«ԱՒԵՏԱԲԵՐ». ՀԱՅԱՏԱՌ ԹՐՔԵՐԷՆԸ՝ ՆՈՐ ԼՈՅՍԻ ՏԱԿ - ԱՄԵՆԱԽՈՇՈՐ ԹՈՒԱՅԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՏԱՌ ԹՐՔԵՐԷՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ

Փետրուարի 19-ին, երբ հայաստանաբնակ ընթերցողը կրկին անգամ կը նշէր Գիրք նուիրելու օրը՝ իբրեւ յիշեցում, թէ նաեւ գիրքն է մեր գոյութեան շարունակականութիւնը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանի սրահներուն մէջ բացուեցաւ այլ՝ խորհրդանշական դուռ մը։ Այդ օրը տեղի ունեցաւ «ԱՒԵՏԱԲԵՐ» խորագրով բաց հասանելիութեամբ թուային շտեմարանին շնորհանդէսը։ 

Հիմննարար գիտական գրադարանի այս նոր նախագիծը՝ «ԱՒԵՏԱԲԵՐ»ը, կը համախմբէ հայատառ թրքերէն տպագիր եւ ձեռագիր ժառանգութիւնը՝ գիրքեր, պարբերականներ, մանր տպագրութիւններ եւ այլ վաւերական նիւթեր, որոնք Օսմանեան ժամանակաշրջանին ձեւաւորած են եզակի գրական ու մշակութային երեւոյթ մը։ 

Հայերէն այբուբենով գրուած թրքերէնը, առաջին հայեացքով թերեւս լեզուական տարօրինակութիւն մը կը թուի, սակայն, խորքին մէջ, զայն մեր պատմութեան բարդ շերտերէն մէկն է՝ վկայութիւն բազմալեզու իրականութեան, միջմշակութային երկխօսութեան եւ հայ մտաւորականութեան ճկուն ինքնագիտակցութեան։ Ուստի, նոր կազմուած շտեմարանը ո՛չ միայն գիտական կամ թուային ծրագիր մըն է, այլեւ՝ մշակութային վերագտնումի կոչ։

Հայատառ թրքերէնը միայն հաղորդակցութեան միջոց չէր, զայն, ինչպէս յայտնի է, եղած է կամուրջ։ Այդ լեզուական շերտով հայ հրատարակիչը, գրողը, մտաւորականը փորձած են խօսիլ այն հասարակութեան հետ, որուն մէջ կ՚ապրէին, առանց հրաժարելու իրենց այբուբենէն՝ այսինքն՝ իրենց մշակութային ինքնութենէն։ Այս երկակիութիւնը կը բնորոշէ մեր պատմութեան շատ էջեր եւ կը շեշտէ սկզբունք մը՝ մնալ ինքներս մեզ, բայց նաեւ խօսիլ աշխարհին հետ։ Օսմանեան կայսրութենէն եւ Թուրքիայէն զատ այդպիսի գիրքեր, թերթեր եւ ամսագիրներ տպագրուած են նաեւ այլ երկիրներու մէջ, մասնաւորապէս՝ Սուրիա, Լիբանան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր։

«ԱՒԵՏԱԲԵՐ» շտեմարանի շնորհանդէսին ներկայ էին գիտական ու մշակութային ասպարէզի ներկայացուցիչներ՝ մանաւանդ անոնք, որոնք աշխատանքի բերումով կ՚առընչուին մշակութային այս շերտին, ընդհանրապէս՝ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ պատմութեան, հայ գիրքի եւ մամուլի տպագրութեան ուսումնասիրութեան։

Ելոյթ ունեցաւ պատմաբան-աղբիւրագէտ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր, հայատառ թրքերէն հրատարակութիւններու ամբողջական առաջին մատենագիտութեան կազմող Յասմիկ Ստեփանեան, որ տարիներու համբերատար աշխատանքի արդիւնքով ի մի բերած է այս ոլորտի մատենագիտական հարստութիւնը։ Ան կարեւորեց հայատառ թրքերէն ժառանգութեան գիտական, պատմական, մշակութային արժէքը, ներկաներուն ծանօթացուց Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու պատմութեան, մշակոյթի այլ մանրամասներու հետ։ 

Նոր շտեմարանը ներկայացուց նախաձեռնութեան հեղինակ, գրադարանագէտ, մատենագէտ, Հայաստանի մէջ թուայնացման ակունքներուն կեցած գիտնական Տիգրան Զարգարեան, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանի գիտական ղեկավարն է, բացատրելով շտեմարանի կառուցուածքը, որոնման հնարաւորութիւնները, յետագայ զարգացման ուղիները եւ այն կեդրոններն ու անձերը, որոնց շնորհիւ հնարաւոր դարձած է այս եզակի աշխատանքը։ 

