ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը արդէն թեւակոխած է չորրորդ տարին։ Սա Բ. աշխարհամարտէն ի վեր Եւրոպայէ ներս ամենածանր ռազմական ու մարդասիրական հետեւանքներով հակամարտութիւնն է, որու պատճառով վերջին չորս տարիներու ընթացքին միլիոնաւոր մարդիկ տեղահանուած են, հարիւր հազարաւոր զինուոր զոհուած է։ Թէեւ սկզբնական փուլին շատեր կը նախատեսէին, որ այս պատերազմը հազիւ մէկ-երկու շաբաթ կրնայ տեւել, սակայն, այժմ անկարելի է կանխատեսել անոր աւարտը։

Պատերազմի ծագման տարելիցին բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ժընեւի մէջ կազմակերպուած եռակողմանի բանակցութիւններուն վրայ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի մասնակցութեամբ։ Շատ երկար ժամանակէ ի վեր այս հարթութեան վրայ շփումներ յառաջ կը տարուին, ամէն անգամ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը յայտարարեն, որ խաղաղութեան ճանապարհին զարգացումներ արձանագրուած են, սակայն, արդիւնքին շօշափելի քայլերը միշտ կ՚ուշանան։

Պատերազմի չորրորդ տարելիցին առթիւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն կ՚այցելէ Քիեւ։ Սա իր տասներորդ Քիեւ այցելութիւնն է՝ 2022 թուականին ծագած պատերազմէն ի վեր։ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն նշեց, որ իր այցելութեան նպատակն է վերահաստատել, թէ Եւրոպա անսասան կերպով կանգնած է Ուքրայնայի կողքին՝ աջակցելով նիւթապէս, ռազմականօրէն։ Ի լրումն այս բոլորին, ըստ Եւրոյանձնաժողովի նախագահին՝ Եւրոպա կ՚ընդգծէ իր յանձնառութիւնը Ուքրայնայի արդար պայքարին համար։

Քիեւ այցելութեան առթիւ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառման մէջ Ֆոն տէր Լէյէն շեշտած է, որ Եւրոմիութիւնը պիտի չնահանջէ՝ մինչեւ որ խաղաղութիւն հաստատուի։

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026