ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՉՔՈՎ
Մտաւորականներ լաւապէս կը զգային եւ կը գուշակէին, որ գիտութիւնը ինչքա՛ն զարգանայ, մարդուն մօտ հաւատքը այնքան պիտի նուազի։ 1920-ական թուականներուն հաւատքը մարդու կեանքին մէջ մեծ տեղ ունէր, սակայն, շատեր կը հասկնային, որ գիտութեան եւ կրօնին միջեւ երբե՛ք զինադադար պիտի չըլլայ: Գիտութիւնը բարիք է մարդկութեան, սակայն, շատ մը մտաւորականներ կը կանխատեսէին, որ մարդը բարի դարձնելու փոխարէն պիտի չարացնէ եւ մարդկութեան մէջ բարոյական փոփոխութիւններ բերէ: Զարմանալիօրէն 1920 թուականին կը խօսուէր, որ գիտութիւնը մարդոց մէջէն պիտի վերացնէ նաեւ հայրենասիրութիւնը (գուցէ «համաշխարհայնացման սկի՞զբ) եւ մենք այսօր լաւապէս կը զգանք, որ անցեալի երիտասարդութիւնը շատ աւելի հայրենասէր էր՝ քան այսօրուանը:
Այսօր շատ մը գիտնականներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցականներ կը փորձեն համոզել, որ կրօնն ու գիտութիւնը իրարմէ տարբեր ու անջատ բաներ չեն, սակայն, անդին շատ շատեր կը հաւատան, որ գիտութեան եւ կրօնին միջեւ երբեք հաշտութիւն չի կրնար ըլլալ: Կրօնը ունի իր հաստատած «ճիշդ»ն ու «սխալ»ները, միւս կողմէ գիտութիւնը ունի իր «ճիշդ»ն ու «սխալ»ները եւ նոյնիսկ եթէ շատ անգամ զիրար ամբողջացնեն՝ ունին հակառակ «ճիշդ»եր ու «սխալ»ներ: Իւրաքանչիւր ժամանակ կը ստեղծէ իր բարոյական սկզբունքները, իր «ճիշդ»ն ու «սխալ»ը. մինչ կրօնը ունի հաստատուած բարոյական սկզբունքներ՝ որոնք ունին հազարաւոր տարիներու հնութիւն, այնպէս, ինչպէս 1100 թուականի օրէնքներն ու 2026 թուականի օրէնքները ամբողջութեամբ ուրիշ են (որովհետեւ մարդոց սպասումները ամբողջութեամբ փոխուած են), նոյնպէս 2000 տարի առաջուան բարոյական ակնկալիքներն ու սկզբունքները մեր օրերուն այնքան ալ համապատասխան կրնան չըլլալ: Ժամանակն ու գիտութիւնը մարդուն մօտ մի՛շտ նոր սպասումներ, նոր չափանիշներ եւ նոր բարոյական խնդիրներ պիտի ստեղծեն։ Հետեւաբար, մարդ կա՛մ կրօնական սկզբունքներուն կառչած պիտի մնայ՝ որ կրնայ ըլլալ ժամանակին համապատասխան չըլլայ եւ կա՛մ արդի ընկերութեան չափանիշներով իր կեանքը պիտի առաջնորդէ՝ որ կրնայ շատ անգամ կրօնական սկզբունքներուն համապատասխան չըլլալ։ Երկուքը համատեղել փորձել շատ անգամ կը նշանակէ լեղի եւ քաղցր ջուր միաժամանակ խմել՝ որմէ «համ» առնել հնարաւոր չէ:
Գիտութեան եւ կրօնի պայքարը հիմնականին մէջ հետեւեալն է. գիտութիւնը կը պնդէ, որ բարոյականութիւնը՝ իր սկզբունքներով ու չափանիշներով փոփոխական է, մինչ կրօնը բարոյականութիւնը կը տեսնէ անփոփոխ՝ որպէս նախապէս հաստատուած ու կրօնի դէմ եղողներուն համար նոյնիսկ պարտադրուած սկզբունքներ: Բացատրենք. կրօնին մէջ բարոյական սկզբունքները կու գան Աստուծմէ եւ Աստուած անփոփոխ է. անփոփոխ է նաեւ անոր ուսուցումը, հետեւաբար, փոխելու եւ կամ բարելաւման ենթակայ չի կրնար ըլլալ, սակայն, գիտութեան պարագային հաստատուած սկզբունքներ գոյութիւն չունին. այդտեղ գոյութիւն ունի «ճիշդը ճիշդ» եւ «սխալը՝ սխալ» սկզբունքը: Գիտութիւնը կը հաւատայ, որ ամէն բան փոփոխական է եւ զարգացման ենթակայ, սակայն, կրօնը կարելի չէ ազատօրէն փոփոխութեան ենթարկել։ Կրօններ ժողովներու ճամբով կը զարգացնեն եւ փոփոխութեան կ՚ենթարկեն իրենց ծիսակարգը, սակայն, հոգեւոր հաստատուած սկզբունքները փոփոխութեան ենթակայ չեն:
Հետեւաբար գիտութեան եւ կրօնի տարբերութիւնը հետեւեալն է.
