ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ
Վատիկանի մէջ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացի Հայրապետը։ Սա, ըստ էութեան, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ «Տիեզերական վարդապետ» հռչակման տարեդարձն էր։ Յիշատակի օրուան առթիւ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան արարողութիւն մը, որուն նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան։ Արարողութեան ընթացքին հնչեցին հայկական հոգեպարար շարականներ, որոնք խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլոր ներկաներուն վրայ։ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար կարտինալ Քլաուտիօ Քուչերոթթին ալ ներկայ էր ժամերգութեան, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Արարողութեան հետեւեցան նաեւ այլ հոգեւորականներ՝ ինչպէս հայ կամ կաթոլիկ, այնպէս ալ ուրիշ դաւանանքներէ։
Ժամերգութեան աւարտին, Վատիկանի ֆիլմադարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Նարեկացի» խորագրեալ վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս գործի հեղինակներն են՝ Ռուզաննա Ղազարեան եւ Լիլիթ Մխիթարեան։