ԱՄԵՆԱՍՏԵՂԾԻՉԸ
Որքա՜ն մայրածիններ եկեր անցեր են մեր սա ապրած երկրի վրայէն։ Աշխարհ շատ է տեսեր այս կեանքին առեղծուածը լուծելու աշխատող փիլիսոփաներու կեանքէն՝ անիրական երջանկութիւնը լիապէս վայելելու բուռն փափաքէն մղուած եւ քշուած յուսախաբներ։ Նոյնպէս իրենց նմաններուն կամքին՝ կեանքին՝ խղճին եւ իրաւունքին վրայ բռնանալ եւ տիրապետել ուզողներ՝ որոնք այժմ դիակնացած կը պառկին մեր ոտքերուն տակ։
Այս բոլորին մէջ սակայն զարմանալի Անձ մը երեւցաւ եւ ըսաւ մարդոց. «Պէտք է որ դուք նորէն ծնիք ո՛չ թէ մարմինէն, այլ՝ հոգիէ՛ն. ստացէք կեանք մը վերածնութեան որ չունենայ մահու ապականութիւն»։ Քրիստոս ուզեց, որ հին մարդուն մէջ դադրի այլեւս մարմինի կեանքը, եւ անոր տեղ ինք՝ սիրոյ նոր մարդը ապրի։ Ան ուզեց, որ այլեւս ուղղուած, ճշդուած ըլլան հին մարդուն միտքին թիւր մտածումները՝ պայծառ եւ նոր կեանքի մը հորիզոնին, կանոնաւորուած եւ սանձուած ըլլան անոր կամքին կորութիւնը եւ կիրքերուն մոլեգին ընթացքը։ Այս պարագային՝ անձնաքննութիւնը ամենէն էական պայմա՛նն է քրիստոնեային համար իր կեանքին ամէն երեւոյթներուն մէջ. քննե՛նք ուրեմն՝ եթէ ճշմարիտ եւ անկեղծ սրտով քրիստոնեայ ենք, եւ ո՛չ՝ անուանեալ քրիստոնեայ միայն, քննենք նախ մեր անձը, մեր գործերը, մեր սիրտը, թէ մենք «նոր մա՞րդ»ն է, որ կ՚ապրինք. գութի, սիրոյ՝ ներողամտութեան մարդը, թէ ոչ՝ հին մարդը՝ թերահաւատ եւ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուածը։
Չի՛ բաւեր միայն լսել Քրիստոսի խօսքը. պէտք է զայն կատարել, գործադրել գիտնալ, հերիք չէ՛ ճանչնալ Քրիստոսի կեանքը, պէտք է ապրի՛լ զայն։ Չէ՞ք լսեր այն Ձայնը՝ որ շարունակ կը լսուի մեր ընդհանրապէս աղմկոտ ընթացքին մէջ, թէ քունի մէջ՝ թէ արթուն, որ կ՚ըսէ. «Պէ՛տք է որ դուն նորէն ծնիս»։
Եւ եթէ այս Ձայնը չի հասնիր մեր մարմնական-հողեղէն ականջներէն դէպի մեր իւրաքանչիւրին սիրտը, կա՛յ սակայն մեզի աւելի մօտիկ, աւելի հոգեսարսուռ ձայն մըն ալ՝ որ կու գայ լռին այլ աւելի՛ զօրաւոր մեր խղճին խորերէն եւ կ՚ըսէ մեզի. «Ետ մի՛ մղեր այն Ձայնը՝ որ ձեր մէջը կատարելութեան, ճշմարտութեան եւ սիրոյ տիպարը ստեղծել կ՚ուզէ». քարեղէն սրտի տեղ՝ փափուկ եւ զգայուն մարմնեղէն սի՛րտ մը դնել կ՚ուզէ. մի՛ մի՛ խցէք ձեր ականջները այն երկնային անուշ Ձայնին հանդէպ՝ որ ձեր ընդարմացած, ապականած մարմնեղէն կեանքին մէջ «զգացումի մարդ»ը արթնցնել կ՚ուզէ։ Եւ երբ ձեր կեանքին անապատին մէջ կը տեսնէք ձեր շուրջը մարդկային ցամքած եւ չորցած ոսկորներ՝ մարգարէին պէս մի՛ հարցնէք, թէ՝ «Ո՛վ Տէր, ի՞նչ են ասոնք». սա ցիր ու ցան ինկած ոսկորներ, անունով միայն «քրիստոնեայ», այլ գործով եւ կենցաղով եւ գաղափարներով «հին՝ մեռած եւ ապակած մարդ»ը ապրիլ փորձողներն են՝ անոնցմէ շատոնց հեռացեր է Աստուծոյ Հոգին, անոնց մէջ արդէն ցամքած է սիրոյ, հաւատքի, յոյսի, առաքինութեան եւ սուրբ զգացումներուն կենդանութեան աղբիւրը։
Սիրելի՜ներ, կեանքով՝ սիրտով եւ միտքով քրիստոնեաներ, մի՛ մի՛ ապրիք այդ ապականած եւ հոգեպէս ցամքած կեանքը, եթէ կարելի է զայն կոչել «կեանք», եւ եթէ չէ այն՝ սրբութեան, արդարութեան, ողորմածութեան, անմեղութեան, ճշմարտութեան եւ սիրո՛յ կեանքը, որ կեա՛նքն է Քրիստոսի, կեանքը՝ «նոր մարդ»ուն։
Եւ սիրելի՜ բարեկամներ, ահաւասիկ ներկայ Մեծ պահքի շրջանը յարմարագոյն առիթն է ինքնաքննութիւն կատարելու, սրբագրուելու եւ վերանորոգուելու։ Առիթ մըն է այս շրջանը՝ մօտէն ճանչնալու Քրիստոսը, ո՛չ թէ միայն ճանչնալու, այլ քայլ առ քայլ ապրելու Անոր հետ, լսելու Անոր ձայնը, գործադրելու մեր լսածները…
Բոլոր ասոնք կը նշանակէ մտերիմ ըլլալ Անոր հետ, որ մարմնացած եւ մարդացած Աստուածն է. ամենակալ, ամենակարող, ամենատես եւ ամենաստեղծիչ։ Ան՝ որ երկիր իջաւ, մարդացաւ, հաւասարեցաւ «մարդ»ուն՝ որպէսզի մարդը բարձրանայ երկինք եւ սրբանայ։
Աստուած, արդարեւ մարդացաւ՝ որպէսզի մարդը աստուածանա՛յ։
Ուրեմն, օգտուինք ներկայ Մեծ պահքի շրջանի բարեբեր առիթներէն. հասնինք Քրիստոսի, որ արդէն հեռու չէ մեզմէ, բազկատարած եւ անհուն սիրով կը սպասէ մեզ բոլորիս, մեզ «նոր մարդ» ընելու եւ փրկելու ապականած մարդու վիճակէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 25, 2026, Իսթանպուլ