ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Իկոր Խովայեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նիւթեր։ Բաց աստի, Քըլըչ եւ Խովայեւ անդրադարձան Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ կարգաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի վերջին զարգացումներուն։

Ուրբաթ, Փետրուար 27, 2026