ԱՄՆ-ԻՐԱՆ ԺԸՆԵՒԻ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՎԵՐՋ ՅԱՋՈՐԴ ՓՈՒԼԸ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ
Երէկ, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի բանակցութիւններուն երրորդ փուլը։ Թեհրանի թէ՛ հիւլէական ծրագրին եւ թէ օրակարգի այլ հրատապ նիւթերուն վերաբերեալ ծաւալուեցաւ միջնորդաւորուած երկար քննարկում մը։ Ժընեւի մօտ Օմանի դեսպանութեան նստավայրին մէջ տեղի ունեցան բանակցութիւնները։ ԱՄՆ-ի կողմէ մասնակցեցան նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ փեսան՝ Ճերըտ Քուշներ։ Իրանի կողմէ մասնակցեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Բանակցութիւններու սկիզբին բանագնացները նախ ծանօթացան այս փուլի վերաբերեալ իրարու դիրքորոշումներուն, ապա շփման մէջ անցան իրենց մայրաքաղաքներուն հետ, իսկ աւելի վերջ դարձեալ արտայայտեցին իրենց դիրքորոշումները։ Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պետիր Էլպուսայիտի միջնորդութեամբ կատարուեցան երէկուան բանակցութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ Իրան ԱՄՆ-ին առաջարկած է՝ ժամանակաւորապէս սառեցնել իր ուրանիումի հարստացման աշխատանքը։ Առայժմ յայտնի չէ, որ սա ինչ վերաբերմունքի արժանացած է՝ մանաւանդ, որ բանակցութիւններու յաջորդ՝ չորրորդ փուլը երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ այս անգամ Վիեննայի մէջ։
Ժընեւի բանակցութիւններուն ընդառաջ, ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս յայտարարած էր, որ Իրան պէտք է հրաժարի ուրանիումի հարստացումէն։
Միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ ԱՄՆ եւ Իրան թէեւ կը շարունակեն բանակցիլ, սակայն, ռազմական լուծման տարբերակներն ալ միշտ կը մնան օրակարգի վրայ։ Սպիտակ տան շրջանակներէն կը հասնին լուրեր, ըստ որոնց՝ ԱՄՆ այժմ կ՚արժեւորէ այն տարբերակը, թէ առաջին հերթին ո՛չ թէ ինք, այլ Իսրայէլ սկսի հարուածել Իրանի դէմ։