ԿԱՌՉԻՆՔ ՄԵՐ ՀՈՎԻՒԻՆ

Մեծ պահքի այս ճամբորդութիւնը հրաշալի առիթ մըն է իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար, կտրուելով աշխարհէն եւ իր ականջները գոցելով աշխարհի աղմուկին դիմաց, բանալ զայն երկնայինին դիմաց եւ լսել, թէ՝ «Ես եմ իրաւ [քաջ] հովիւը. քաջ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար» (Յհ 10.11): Այո՛, պահեցողութեան այս շրջանը առիթ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս գտնելու մեր Քաջ Հովիւը եւ հետեւելու Անոր:
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը բացատրէ այս համարը.
* Խօսք. «Ե՛ս եմ իրաւ [քաջ] հովիւը» (Յհ 10.11):
Մեկնութիւն. այսինքն՝ բարի: Եւ այս է երկրորդ խօսքը, որ կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս Աստուած է եւ էութեամբ ու մեծութեամբ Աստուծոյ հաւասար է, որ բոլորին հովուութիւն կ՚ընէ բարի եւ քաջ հովուութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ իրաւ [քաջ] հովիւը»: Մի՛ կասկածիր նուաստ անունին համար, որովհետեւ միայն հովիւ չ՚ըսեր, այլ՝ բարի, որ Աստուծոյ յատուկ է, ըստ այնմ. «Միայն Աստուած բարի է» (Ղկ 18.19): Նաեւ մարգարէները հովիւ կը կոչէին Հայրը, ըստ այնմ. «Ո՜վ հովիւդ Իսրայէլի, նայէ՛ ու փրկէ՛ մեզ» (տե՛ս Սղ 79.2-4): Դարձեալ՝ ինչպէս Քրիստոս Ինքզինք լոյս կը կոչէ խաւարածին համար, եւ կեանք՝ մահացածին համար, ու բժիշկ՝ հիւանդներուն համար, այդպէս ալ հովիւ կոչուեցաւ ցրուածներուն համար…:
Խօսք. «Իրաւ [քաջ] հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար» (Յհ 10.11):
Մեկնութիւն. չորս է իմացումը. նախ՝ քանի որ ազնիւը անարգին համար չի՛ մեռնիր, այլ՝ անարգը ազնիւին համար կը մեռնի, այդ պատճառով հովիւը ոչխարին համար չի մեռնիր, թէեւ կ՚աշխատի ու կը պահէ, այլ՝ ոչխարը մարդուն համար կը մեռնի, իսկ մարդու հոգին աւելի ազնիւ է քան մարմինը, այդ պատճառով հոգիներուն հովիւը վայելչաբար կը դնէ մարմինին կենդանութիւնը իր հօտի հոգիներուն փրկութեան համար: Երկրորդ. հակառակ է չար հովիւներուն, որոնք ոչխարները կը սպաննեն, իսկ Ինք՝ կ՚ապրեցնէ: Երրորդ. որովհետեւ մարդոց փրկութեան համար կը մեռնի, սակայն Ինք մահուան պարտական չէ, քանի որ մեղք չգործեց: Չորրորդ. քանի որ կամաւորաբար եւ գիտութեամբ կը մեռնի, ասիկա նախապէս կ՚ըսէ:
***
Կառչինք մեր Հովիւէն եւ վստահինք Անոր առաջնորդութեան, զերծ մնալու համար գայլերու յաձրակումներէն եւ ապահով ու անխռով Երկնային Փարախ մտնելու համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