ԻՍՐԱՅԷԼ ՌՄԲԱԿՈԾԵՑ ԻՐԱՆԸ
Այս առաւօտ միջազգային բոլոր աղբիւրները արձագանգ հանդիսացան, որ Իսրայէլ Իրանին հասցուցած է հարուածներ։ «Reuters» գործակալութեան հաղորդումներով՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս գործողութիւնը նախատեսուած էր քանի մը ամիսէ ի վեր, իսկ անոր մեկնարկի ժամկէտը որոշուած էր քանի մը շաբաթ առաջ։
Իրանի դէմ գործողութիւնները համակարգուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ։ Մինչ այդ, այս բոլոր հաղորդումները ԱՄՆ-ի կողմէ ալ հաստատուած են։
Նախընթաց օր, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած էին ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջնորդաւորուած բանակցութիւնները, որոնց աւարտին տեղեկացուած էր, որ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին բանակցութիւններու յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ։
Կը հաղորդուի, որ Թեհրանի մէջ թիրախաւորուած է նաեւ նախագահական պալատը։