ԴԺՈՒԱՐԻՆ ՈՒՂԻ

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանի ժողովները արդէն ընթացքի մէջ են Ժընեւի մէջ։ Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնէն ներս, ուր անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ հաշտութեան գործընթացին։

«Մենք ընտրած ենք հաշտեցման դժուարին ուղին։ Սա, անշուշտ, բարդ գործընթաց մըն է, հաշուի առնելով, որ տասնինն հայ պահուող անձեր տակաւին կը գտնուին Պաքուի մէջ, առկայ է անյայտ կորսուած անձերու ճակատագրերու պարզաբանման եւ բռնի անհետացումներու դէպքերու բացայայտման անհրաժեշտութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, կը տարածուին խեղաթիւրուած պատմական պատումներ», ըսաւ նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Այնուամենայնիւ, նախարարը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն դիտել տուաւ, որ Հայաստան կը մնայ հաստատակամօրէն յանձնառու շարունակելու համար այս ուղին՝ ապագայի միտուած հանգրուանին հասցնելուն նպատակով՝ մանաւանդ այն գիտակցութեամբ, թէ խաղաղութեան ապագայ հաստատութենականացումը կը ձեւաւորէ աւելի նպաստաւոր միջավայր մը՝ հակամարտութեան հետեւանքներու հասցէագրման տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026