, ամենէն գիտունը, ամենէն եռանդուն եւ հնարամիտ անձը «հովիւ» չէ՛, եթէ Աստուած իրեն հովուութեան կոչումը չէ տուած, զինք չէ կանչած, չէ օծած, Իր Հոգիով չէ լեցուցած, եւ իր մէջ հնազանդ եւ Աստուծոյ կամքին ենթակայ հոգի չէ տուած. «Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի…». (ԵՐԵՄ. Ա 5)։ Աստուծմէ ուղղակի՛ կոչում ստացած հովիւը կը սիրէ իր հօտի իւրաքանչիւր անդամը, առանց տարիքի, սեռի, նիւթական վիճակի, դիրքի եւ աստիճանի մէջ տարբերութիւն դնելու։ Գիտունը եւ համեստ գիտութիւն ունեցողը, տարիքոտը եւ երիտասարդը, հարուստը եւ աղքատը, այր-մարդը եւ կին-մարդը մէ՛կ է եւ հաւասար հովիւին համար։ Սէրը, հովիւը կարեկցութեան կը մղէ, գութի եւ գուրգուրանքի, մանաւանդ անոնց հանդէպ՝ որոնք տկար են, հիւանդ, առանձին եւ մանաւանդ յուսահատ…
Այդ սէրը կը մղէ հովիւը, որպէսզի յաճախ այցելէ ենթակային, յուսադրէ եւ քաջալերէ զայն, օգնէ անոր, իր հանգիստը եւ հաճոյքը մոռնայ՝ իր հօտին բարօրութիւնը եւ հանգիստը առաջնահերթ սեպելով։ Արդարեւ, ձախող է այն հովիւը՝ որ իր ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան կեդրոնական առարկաները իր անձը, իր ընտանիքը, իր զաւակները, իր հանգիստը եւ հաճոյքը կը կազմեն, իսկ հօտը եւ անոր կարիքները երկրորդական են եւ նուազ կարեւոր։ Ուստի, հովիւը իր ընտանիքին տարած հոգածութիւնը եւ խնամքը պէտք է տանի նաեւ իր հօտի անդամներուն։
Յիսուս հովուութեան տիպա՛րն է, որ Իր հանգիստը, երկնային փառքը եւ վայելքը ձգեց եւ հօտը սիրեց, այնչափ որ 99 ոչխարը ձգեց մէկ վտանգի մէջ գտնուող գառնուկը փնտռեց, գրկեց եւ հօտին վերադարձուց։ Եւ դարձեալ Ան է, որ ըսաւ, թէ Ինք չէ՛ եկած սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ՝ սպասաւորելո՛ւ։ Ուստի, Յիսուսի տիպարով, հովիւը պէտք է ըլլայ հեզ եւ խոնարհ, որոնք առաքինութիւններ են, որոնք ժառանգուած են Մեծ Հովուապետ Յիսուսէն։
Յիսուս խնորահ եւ պարզ կեանք մը ապրեցաւ. աւելի ծառայեց քան թէ ծառայութիւն ստացաւ։ Մանուկներու ընկեր, մեղաւորներու, աղքատներու եւ տկարներու բարեկա՛մ եղաւ, եւ լեռ-ձոր ոտքով ճամբորդեց Իր փրկութեան պատգամը տալու համար։ Ան երբեք հպարտ, ինքնահաւան չեղաւ՝ մարդոց վրայ բնա՛ւ վերէն չնայեցաւ, չանտեսեց եւ չարհամարհեց զանոնք…
Եւ Յիսուսի տիպարով՝ հովիւը ա՛յն է, որ գիտէ, թէ իր հօտին մէջ ո՞ր մէկը աւելի խնամքի կը կարօտի եւ կարելին կ՚ընէ զայն պաշտպանելու եւ հոգալու համար։ Արդարեւ, խոնարհութիւնը Աստուածային պարգե՛ւ մըն է կոչումին կից։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ հովիւը ներշնչուած, առաջնորդուած, ծրագրուած է Սուրբ Հոգիով՝ որ իր փափաքներուն ակը եւ աղբիւրն է։ Եւ Սուրբ Հոգիին օծութիւնը ստացած հովիւը կը պարտաւորուի ենթակայ ըլլալ անոր. կը պտղաւորուի, ներողամիտ եւ երկայնամիտ կ՚ըլլայ՝ քաղցր, բարի, հաւատարիմ եւ ժուժկալ. ան գիտէ համբերել եւ յուսալ…
Այո, սիրելի՜ներ, հայրը եւ մայրը ընտանիքի սիւնն են։
Հովիւը «հոգեւոր ընտանիք»ին սիւնն է, որ եթէ երկինքէն կոչում չէ ստացած, սէր եւ կարեկցութիւն չունի հօտին հանդէպ եւ խոնարհութեամբ, համեստութեամբ չի ծառայեր Աստուծոյ, պատճառ կ՚ըլլայ, որ իր հոգատարութեան եւ խնամքին վստահուած հոգեւոր ընտանիքը կազմալուծուի, հիւանդանայ եւ ի վերջոյ յափշտակող «գայլ»երու կեր դառնայ։
Ուրեմն, մեզի կը մնայ աղօթել Աստուծոյ, որ Յիսուս Քրիստոսի տիպարով նուիրեալ, ծառայսէր, խոնարհ եւ համեստ հովիւներ մէջտեղ հանէ, եւ Անոր տիպարով ծառայող հովիւները պահպանէ, որպէսզի Իր հօտը կանաչ արօտներու առաջնորդէ եւ ի վերջոյ յաւիտենական կեանքի արժանի ընէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 5, 2026, Իսթանպուլ