Երկուշաբթի 2, Մարտ 2026
ԱՔՍԵԼ ՊԷՇԻՐԵԱՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՉՈՐՐՈՐԴԸ
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Պուրսայէն հասած լուրերով։ Այսպէս, ակումբի պատանի մարզիկներէն Աքսել Պէշիրեան դափնեկիր դարձաւ՝ Պուրսայի մէջ կազմակերպուած Թուրքիոյ մարմնամարզի առաջնութեան շրջանակներէն ներս։ Աքսել Պէշիրեան, որ կը մարզուէր Հաքան Կիւնարթանի հսկողութեան ներքեւ, մրցաշարքի արդիւնքին հանդիսացաւ չորրորդ։ Սա իսկապէս մեծ յաջողութիւն մըն է եւ կու գայ ապացուցանել, թէ Շիշլի մարզակումբէն ներս պատանի եւ մանուկ մարզիկներու համար որդեգրուած քաղաքականութիւնը կ՚արդարանայ ու կ՚ունենայ շօշափելի արդիւնքներ։
Ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք յայտնեց, որ պատանի մարզիկի արձանագրած յաջողութիւնը մեծ հպարտութիւն պարգեւած է ամբողջ Շիշլիի ընտանիքին։
Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026