Նկատելի է, որ թուայնացումը այստեղ միայն արհեստագիտական քայլ մը չէ. ան նաեւ ժամանակի դէմ մղուող պայքար մըն է։ Հին թուղթը փխրուն է, մելանը կը խամրի, բայց թուային պատճէնը կրնայ նոր կեանք պարգեւել մոռցուած էջերուն՝ հասանելի դարձնելով զանոնք աշխարհի որեւէ անկիւնէն։

Շնորհանդէսը ամփոփեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, որ բարձր գնահատեց նախաձեռնութիւնը եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը հայագիտութեան ու հասարակական գիտութիւններու զարգացման համար։ Այս գնահատանքը պատահական չէր. հայատառ թրքերէնը երկար ժամանակ մնացած էր մասնագիտական նեղ շրջանակներու հետաքրքրութեան առարկայ։ «ԱՒԵՏԱԲԵՐ»ը զայն կը հանէ այդ սահմանափակումէն եւ կը դնէ հանրային գիտակցութեան դաշտին մէջ։ 

Ներկաները այն համոզումը ունէին, որ այս նախաձեռնութիւնը ունի քանի մը երեսակ։ Առաջին՝ ան գիտական ճանապարհ մըն է. մենք կը վերագտնենք աղբիւրներ, որոնք կարեւոր են Օսմանեան շրջանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքներու մտաւոր, կրօնական, առեւտրական ու հասարակական կեանքը հասկնալու համար։ Երկրորդ՝ շտեմարանը մշակութային ինքնաճանաչումի եւս մէկ դուռ է. հայատառ թրքերէնը կը վկայէ, թէ հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը երբեք միագիծ չէ եղած․ ապրած ենք բազմալեզու միջավայրի մէջ, բայց, պահած ենք մեր գրային համակարգը՝ իբրեւ յարատեւութեան նշան։ Եւ երրորդ՝ թուայնացուած հսկայական նիւթը արդիութեան մարտահրաւէրին պատասխան է. թուային դարաշրջանին մէջ ժառանգութիւնը պէտք է ապրի նոր ձեւով, այլապէս կը վերածուի փակ արխիւի։ Նախաձեռնողները նշեցին, որ մէկ ամբողջական շտեմարանին մէջ ամփոփուած հայատառ թրքերէն ժառանգութիւնը հետազօտութիւններու նոր դուռ կը բանայ ուսումնասիրողներու համար։

Լեզուաբաններ կրնան ուսումնասիրել հայերէն այբուբենի հնչիւնային ճկունութիւնը՝ թրքերէն լեզուի արտայայտութեան մէջ։ Պատմաբաններ կրնան վերակազմել համայնքային ցանցերը։ Գրականագէտներ կը բացայայտեն մոռցուած հեղինակներ։ Թուայնացումը կը ստեղծէ համագործակցութեան նոր հարթակներ՝ տեղական եւ միջազգային գիտական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի, սփիւռքի եւ պոլսահայ կառոյցներու միջեւ։ 

Ինչպէս տեղեկացանք, հայատառ թրքերէն տպագրութիւններու մէջ կան վէպեր, վիպակներ, քարոզներ, թատերական երկեր, երգարաններ ու երաժշտական նիւթեր, ճաշագիրքեր, երազահաններ, առեւտրական ուղեցոյցներ, մանկավարժական ձեռնարկներ, գովազդներ, ձեռագիրներ եւ վերջապէս մամուլ՝ թերթեր եւ ամսագիրներ։ Անոնք կը բացայայտեն համայնքային կեանքի ամբողջական պատկերը՝ եկեղեցիէն մինչեւ շուկայ, դպրոցէն մինչեւ մամուլ։ Այս հարստութիւնը, որ երբեմն կը կարծուէր լուսանցքային, այժմ կը վերադառնայ գիտական շրջանառութեան մէջ՝ նոր հարցադրումներու եւ նոր մեկնաբանութիւններու դուռ բանալով։

