ԵԼԵՒԷՋՆԵՐ ԵՒ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երեւէջներով եւ հակասութիւններով կ՚ուղղորդուի Մերձաւոր Արեւելքը՝ մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւններու այժմու ընթացքով։ Կը հաղորդուի, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը այս հինգշաբթի նախատեսուած է Ժընեւի մէջ։ Մէկ կողմէ ԱՄՆ զօրք կը կուտակէ տարածաշրջանէն ներս, իսկ միւս կողմէ Իրան միշտ կը խօսի լուծման հնարաւորութիւններու մասին։ Յամենայնդպէս, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի վերջին յայտարարութիւններն ալ չեն բացառեր իր երկրի դէմ ամերիկեան յարձակման մը հաւանականութիւնը։ Իրանի ղեկավարութիւնը կ՚առնէ նաեւ նախազգուշական միջոցներ։ Իւրաքանչիւր բարձր մակարդակով պաշտօնատարի պարագային կը ճշդուին մէկէ աւելի պահեստիներ՝ հաշուի առնելով թիրախային մահափորձերու հաւանականութիւնը։
Միւս կողմէ, Թեհրանի մէջ ակադեմական տարուայ մեկնարկին զուգահեռ՝ վերսկսած են նաեւ բողոքի լայնածաւալ ցոյցերը։