Կիրակի 1, Մարտ 2026
ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏ
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ Պաշտօնական աղբիւրները շատ սահմանափակ տեղկութիւններ հաղորդած են նիստի օրակարգի կամ ծաւալուած քննարկումներու շուրջ։ Այսպէս, ժողովի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի զինեալ ուժերու բարեփոխման վերաբերեալ հարցեր։
Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026