«ԱՒԵՏԱԲԵՐ» անունը ընտրուած է Պոլիս տպուած առաջին հայատառ թրքերէն թերթի խորագիրով։ Շտեմարանը հասանելի է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ կայքէջին վրայ։ Թուային այս գրադարանէն օգտուողը կրնայ ո՛չ միայն գիրքերու, թերթերու խորագիրներուն ծանօթանալ, այլեւ՝ ընթերցել ամբողջական գիրքը, թերթը։ Իսկ եթէ հայատառ թրքերէն լեզուն անհասկնալի է, ապա արհեստական բանականութեան գործիքները, ինչպէս տեղեկացանք շնորհանդէսի ժամանակ, յաջողութեամբ կը թարգմանեն զանոնք, բայց շտեմարանի նախաձեռնողները պիտի ջանան լուծել նաեւ մեքենայական թարգմանութեան հարցը։ Նորաստեղծ այս շտեմարանին մէջ ներկայ պահուն կայ 1631 գիրք, 62 թերթ, 32 ամսագիր, 2 յօդուած, ձեռագիր նիւթեր. այդ կարգին՝ Յակոբ Այվազի անտիպ հայատառ թրքերէն վէպը եւ այլ հետաքրքրական նիւթեր։ Շտեմարանը օրէ օր համալրուելու ճամբուն վրայ է։ Նախաձեռնողները կը խնդրեն՝ հայատառ թրքերէն գիրքեր, թերթեր եւ ուրիշ այլ նիւթեր ունենալու պարագային դիմել հայրենի մասնագէտներուն, որոնք լծուած են այս շտեմարանի բարելաւման գործին։ 

Շնորհանդէսէն ետք, նախաձեռնութեան հեղինակ «ԱՒԵՏԱԲԵՐ»ը կեանքի կոչած գիտնական Տիգրան Զարգարեանին հետ ունեցաք հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Պարոն Զարգարեան, ի՞նչ հիմնական առանձնայատկութիւն ունի նոր շտեմարանը։

-Շտեմարանի հիմնական շեշտադրումը այն է, որ մատենագիտական նկարագրութիւններուն պէտք է կցուին նաեւ թեքստային նիւթերը, հակառակ պարագային՝ արդէն կար Յասմիկ Ստեփանեանի գիրքը եւ իմաստ չունէր եւս մէկ մատենագիտական աշխատանք կատարել։ Հոս, մատենագիտութեան հետ նաեւ ընթերցման հնարաւորութիւն կայ եւ կարծես, թէ յաջողած ենք այս առումով։ 

-Այսօր նոյնպէս հայերէնը կեցած է մարտահրաւէրներու առջեւ․ լեզուի նահանջը, օտարագիր գրագրութիւնները արդիական հարցեր են․ այս առումով այս շտեմարանը ի՞նչ պատգամ ունի, մա՛նաւանդ օտար երկիրներու մէջ ապրողներուն համար։ 

-Պատգամը մէկն է՝ պարզապէս օգտուիլ այս շտեմարանէն, յիշելով, որ հայատառ թրքերէն տպագրութեան հիմնական գաղափարը հայը հայ պահելը եղած է։ Եթէ այն ժամանակ մարդը նոյնիսկ թրքախօս եղած է եւ հայերէն վատ հասկցած է, այնուամենայնիւ, հայերէն այբուբենին կատարեալ տիրապետած է, այդպիսի մարդոց համար այսպիսի գիրքեր լոյս տեսած են։ Հայատառ թրքերէնով հիմնականը լոյս տեսած է կրօնական գրականութիւն, Աւետարաններ, նաեւ՝ գեղարուեստական գրականութիւն, խոհանոցային եւ այլ գործնական գիրքեր։ Դարձեալ պէտք է դառնալ եւ տեսնել, թէ ի՛նչ կը կարդային այդ մարդիկ։ Իսկ այսօր գուցէ նոյնինքն՝ մեր թրքախօս հայութիւնը փորձէ վերադառնալ, կարդայ այս գիրքերը, եթէ իրենց հետաքրքրական է։ 

-Ուրիշ ազգեր ունի՞ն նման ժառանգութիւն։ 

-Յոյները ունին Քարամանլիքան՝ քարամանլի թրքերէնը, հրեաները նոյնպէս ունեցած են նման գրականութիւն Օսմանեան կայսրութեան մէջ, նաեւ արաբները ունին գրականութիւն՝ սպաներէն լեզուով արաբական այբուբենով, երբ ապրած են Սպանիոյ տիրապետութեան տակ։ Կայսրութիւններու տակ ապրած ազգերը նման լուծումներ ջանացած են գտնել։

