ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԷՆ ՆԵՐՍ
Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելեց Թեհրան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Սուրէն Պապիկեան օրուան տեւողութեան բանակցութիւններ վարեց Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասիրզատէի հետ։ Բաց աստի, ան ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ։ Նախարարը հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Իրանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ապտիւլրահիմ Մուսաւիի հետ։
Սուրէն Պապիկեան եւ Ազիզ Նասիրզատէ բարձր գնահատեցին պաշտպանութեան ոլորտի համագործակցութեան մակարդակը երկու երկիրներու միջեւ։ Կողմերը հաստատակամութիւն յայտնեցին շարունակելու համար աշխատանքը՝ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ Պաշտպանութեան նախարարները կարծիքներ ալ փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։
Սուրէն Պապիկեանի եւ Մեսուտ Փեզեշքիանի հանդիպման ընթացքին ալ շեշտուեցաւ, որ Երեւան եւ Թեհրան կը ձգտին համագործակցութիւնը ամրապնդել պաշտպանութեան ոլորտէն ներս։ Ընդգծուեցաւ, որ Հայաստան-Իրան բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները շարունակական ձեւով կը զարգանան։ Կողմերը կանգ առին տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան վրայ։
Սուրէն Պապիկեան ընդգծեց Իրանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի՝ դիւանագիտական ճանապարհով լուծման անհրաժեշտութիւնը։ Պապիկեան Փեզեշքիանի հետ ալ կարծիքներ փոխանակեց միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ։