ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՇԻԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՍԱՍՏԿԱՑՈՂ ՃԳՆԱԺԱՄԸ

Իրանի որդեգրած այսպէս կոչուած՝ քաղաքական շիիութիւնը կարծես կամաց-կամաց կը սպառէ ինքզինք: Իրանը աշխարհի ամենահին երկիրներէն մին է, որ ունի իւրայատուկ մշակոյթ ու պատմութիւն: Բացի Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն եւ յատկապէս 1960-70 թուականներէն ետք, Իրանը Արեւմուտքի դաշնակիցը չէ եղած եւ ինչպէս Ռուսաստանը, ան միշտ ալ ինքզինք դրսեւորած է որպէս Արեւմուտքի ախոյեան: Որդեգրուած քաղաքական շիիութիւնը կատարուեցաւ Իրանի իսլամական յեղափոխութենէն ետք, որ այդ երկրին տուաւ նոր ինքնութիւն ու մշակութային, քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական-դաւանանքային դերեր, որոնցմով ան ուզեց տարածաշրջանային նոր ձեռքբերումներ արձանագրել, մա՛նաւանդ Իրաք-Իրան պատերազմէն ետք, երբ յարաբերաբար Իրան ինքզինք յաղթական յայտարարեց այդ պատերազմի աւարտին: Հակադրականութիւնը կը բխի քաղաքական շիիութենէն, որ իր մէջ ունի արաբական սեփականութիւն ու ոգի եւ տեսակ մը գողցուած կը համարուի անոր ինքնեկութիւնը, երբ Իրանի կամ ուրիշ քաղաքական, պետական միաւորի մը կողմէ որդեգրուի այդ մէկը: Քաղաքական շիիութեան որդեգրումին առընթեր, Իրանի գաղափարական ու ինքնութեան երկրորդ յենասիւնը համարուեցաւ՝ արմատական թշնամանքի յայտարարումը Իսրայէլին եւ մասամբ մըն ալ անոր թիւ մէկ դաշնակցին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ:

Այս կէտին հետաքրքրականը այն է, որ Իրանն ու իրանցի ժողովուրդը պատմական մեծ թշնամական ո՛չ դիմակայութիւններ, ո՛չ ալ ակնբախ հարցեր ունեցած են Իսրայէլի ու հրեայ ժողովուրդին հանդէպ, ընդհակառակն, նախաիսլամական Իրանը նոյնիսկ դաշնակիցն էր Իսրայէլին: Տակաւին անհասկնալի կը թուի Իսրայէլի դէմ այս մեծ շրջադարձը, որու կապակցութեամբ բազմաթիւ քաղաքական վերլուծութիւններ առաւելաբար կը յարին Իրանի գաղափարական շիիական արեւելումին հիմքը տեսնել՝ իրաւացիական ու արդարական գործօններ ստեղծելու ջանքերուն մէջ: Բազմաթիւ վերլուծաբաններու կողմէ Իրանի գաղափարական հենքի ուղղումը դէպի թունդ հակաարեւմուտք ու Իսրայէլի ոչնչացման նպատակի որդեգրում, ձեւով մը իսլամական ու մա՛նաւանդ արաբական աշխարհին վրայ առաւելութիւններ ու արդարացումներ շահելու խորապատկերով կը դիտուի: Իրանի «Պապէն աւելի պապական, Հռոմէն աւելի հռոմէական» քաղաքատոմսը՝ արաբական աշխարհը մա՛նաւանդ հակաիրանական ալիքներն ու երկիրները կը համարեն շինծու։ Այդ մէկը կը տեսնեն՝ միայն արաբական երկիրներու վրայ իշխանութիւն տարածելու միջոց: Այս տեսութիւններու ջատագովները օրինակ կը բերեն՝ Իրան-Սէուտական Արաբիա հակադրութիւնները եւ Իրաք-Իրան պատերազմի աւերիչ հետեւանքները տարածաշրջանին համար, նաեւ յատկապէս այս կտրուածքով համադրօրէն Իրանի շահը Իրաքի ամերիկեան գրաւումով եւ այդ երկրի բաժանումով: Այստեղ հակաիրանական ուժերը կը համարեն, որ Իրանի արաբական աշխարհ մուտքը իրականացաւ քաղաքական շիիութեան օգտագործմամբ, իսկ Իրաքի մէջ ԱՄՆ-ի բացթողման լրացումը անբարեբեր ու մասնատող եղաւ արաբական սիւննի համարուած աշխարհին համար:

Միւս կողմէ, իրանամէտ արաբական ալիքներն ու երկիրները (օրինակ՝ նախկին վարչակարգով Սուրիան) կը համարեն, որ Իրանը միակ անկեղծ, լիիրաւ ու նուիրեալ մաքառողն էր Իսրայէլի դէմ եւ իր ունեցած թեւերը արաբական աշխարհի մէջ փաստացի ռահվիրաներն էին այդ գործակատարման, իսկ վերջին Իսրայէլ-Իրան եւ Իրան-ԱՄՆ ուղղակի ու դէմ առ դէմ բախումները այդ

նոյն շարժումները-երկիրները կը մղէր, որպէսզի աներկբայ ներկայացնէին քաղաքական շիիութեան արդարացիութիւնը եւ անոր գաղափարական կառուցուածքի իրաւականութիւնն ու անկեղծութիւնը, որոնք կը մարմնաւորուին Իսրայէլի դէմ անխնայ ու անմնացորդ պայքարին ու պատերազմին մղումին մէջ:

Միջին Արեւելքի մէջ «Համաս»ի, «Հիզպուլլահ»ի, հուսիներու եւ մա՛նաւանդ էսատեան Սուրիոյ պարտութենէն ետք Իսրայէլէն, Իրան յայտնուեցաւ շատ բարդ կացութեան դէմ յանդիման: Ան անմիջական մեծ հարուածներ կրեց թէ՛ ԱՄՆ-էն եւ թէ Իսրայէլէն, իսկ ներկայիս ան կը դիմագրաւէ ահռելի մեծ ներքին խժդժութիւններ ու ցոյցեր, որոնք ուղղուած են ո՛չ միայն տնտեսական հարցերու կարգաւորման, այլ Իրանի քաղաքական շիիութեան ու որդեգրուած իսլամական գաղափարախօսութեան դէմ։ Իբր այդ, Իրանի հարցերը կը բարդանան։ Իրանի խնդիրները միայն աթոմական փորձարկումներու կամ արաբական աշխարհէ ներս նիշեր, ենթահողեր շահելու մէջ չեն, այլ որդեգրուած քաղաքական շիիութեան պտղաբերութիւններու ու արդիւնաւէտութեան գնահատման մէջ: Ինչքան ալ շիիութիւնը համարուի զգեստաւորում ու Իրանին առաւելութիւններ ապահովող միջոց, միաժամանակ այդ մէկը իրանական ինքնութեան ու զուտ իրանական գաղափարախօսութեան ակունք չունի: Ինչքան ալ ինքնութիւններու որդեգրումներն ու անոնց շուրջ կերտուած գաղափարախօսական ու իմացական կառուցուածքները արդարացի ըլլան իրենց նպատակներուն մէջ եւ ինչքան ալ տուրք տան քաղաքական տարազաւորումներու ու նկրտումներու, տեղ մը երբ ներբերուած են ու կարեկցուած՝ ինքնատիպ չըլլալու կողքին, պարտադրական կ՚ըլլան ու շինծու: Այս իրողութիւնը իր վառ օրինակը կ՚ապրի Իրանի ժողովուրդով։ Այո, ան իր իսլամական յեղափոխութեամբ ընտրեց քաղաքական շիիութիւնը, բայց յստակ է, որ այդ մէկը իրանցի ժողովուրդին լիարժէք ու անկեղծ արտացոլանքը չէր, արդէն իսկ բարօրութիւն ու վերելք չբերաւ անոնց: Այո, մինչեւ Էսատի Սուրիոյ եւ «Հիզպուլլահ»ի կանգուն ըլլալը տակաւին քաղաքական շիիութիւնը կրնար ինքզինք համարել «յաջող գործառոյթ», բայց ներկայիս Միջին Արեւելքը նոր ուղեգիծի մէջ է:

Իրան շատ դժուար ու երկարատեւ խնդիրներու դիմաց կրնայ կանգնիլ մի քանի մակերեսներով, անոնցմէ կրնանք նշել՝ 1․ Ինքնութիւն-գաղափարախօսութիւն, 2․ Արեւելում-ուղղուածութիւն, 3․ Վարչակարգ-ղեկավարում, եւ 4․ Կենսունակութիւն։

Իրանը նոյնիսկ եթէ աթոմական զէնք ձեռք ձգէ այս վարչակարգով՝ ան գիտէ, որ անկարող է վերացնել Իսրայէլը կամ նոյն աթոմական զէնքով ան չի կրնար իր ժողովուրդին բարօրութիւն ապահովել, իսկ ի տարբերութիւն Հիւսիսային Քորէային, Իրան միջինարեւելեան երկիր մըն է ու չունի սահմանակից մեծ դաշնակից երկիր մը բացի Ռուսաստանէն, որ փաստուեցաւ, թէ այդքան ալ իր դաշնակիցը չէ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 7, 2026