-Հայատառ թրքերէն ժառանգութիւնը ի՞նչ չափով կը հետաքրքրէ օտար գիտնականները։

-Շատ մը օտար գիտնականներ բազմաթիւ յօդուածներ կը տպագրեն այս նիւթով։ Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնը ուսումնասիրողները այս ժառանգութիւնը կը համարեն այդ մշակոյթի մէկ մասը եւ ատիկա ճիշդ է ձեւով մը, քանի որ կայսրութեա՛ն մէջ եղած է, եւ կայսրութի՛ւնը նպաստած է ատոր։ Բարձր Դուռը նոյնիսկ գումար յատկացուցած է, որ հայատառ թրքերէն թերթեր հրատարակուին, որպէսզի այդ լեզուով կարդացող ժողովուրդը տեղեակ ըլլայ, թէ իշխանութիւնը ի՛նչ կ՚ընէ։ Թուրքիոյ մէջ ապրող գիտնականները, համարելով ասիկա իրենց մշակոյթի մէկ մասը, գիրքեր կը գրեն, կ՚ուսումնասիրեն։ Մեր ձեռքին տակ իրենց տպագրած գիրքերէն կան։ Օսաքայի համալսարանէն ճաբոնցի գիտնական մը նոյնպէս այս նիւթով կը զբաղի։ Ան հայերէն չի գիտեր, բայց թրքերէն գիտէ՝ թրքական հետազօտութիւններու մասնագէտ է եւ նոյնպէս գիրք հրատարակած է՝ 19-րդ դարուն Իսթանպուլի հայերու մէջ կրօնական բազմազանութեան մասին։ Հայերս թերեւս այդչափ չենք ուսումնասիրեր, երեւի լեզուական խնդիրն է, որ մեզ կը խանգարէ։ Եւրոպա, ԱՄՆ, ուր որ թրքագիտական կեդրոններ, ամպիոններ կան, ատոնց մէջ հայատառ թրքերէնը պարտադիր ուսումնասիրութեան նիւթ է։ 

-Կրնա՞նք ըսել, որ «ԱՒԵՏԱԲԵՐ»ը հայատառ թրքերէնը ի մի բերելու առաջին խոշոր աշխատանքն է։ 

-Որպէս թուային աշխատանք՝ այո՛։ Բայց ասկէ առաջ, ինչպէս ըսինք՝ կայ Յասմիկ Ստեփանեանի մատենագիտական աշխատանքը, որմէ հիմնականը օգտուած ենք։ Յասմիկ Ստեփանեան երկու մատենագիտական հրատարակութիւն պատրաստած է եւ վերջերս ալ պատրաստած է հայատառ թրքերէն ձեռագիրներու համար մատենագիտական աշխատանք մը։ Մենք ամբողջը հաւաքած ենք, առաւել՝ ահռելի քանակի նոր անուններ գտած ենք զանազան երկիրներու մէջ հայկական հաւաքածոներ ուսումնասիրելով։ Ուսումնասիրութիւնները շարունակելով՝ բաւական լուրջ նիւթ կ՚ունենանք՝ նոր մատենագիտութիւն տպագրելու համար։ Մատենագիտութիւնը երբեք կատարեալ չ՚ըլլար, միշտ ուսումնասիրելիք, լրացնելիք տեղ կայ, միշտ նոր բացայայտումներ կան։ 

Այդ առումով ամենահեռանկարայինը Թուրքիոյ Ազգային գրադարան մտնելն է, այդ ուղղութեամբ պիտի ջանանք։ Ընդհանրապէս, Թուրքիան հայ գիրքի ուսումնասիրման առումով գանձարան մըն է, հայ գիրքը երբեք չէր ուսումնասիրուած այնտեղի գրադարաններուն մէջ, փակ պահոց մըն էր մեզի համար, մինչեւ մեր մասնագէտները ձեռնամուխ եղան այդ գործին, գիրք ալ տպեցինք։ Թուրքիոյ մէջ հայ գիրքը ուսումնասիրելու առումով մենք առաջինը Իսթանպուլի Քաղաքային գրադարանին հետ գործակցեցանք։ Շատ լաւ հաւաքածոյ ունի, այդ կարգին՝ հայերէն գիրքերու, հոն բացայայտեցինք նորայայտ անուններ, որոնց մէջ նաեւ՝ հայատառ թրքերէն։ Յաջորդ ուսումնասիրութիւնը Պոլսոյ Պատրիարքարանի «Օրմանեան» մատենադարանին մէջ էր, ուր նոյնպէս նորայայտ անուններ եւ հայատառ թրքերէն նոր գիրքեր բացայայտեցինք։ Այսպէս ծնաւ հայատառ թրքերէն տպագիր ժառանգութեան համար զատ շտեմարան կազմելու գաղափարը։ Բազմաթիւ մատակարարներ ունինք թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանէն դուրս, որոնք հայատառ թրքերէն գիրքեր եւ զանազան նիւթեր կու տան։ 

Ասիկա ահռելի եւ շարունակական, ամենօրեայ աշխատանք մըն է…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026