Չորեքշաբթի 25, Փետրուար 2026
ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցաւ Ասողիկ դպրաց դասուն կողմէ։ Արարողութիւնը աւարտին հասաւ խաչահանգիստով։
Ապա եկեղեցւոյ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերն ու ուխտաւորները համախմբուեցան պահքի սեղանի շուրջ։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 25, 2026