«ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԸ Կ՚ԱՂՔԱՏԱՆԱՅ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ՆՈՒԱԶ ՀԱՅ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆՔ»
Երէկ երեկոյեան, Օրթագիւղի ընտանիքին տեսակէտէ իսկապէս հպարտութեան առիթ մը դարձաւ՝ թաղի Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրութեան 240-ամեակին ձօնուած թատերական ներկայացումը։ Յոբելենական փուլին ներկայացուեցաւ «Պարոնեանը կը վերբեռնուի» խորագրեալ խաղը, որ ողջունելի էր թէ՛ հայերէն ըլլալու բերումով եւ թէ գեղարուեստական մօտեցումներով։
Բեմադրիչ Եղիա Աքկիւնի մականին ներքեւ հանդիսատեսները հետեւեցան «Յանկարծ» եւ «Կանչ» թատերախումբերու համատեղ կազմին։ Երիտասարդ դերասանները լուրջ յաջողութիւն արձանագրեցին բեմին վրայ։ Անոնց կատարողական կարողութիւնները ուշադրութիւն գրաւեցին, որովհետեւ ներկայացումը զուտ դասական թատրոն մը չէր, իր մէջ կը պարփակէր անցումներ, որոնց իւրաքանչիւրին բեմին ու սրահին միջեւ հաղորդակցութիւնն ալ կ՚ամրապնդուէր՝ պատգամներու բիւրեղացումով։
Խաղը, ըստ էութեան, դարերու հոլովոյթին, տարբեր ժամանակներու մէջ կը մատուցէր Յակոբ Պարոնեանը։ Մեծ երգիծաբանի ժամանակներու մէջ ուղեւորութիւնը պատկերուած կամ երեւակայուած էր՝ արդի համակարգիչի մը մէջ վերբեռնման ձեւաչափով։ Սա իսկապէս խոր տպաւորութիւն գործեց հանդիսատեսին վրայ՝ քանի ժամանակներու միջեւ անցումի դրսեւորումները՝ առաջին հայեացքով ենթադրուածէն ա՛լ աւելի սուր էին։ Այսպէսով, Յակոբ Պարոնեանի անգնահատելի ժառանգութիւնը մեր օրերուն նորովի մատուցուած եղաւ սոյն թատերական նախաձեռնութեամբ։ Ներկայացման ամենավառ փուլերէն մին էր՝ երկու անմահ երգիծաբաններու՝ Յակոբ Պարոնեանի եւ Երուանդ Օտեանի երեւակայական հանդիպման պահը։ Սա իսկապէս թատերգութեան հզօր երեսակներէն մին էր եւ դերակատարներն ալ այդ փուլին արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը։
Երկարաշունչ ներկայացման աւարտին ծափահարութիւններու տարափը եկաւ ապացուցանել հանդիսատեսի ընդհանուր տրամադրութիւնը։ Դերասաններէն եւ կազմակերպիչներէն սկսեալ, մինչեւ թեքնիք պատասխանատուներն ու Օրթագիւղի ընտանիքի վարիչները՝ բեմին վրայ տողանցեցին՝ ստանալով յուշանուէրներ կամ ծաղկեփունջեր։ Ծափահարութիւններու առթած խանդավար մթնոլորտին մէջ, սրտի խօսքի ձեւաչափով, բեմադրիչ Եղիա Աքկիւն հանդիսատեսին հետ բաժնեց իր խոհերը՝ թէ՛ անմիջականութեամբ եւ թէ դիպուկ բանաձեւելով իր պատգամը։
Հուսկ բանքը արտասանեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ երեկոյթի պատուոյ հիւրերէն էր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առիթը օգտագործեց հերթական անգամ ահազանգ հնչեցնելու համար ինքնութեան հարցերու շուրջ։ «Մեր համայնքը այսօր կ՚աղքատանայ, որովհետեւ հետզհետէ աւելի նուազ հայ կը դառնանք», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը՝ բացատրելով, որ նիւթական կորուստները կրնան հաւասարակշռուիլ, սակայն, ինքնութեան եւ արժէքներու կորուստը կ՚ըլլայ անվերադարձ։ Ընդգծելով մայրենիի նշանակութիւնը՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շեշտեց նաեւ հետեւեալը. «Առանց հայերէն գիտնալու չենք կրնար մուտք գործել հայ մշակոյթի շքեղ պալատի դռնէն ներս»։
Երեկոյթը պատուեցին նաեւ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, ներկայացուցչական խորհրդական Անահիտ Չալիքեան եւ հոգեւոր հայրեր։ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա եւ գործակից ընկերներն ալ ներկայ էին հանդիսութեան։
Արձակման փուլին բոլորը շնորհաւորեցին Օրթագիւղի ընտանիքը, որու անունով Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։