Գիտութիւնը ճշմարտութիւնը կը փնտռէ եւ այս մէկը վերջ չունի, մինչ կրօնին համար ճշմարտութիւնը բացայայտ է: Գիտութեան համար բարոյականութիւնը ժամանակին յարմարուելու կարողութիւնը ունի, մինչ կրօնականն ու հոգեւորը ո՛չ:
Այսօրուան երիտասարդութեան մէջ կան շա՜տ շատեր, որոնք կ՚ուզեն կրօնական ուսուցումները գիտական լոյսին տակ հասկնալ ու ըմբռնել. վերացական քարոզները, գիտական օրէնքներուն հակասող բացատրութիւնները զիրենք պարզապէս աւելի կը հեռացնեն հաւատքէն։ Անոնք այդտեղ քարոզուած բարոյական կեանքը, բարութիւնը, իրերօգնութիւնը, կարեկցանքը չէ՛, որ կը տեսնեն, այլեւ կ՚ուզեն որոշ երեւոյթներու պատասխան գտնել՝ որ իրականութեան մէջ իրենց կեանքին մէջ ո՛չ դրական եւ ո՛չ ալ բացասական վիճակ մը կրնայ յառաջացնել։ Օրինակի համար, քարոզիչը կը խօսի դրախտի եւ դժոխքի գոյութեան մասին. երիտասարդը անոնց գոյութեան համար փաստ կը պահանջէ իսկ քարոզիչը որպէս փաստ առաջ կը բերէ Աստուածաշունչը։ Գիտութեան համար Աստուածաշունչի մէջ գրուածը բաւարար չէ համոզիչ ու ճշմարտութիւն դառնալու. օրինակի համար այսօր մենք այս թերթին մէջ կը գրենք, որ Արուսեակ մոլորակին վրայ մարդ արարածներ կ՚ապրին. այս գրութիւնը 100 տարի ետք որպէս փաստ եթէ ներկայացուի, բան մը պիտի չներկայացնէ, որովհետեւ հոս գրուած ըլլալը վերջնական հաստատում մը չի կրնար ըլլալ:
Այս բոլորին լուծումը, բնականաբար, դիւրին չէ։ Եկեղեցին պէտք է լուրջ ձեւով աշխատի եւ իր հոգեւորականները այնպէս մը պատրաստէ, որ վերացականէն աւելի ճշմարիտ գետնի վրայ կարենան հասնիլ երիտասարդութեան։ 1920 թուականին կը գրէին, որ ապագային կրօնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը պիտի նուազի։ Այսօր իրականացած է այդ մէկը. այս ընթացքով մենք ալ կ՚ըսենք, որ ապագային կրօնը ամբողջութեամբ պիտի վերանայ՝ պատմութեան էջերուն մէջ բաժին դառնայ, որովհետեւ այս ընթացքը կանխելու ո՛չ մէկ դրական միջոցի կը ձեռնարկուի։ Փաստ սփիւռքի մէջ գրեթէ ծերերով լեցուած եկեղեցիները. փաստ այն քաղաքները, ուր մի քանի տասնեակ հազար հայեր կ՚ապրին՝ սակայն պատարագը կը կատարուի մատներու վրայ համրուող հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Որպէսզի մարդիկ յարգեն քո զգացումները, դու էլ պէտք է յարգես ուրիշների զգացումները: Որպէսզի քեզ սիրեն, դու էլ պէտք է սիրես ուրիշները: Որպէսզի քո դրօշակը յարգեն ու սիրեն, դու էլ պէտք է սիրես ու յարգես ուրիշի դրօշակը:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան