ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՈՂՋԱԳՈՒՐՈՒՄ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական եւ բաւական յուզումնախառն իրադարձութիւն մը։ Խորքին մէջ, սա շատ բնական պահ մըն էր, սակայն, վերջին շրջանի ցաւալի իրադարձութիւններու լոյսին տակ այդ պահը ստացաւ արտասովոր նշանակութիւն։ Այսպէս, մայրավանքի տարածքէն ներս Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եղբայրաբար ողջագուրուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի հետ։ Այս վերջինը ամիսներով մնացած էր բանտի մէջ՝ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Կալանավայրի մէջ գտնուած շրջանին Նորին Սրբազնութիւնը պարտաւորուած էր նաեւ վիրահատութեան մը ենթարկուիլ՝ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս, որ կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Վերջին օրերուն Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի խափանման միջոցը փոխուած էր կալանքի։

Այս բոլորէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետն ու Միքայէլ սրբազան երէկ ջերմօրէն ողջագուրուեցան մայրավանքի տարածքէն ներս՝ տեսախցիկներուն առջեւ հանդէս գալով ժպտադէմ։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 25, 2026