ԿՈՏՐՈՒԱԾ ՊԱՏՈՒՀԱՆՆԵՐՈՒ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ․ ՄԱՐԴՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՔԱՅՔԱՅՈՒՄԸ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՄԲ
Մարդը առանձին գոյութիւն ունեցող էակ մը չէ․ ան մշտապէս կը ձեւաւորուի զինք շրջապատող միջավայրի ազդեցութեամբ։ Քաղաքային փողոցները, շէնքերու վիճակը, հասարակական վարքի չափանիշները եւ առօրեայ կարգապահութիւնները միասին կը ստեղծեն այն մթնոլորտը, որու մէջ անհատը կ՚ապրի ու որոշումներ կ՚առնէ։ Այս գաղափարը համակարգուած ձեւով ներկայացուեցաւ 1982 թուականին, ամերիկացի ընկերաբաններ Ճէյմս Ուիլսընի եւ Ճորճ Քելինկի կողմէ՝ «Broken Windows Theory» անունով յայտնի տեսութեան մէջ։
ՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ
Կոտրուած պատուհաններու տեսութիւնը կը պնդէ, որ եթէ շէնքի մը պատուհանը կոտրուած է եւ չի նորոգուիր, ապա սա ազդակ մը կը դառնայ ապագայ կարգ մը գործողութիւններու անտեսման ու խախտումներու համար։ Մարդիկ ենթագիտակցօրէն կ՚ընկալեն, որ տուեալ տարածքի մէջ վերահսկողութիւն, կարգապահութիւն չկայ եւ, հետեւաբար, փոքր խախտումները շուտով կը վերածուին աւելի մեծ անկարգութիւններու եւ յանցագործութիւններու։
Այս տեսութեան հիմքին կանգնած է պարզ, բայց մռայլ ճշմարտութիւն մը․ մարդը հակուած է յարմարելու իր միջավայրի բարոյական մակարդակին։ Եթէ միջավայրը անտեսուած եւ անկարգ է, անհատը աւելի դիւրին կը խախտէ կանոնները։ Իսկ եթէ միջավայրը մաքուր, խնամուած եւ վերահսկուող է, մարդիկ աւելի կարգապահ վարքի կը հակին։
ՓՈՔՐ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵԾ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Տեսութիւնը չ՚ըսեր, որ իւրաքանչիւր կոտրուած պատուհան անմիջապէս կը յանգեցնէ ծանր յանցագործութեան մը։ Սակայն սա ցոյց կու տայ շղթայական ազդեցութիւն մը․
• նախ կ՚անտեսուի ամենափոքր իսկ վնասը,
• ապա կ՚աւելնան փոքր խախտումները (օր. հասարակական կանոններու անտեսումը),
• եւ վերջապէս կը ձեւաւորուի անպատժելիութեան զգացումը։
Այս մթնոլորտը կրնայ դառնալ աւելի լուրջ յանցագործութիւններու հող ստեղծող պայման։
1990-ական թուականներուն Նիւ Եորքի քաղաքապետ Ռուտի Կիլիանիի վարչակազմը փորձեց կիրառել այս մօտեցումը՝ խստացնելով վերահսկողութիւնը նոյնիսկ փոքր իրաւախախտումներու դէմ։ Բազում մարդիկ կը պնդեն, որ այդ քաղաքականութիւնը նպաստեց Նիւ Եորքի մէջ յանցագործութեան մակարդակի նուազման, թէեւ գիտական աշխարհի մէջ մինչեւ այսօր կը շարունակուին քննարկումները, թէ այդ նուազումը որքա՛ն պայմանաւորուած էր այս ռազմավարութեամբ։
ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
Կոտրուած պատուհաններու տեսութիւնը կը բացայայտէ մարդու վարքի մութ կողմը․ բարոյականութիւնը ներքին անսասան արժէք մը չէ։ Ան յաճախ կախեալ է արտաքին պայմաններէն։ Եթէ մարդը կը տեսնէ, որ ուրիշները անպատիժ կերպով կը խախտեն կանոնները, ան աւելի դիւրին կ՚արդարացնէ սեփական խախտումները։
Սա կը նշանակէ, որ հասարակական կարգը միայն օրէնքներով չի պահպանուիր։ Ան կը պահպանուի նաեւ տեսանելի խնամքով, պատասխանատուութեամբ եւ նոյնիսկ փոքր կարգապահութիւններով։ Մաքուր փողոցը, ժամանակին նորոգուած շէնքը, հասարակական տարածքներու նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքը կը դառնան ո՛չ միայն գեղագիտական, այլեւ՝ բարոյական ազդակներ։
Այս տեսութիւնը թէեւ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է քաղաքային ռազմավարութիւններու եւ քաղաքականութեան վրայ, սակայն ենթարկուած է քննադատութեան։ Որոշ հետազօտողներ կը նշեն, որ յանցագործութեան մակարդակը կախուած է նաեւ տնտեսական, ընկերային եւ կրթական գործօններէն։ Միայն արտաքին կարգապահութիւնը բաւարար չէ խորքային խնդիրները լուծելու համար։
Բաց աստի, կան մտահոգութիւններ, որ չափազանց խիստ վերահսկողութիւնը կրնայ վնասել ընկերային արդարութեան՝ յատկապէս խոցելի խումբերու նկատմամբ անհամաչափ կիրառման պատճառով։
Կոտրուած պատուհաններու տեսութիւնը մեզի կը յիշեցնէ կարեւոր ճշմարտութիւն մը․ միջավայրը կը ձեւաւորէ մարդը այնքան, որքան մարդը՝ միջավայրը։ Երբ հասարակութիւնը կ՚անտեսէ փոքր անկարգութիւնները, սա աստիճանաբար կը բանայ դուռը աւելի մեծ քայքայման առջեւ։ Սակայն նոյն տրամաբանութեամբ՝ փոքր խնամքն ու պատասխանատուութիւնը կրնան ստեղծել կարգապահ եւ ապահով համայնք։
Այսպիսով, կոտրուած պատուհանը պարզապէս ապակիի մը վնաս չէ։ Ան ընկերային ազդանշան մըն է։ Եւ այդ ազդանշանի պատասխանը կ՚որոշէ՝ հասարակութեան բարոյական անկման կամ վերականգնման ու պատասխանատուութեան ուղիով ընթանալը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