ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍԱՐՔՈՒԻ
Իսլամական աշխարհի ծոմապահութեան՝ Ռամազանի այժմու շրջանին, այս տարի եւս թրքահայ համայնքը կը պատրաստուի իֆթարի սեղան մը կազմակերպել՝ պետական եւ դիւանակալական շրջանակներէ ներկայացուցիչներու համար։ Կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ մարտի 7-ին, շաբաթ, ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուի տանտիրութեամբ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան՝ արդէն աւանդական դարձած իֆթարի սեղանը, որու պատուոյ հիւրը պիտի ըլլայ Արդիւնաբերութեան եւ թեքնոբանութեան նախարար Մեհմէտ Ֆաթիհ Քաճըր։ Ընթրիքին պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Կը տեղեկանանք, որ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդներու համատեղ ջանքերով կը կազմակերպուի այս ճաշասեղանը։ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ նախատեսուած է հաւաքոյթը, որուն պիտի մասնակցին համայնքային շրջանակներէն ներկայացուցիչներ՝ մանաւանդ աշխարհական վարիչներ։ Օրուայ հիւրերու շարքին պիտի գտնուին ինչպէս պետական, այնպէս ալ դիւանակալական շրջանակներէ անձնաւորութիւններ։
Փոքրամասնութիւններու կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանները վերջին տարիներուն ստեղծած են արդէն ամուր նախընթաց մը, ինչ որ մէկ կողմէ երկրի համակեցութեան մթնոլորտին տեսակէտէ դրական օրինակ մը կը հանդիսանայ, իսկ միւս կողմէ փոքրամասնութիւններու եւ պետական շրջանակներու շփումներուն տեսակէտէ կարեւոր հարթակի մը վերածուած է։