Երկուշաբթի 2, Մարտ 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Երէկ, Մեծ պահքի Անառակի կիրակիին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութեան նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Տրդատ Աւ. քհնյ. Ուզունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան սրկ. Հալաճեանի։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Մանուկ Քալայճըի կողմէ գլխաւորուած տեղւոյն թաղային խորհուրդը պահքի սիրոյ սեղանով մը մեծարեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026